ՄԵՐ ՄԻԱԿ ՓՐԿԻՉԸ

Ամէնուր կը փնտռենք փրկիչներ, ստուերելով իրական Փրկիչը: Մենք մեր փրկութիւնը կը տեսնենք մարդոց, պետութիւններու, երկիրներու հետ: Մենք մեր յոյսը կը կապենք մարդոց, երկիրներու հետ: Այստեղ է, որ կը պարտուինք, ա՛լ աւելի խճճելով ու խորասուզուելով մեզ պատած օրհասականութեան մէջ։

Հայաստանի ու Արցախի շուրջ օղակը ժամ առ ժամ կը սեղմուի: Արցախահայութիւնը սովամահ կ՚ըլլայ, իսկ Հայաստանի ապիկար, ազգադաւ իշխանութիւնը գրեթէ ամէն շաբաթ խրախճանքներու մէջ է: Յաճախ կը կազմակերպուին համերգներ: Պատերազմէն վերջ համերգային ծրագրերով Հայաստան հրաւիրուեցան սատանային բացայայտ երկրպագող քանի մը աշխարհահռչակ երգիչներ, մեծաւ մասամբ ռաք ոճի մէջ: Այդպիսիներէն էր «Little Big» անունով յայտնի երգիչ մը: Ան կ՚երգէ պիղծ երգեր, կ՚ապականէ երիտասարդները, կը ծաղրէ քրիստոնէութիւնը եւ Քրիստոսի եկեղեցին: Ան պիղծ օրինակ մըն է մարդոց համար: Հաշուի առնելով բազմաթիւ քաղաքացիներու բողոքները, հնարաւոր է չեղարկուի վերջինիս համերգը:

Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութեան հրաւէրով սոյն թուականի սեպտեմբերի 23-ին Երեւանի մէջ համերգով մը հանդէս պիտի գայ աշխարհահռչակ ռեփըր «Snoop Dogg»: Տեղեկութիւններու համաձայն, կառավարութեան կողմէ յատկացուած հոնարարը պիտի կազմէ 23 միլիոն ամերիկեան տոլար:

Մենք երկիր կը կորսնցնենք, կեցած ենք Արցախի ու հայոց պետականութեան կորուստի շեմին, իսկ անհոգ իշխանաւորները ինքզինքնին նուիրած են կերուխումի, զուարճանքի, ցոփ ու շուայտ կեանքի:

Պառակտուած երկրի ու հասարակաթեան մէջ կան նաեւ մտահոգ հայեր: Աւա՜ղ, այսօր մտահոգ ու անհոգ, անտարբեր հայերը իրարմէ կը տարբերուին ոչինչով: Մտահոգ հատուածը ոչինչի կը ձեռնարկէ այս ողբերգական վիճակէն դուրս գալու համար: Մտահոգ հատուածը իր յոյսը կը կապէ Ռուսաստանի կամ նախկին ղեկավարի մը հետ: Երկուստեք կ՚ապրինք հիասթափութիւն:

Մենք մեր յոյսը պիտի կապենք միայն Աստուծոյ եւ մենք մեզի հետ: Տիրոջմէ զատ ո՛չ մէկը կրնայ օգնել, փրկել մեզ ու մեր երկիրը: Մենք մեր յոյսը պիտի կապենք ո՛չ թէ մեր յօրինած Աստուծոյ, որուն կը մօտենանք թերահաւատօրէն, այլ՝ ճշմարիտ Աստուծոյ հետ: Իսկ Տիրոջը նախ եւ առաջ պէտք է ցանկալ ճանչնալ, հնազանդիլ, սիրել, ապրիլ Տիրոջ կամքի ու պատուիրաններու համաձայն. զԱստուած ճանչնալը շատ դիւրին է. Տէրը մեզ կը պատմէ իր մասին Սուրբ Գիրքի մէջ: Ամէն կիրակի մեր առաքելադաւան եկեղեցիներու մէջ կը պատարագուի Քրիստոս: Մենք զԱստուած չենք ճանչնար, Տիրոջ կամքով չենք ապրիր: Մեզի համար քաղցր եւ անուշ է Սատանայի մատուցածը: Անգիտակցաբար, տգէտօրէն կը ծառայենք սատանային: Իսկ երբ սատանայէն կը ստանանք հերթական հարուածը, կը յիշենք մեր յօրինած Տիրոջ մասին: Կը սկսինք անոր աղօթել: Վերջաւորութեան ալ վշտանալ, սրդողիլ, թէ ինչո՞ւ Տէրը մեզ հեռու չի պահեր փորձանքներէ ու փորձութիւններէ:

Վերջին շրջանին Արցախի մէջ կարծես կը շատնայ սէրն ու հոգատարութիւնը, շարժ մը կը նկատուի նաեւ աստուածաճանաչողութեան ճանապարհին:

Մեր ու մեր երկրի միակ փրկիչը Աստուած է: Այլեւս պէտք է համոզուած ըլլայինք: Իսկ մեր աղօթքները Տիրոջ հասու դարձնելու համար պիտի բռնենք ապաշխարութեան ուղին: Ուրիշ տարբերակ չունինք: Արցախի ու Հայաստանի փրկութիւնը Աստուծոյ ձեռքին է:

Տէրը օգնական ու պահապան մեր երկու հայրենիքներուն:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Օգոստոս 3, 2023