ԳՆԱԼԸԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ, ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՊԱՐԵՐՈՒ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ԵՐԵԿՈՅԹ

«Հայ երգ ու պար» անուանումով կազմակերպուած երեկոյթը երէկ խանդավառութեան մեծ ալիք մը ստեղծեց Գնալըի բարձունքին։ Գարակէօզեան տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ շրջապատուած էր բազմաթիւ հոգեւոր հայրերու կողմէ։

Երեկոյթի ընթացքին հանդէս եկաւ համակրելի մեներգիչ Պարթեւ Կարեան, որ միշտ կը յաջողի ոգեւորել հայկական երաժշտութեան ու պարերու համակիրները։ Այս անգամ ալ ան արդարացուց իր վրայ դրուած յոյսերը թէ՛ կատարողական վարպետութիւնով եւ թէ ունկնդիրներուն հետ ապահոված վառ հաղորդակցութիւնով։ Պարթեւ Կարեանին ընկերացաւ «Առագաստ» նուագախումբը։ Յայտագրի տեւողութեան ելոյթ մըն ալ ունեցաւ մեներգիչ Սեւանայ Չաքըրեան, որ Հայաստանէն հիւրաբար կը գտնուի քաղաքս։

Ներկաներու շարքին էին Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի եւ Պատրիարքարանի ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի ներկայացուցիչները։ Ուշագրաւ էր նաեւ մասնակցութիւնը այն մարզիկներուն, որոնք յառաջիկայ օրերուն թրքահայ համայնքը պիտի ներկայացնեն Համահայկական խաղերու ընթացքին։ Պարթեւ Կարեանի հեշտալուր երաժշտութիւնը փուլ առ փուլ փոխեց ունկնդիրներու տրամադրութիւնը եւ պահէ մը վերջ արդէն եռուզեռը գագաթնակէտին հասաւ՝ բոլորը սկսան միասնաբար երգել ու շուրջպար բռնել։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երեկոյթի աւարտին գնահատեց յայտագրին մասնակից արուեստագէտները։ Բաց աստի, ան ողջունեց Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի ու կղզեբնակ մշակութային գործիչներէն Սեւան Աթաօղլուի եւ Յակոբ Արի Կիւլէչի համագործակցութիւնը, որու դրական արդիւնքը կ՚ըլլան ամրան շրջանին կղզիի մէջ ստեղծուած ընկերա-մշակութային ճոխ ձեռնարկները։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 1, 2023