ՎԵՐԱՇԽՈՒԺԱՑՄԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահին մէջ, երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) հերթական ժողովը, որու օրակարգը միտուած էր այս հարթակի գործունէութեան վերաշխուժացման։ Ներկայիս ԹՎՄ կ՚աշխատի՝ համայնքային վերջին ընտրութիւններով գործի գլուխ եկած նորընտիր վարչայիններու կազմով։ Այս փուլին յարմար դատուած է, որ ԹՎՄ որդեգրէ աշխատանքային կառուցուածքի նոր դրուածք մը։ Ուստի, որոշուեցաւ ստեղծել յանձնախումբեր։

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, որ ի պաշտօնէ կը գլխաւորէ նաեւ ԹՎՄ-ը, երէկուան դռնփակ ժողովէն առաջ լայնախարիսխ խորհրդակցութիւններ ունեցած էր համայնքային վարիչներուն հետ։ Ուստի, իր գլխաւորած նիստին ժամանակ սեղանի վրայ դրուեցան նաեւ՝ նախորդած այդ խորհրդակցութիւններուն ժամանակ խմորուած կարծիքները։ Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, ԹՎՄ երէկ քանի մը յանձնախումբեր ստեղծելու ուղղութեամբ նախաձեռնութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ հաշուի առնելով համայնքային օրակարգի առկայ հրատապ հարցերն ու կարիքները, անոնց լուծման եւ դիմագրաւման որոնումներով հանդերձ։ Դռնփակ ժողովին կապակցութեամբ Պետրոս Շիրինօղլու մեզի յայտնեց, որ համայնքային վարիչները բարեացակամ ու դրական տրամադրութեամբ իրագործած են այս փուլի աշխատանքները։ Ներկայիս որոշուած են միայն ստեղծուելիք յանձնախումբերն ու անոնց մեծամասնութեան ատենապետները։ Յառաջիկային ատենապետներու մտահորիզոնին զուգահեռ՝ այդ յանձնախումբերու կազմերը պիտի ձեւաւորուին։ Շիրինօղլու աւելցուց նաեւ, որ աշխատանքի մէջ խորանալէ վերջ յանձնախումբերը պիտի սկսին կանոնական պարբերականութեամբ տեղեկագրեր պատրաստել իրենց գործունէութեան մասին։

Երէկուան ժողովին ընթացքին ԹՎՄ որոշած է կազմել կրթական յանձնախումբ մը։ Սա մասնագիտական, այսինքն մանկավարժական խնդիրներու հետամուտ յանձնախումբ մը ըլլալէ աւելի՝ վարչա-ելմտական առաջնահերթութիւններով կազմ մը պիտի ըլլայ։ Ներկայիս այս մէկը անդամները ամբողջութեամբ յայտնի դարձած միակ յանձնախումբն է՝ քանի անոր մէջ ընդգրկուած են ատենապետները այն վարչական խորհուրդներուն, որոնք վարժարան մը կը մատակարարեն։ Այս յանձնախումբին գլուխը բերուած է Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աքսել Թոփալեան։ Այս յանձնախումբը ժողովները պիտի գումարէ «Կոմիտաս» սրահին մէջ։ Հարկ է նշել, որ այս յանձնախումբը պիտի զբաղի նաեւ կրթաթոշակներու հարցերով։

Բաց աստի, ԹՎՄ որոշած է առանձին յանձնախումբ մը ստեղծել դպրոցական շէնքերու երկրաշարժի դէմ դիմադրականութեան հարցերով զբաղելու համար՝ գլխաւորութեամբ Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի փոխ-ատենապետ Գէորգ Էօզգարակէօզի։ Յանձնախումբեր պիտի գործեն նաեւ ելմտական, կալուածներու, իրաւական, ծրագրաւորման, հաղորդակցութեան, շինարարութեան եւ մշակոյթի համար։ Ելմտական յանձնախումբը պիտի գլխաւորէ Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հերման Կիւրճեան։ Ծրագրաւորման յանձնախումբը պիտի գլխաւորէ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Սարվէն Սերթշիմշէք։ Հաղորդակցութեան յանձնախումբը պիտի գլխաւորէ Պոյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նազարէթ Էօզսահակեան։ Իրաւական հարցերու յանձնախումբը պիտի գլխաւորէ Գարակէօզեան տան խնամակալութենէն իրաւաբան Սարօ Պենկլեան։

Երէկուան ժողովին ընթացքին չյստակացան այն անունները, որոնց պիտի վստահուի կալուածոց, շինարարութեան եւ մշակոյթի յանձնախումբերու ղեկավարման գործը։ ԹՎՄ կը ծրագրէ նաեւ յառաջիկայ շրջանին աւելի նոր որակով ու համակարգուած ձեւով աշխատիլ համայնքային մամուլին հետ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 1, 2023