ԱՂԱՆԴՆԵՐ (Գ.)

«Աղանդ» տառացիօրէն կը նշանակէ՝ թիւր վարդապետութիւն, հերձուած. կրօնական ուսուցում կամ վարդապետութիւն՝ որ կը խոտորուի Եկեղեցւոյ մէջ ընդունուած վարդապետութենէն կամ դաւանութենէն. այսինքն՝ մոլար վարդապետութիւն։ Այն՝ ի՛նչ որ ընդունելի չէ Եկեղեցւոյ կողմէ։

Ուստի, ստորեւ կը շարունակենք ներկայացնել «աղանդներ»։

Մամբրէ մեկնիչ, «ի Յարութիւնն Ղազարու» ընդարձակ ճառի մէջ հետեւեալը կ՚ըսէ. «Զայս դաւանութիւն ընկալան Հայք ի մեծէն Գրիգորէ, եւ ի սրբոյն Ռստակիսէ եւ յերանելւոյն Ներսիսէ»։ Այս խօսքերով Մամբրէ մեկնիչ կ՚երեւի կ՚ակնարկէ Աշտիշատի ժողովը՝ ուր Ներսէս հաստատեց Նիկիական Հանգանակը եւ որու մասին աղօտ կերպով կը յիշէ եւ կը խօսի Փաւստոս, ըսելով եւ. «զժողովն հաւատոցն (=Հանգանակ) հաւասարութեան»։

Ներսէսին ժամանակակից եւ առժամանակեայ յաջորդ Յուսակ (Չունակ-Իօզակ) եպիսկոպոսը 363 թուականին Անտիոքի ժողովին մասնակից եւ միւս Ակակեան (Կէսարիոսեան) եպիսկոպոսներու հետ Նիկիոյ Հանգանակը «ի միասին էական», «համագոյակից» բառը ընդունեց։

Այսպէս նաեւ Վաղէս կայսեր Բարսեղ Կեսարացիին գրած մէկ նամակին մէջ ակնարկութիւն կ՚ընէ, թէ Հայաստանի մէջ «արիոսականութիւն» գոյութիւն հաստատած է։ Արդ՝ այս բոլոր տեղեկութիւնները հաւանական կը դարձնեն, որ Արիոսի աղանդը հայ հոգեւորականներու մէջ եւս իրեն հետեւողներ ունեցած է, բայց անոր գործած ազդեցութեան կամ յարուցած յուզմունքներու մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն կը գտնուի, քանի որ ժամանակակից պատմական աղբիւրներ կը պակսին։

ե.- Ապողինար Լաւոդիկեցիի աղանդը եւս, որ կ՚ուրանար Քրիստոսի մէջ բանական հոգին, վախնալով թէ մի գուցէ այսպէս ընդունելով մենք անոր «մեղանչականութեան» հակումը տուած կ՚ըլլայինք։ Լիբերատ սարկաւագի վկայութեամբ, իբրեւ թէ հայ վանականներու մէջ եւս հետեւողներ ունեցած է. (պտմ. ժող. Յովնանեան)։ Բայց այս կարծիքը ոչ մէկ դոյզն հաստատութիւն ունի հայ պատմութեան մէջ, ուստի եւ մերժելի՛ է։

Մեր այժմեան Հանգանակը կը դատապարտէ այս աղանդը, ըսելով. «որով էառ զհոգի եւ զմիտ եւ զամենայն որ ինչ ի մարդ»։

զ.- Վերոյիշեալ բոլոր աղանդները օտարերկեայ էին։ Փարպեցին իր նամակին մէջ բուն հայ աղանդ կը յիշատակէ, որուն ո՛չ հեղինակը յայտնի եղած է եւ ոչ ալ գրաւոր բովանդակութիւնը. ինքը Փարպեցին ալ չափազանց աղտեղի՝ անմաքուր եւ կեղտոտ կը համարէ այդ աղանդի անունը պարզ յայտնել։

Ընդհանուր խօսքերով ան կ՚ըսէ, թէ՝ այդ աղանդը պոռնկութիւնը մեղք չէր համարեր եւ թէ տգէտ եւ անկարգ վարքի տէր «հայ»ը միայն կարող էր այդպիսի աղանդ մը բուսցնել կամ ստեղծել։

Ինչպէս կ՚երեւի Ղազարի թշնամիները անոր այս աղանդով «վարակուած» էին, եւ այդպէս կը համարէին՝ ապացոյց բերելով, թէ՝ պոռնկասէր, պոռնիկներ կամ պոռնկութիւն սիրողներ, այդպիսի մարդիկ Ղազարի մօտ ապաստանարան կը գտնեն, եւ թէ ան չի դատապարտեր անոնք՝ որոնք մեղադրողները «աղանդաւոր» կը ճանչնային։

Այսպէս, ուրեմն, այս «հայ» աղանդի բարոյականի մասին քիչ մը տեղեկութիւն կարելի է ունենալ, անոր բո՛ւն դաւանական վարդապետութիւնը ի սպառ անծանօթ կը մնայ։

Աղանդական կարծիքներու հետ հին հեթանոսական հայեացքներ, տեսութիւններ եւ հաւատալիքներ հայ ժողովուրդի մէջ դարձեալ կը շարուակուէին, եւ չնայելով որ հայ եկեղեցականները ժողովական կանոններով միշտ աշխատեցան կռուիլ՝ պայքարիլ այլ եւ այլ սնապաշտութիւններու եւ սին հաւատալիքներու դէմ. բայց անոնք շարունակեցին յամառութեամբ իրենց գոյութիւնը մինչեւ վերջին ժամանակներ։

Այդպիսի սնապաշտութիւններ մեզի կը ներկայացնեն Եզնիկի «Եղծ Աղանդոց»ը եւ Մանդակունիի ճառերը։

Ուստի, հաւատքը պէ՛տք է ուղղափառ ըլլայ եւ հաստատ հիմերու վրայ բարձրանայ։ Ուրեմն՝ «հասկնալով հաւատալ եւ հաւատալով հասկնալ» ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։

Եւ վերջապէս, վերջացնենք մեր սկսած խօսքերով, թէ՝

Առանց գիտութեան գաղափար գոյութիւն չունի՛…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

•վերջ

Օգոստոս 4, 2023, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Օգոստոս 5, 2023