ՄՈՌՑՈՒԱԾ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆՑԸ
Աշխարհի վրայ չկայ աւելի ապերախտ իրողութիւն՝ քան պատմութիւնը, որուն քմահաճոյքին տրուած է յիշել մէկը կամ մոռնալ՝ ինչ արժանիքի տէր ալ ըլլան անոնք: Մեր յօդուածներուն մէջ յաճախ յիշած ենք անուններ, որոնք եղած են մեծութիւններ, սակայն պատմութիւնը ապերախտ գտնուած է յիշելու անոնց անունը: Այսօր մեր մօտ ունինք նման անուն մը, որուն մասին համացանցի մէջ ո՛չ մէկ տող յաջողեցանք գտնել. անուն մը՝ որուն կեանքին մասին մանրամասնութիւններ չունինք եւ աւելին նոյնիսկ չունինք լուսանկար մը:
Այսօր պիտի խօսինք Աւետիս Ղուկասեանցի մասին:
Դժբախտաբար Աւետիս Ղուկասեանցի կենսագրութեան մասին մանրամասնութիւններ չգտանք, սակայն յաջողեցանք հին աղբիւրներէ ձեռք բերել անոր կտակը, որ իր հայրենասիրութեան եւ ազգասիրութեան մեծագոյն ապացոյցն է:
Մեր թուականէն 122 տարիներ առաջ՝ 19 դեկտեմբեր 1901 թուականին նօտարի միջոցաւ կը վաւերացուի Աւետիս Ղուկասեանցի կտակը. մեծահարուստ Աւետիսը իր մեծ հարստութեան մէկ մասը կը նուիրէ իր կնոջ, հարազատներուն ու բարեկամներուն եւ հարստութեան միւս մեծ մասը կը կտակէ ազգին, հետեւեալ պայմաններով:
Ա.- Ղուկասեանց Սուրբ Էջմիածինի կաթողիկոսութեան կը կտակէ 30 հազար ռուբլի, այն պայմանով, որ դրամագլուխը մնայ անձեռնմխելի եւ գումարէն յառաջացած տոկոսով Էջմիածինի Հոգեւոր ճեմարանը աւարտող աշակերտներ կատարելագործեն իրենց ուսումը: Բարերարը կը յանձնարարէ յառաջացած տոկոսով աշակերտներ ղրկեն արտասահման, աստուածաբանական գիտութիւնը կատարելագործելու համար:
Բ.- Ղուկասեանց Սուրբ Էջմիածինի կաթողիկոսարանէն ետք 30 հազար ռուբլի կը նուիրէ նուիրէ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին, դարձեալ այն պայմանով, որ դրամագլուխը մնայ անձեռնմխելի: Գումարէն յառաջացած տոկոսը կը խնդրէ ծառայեցնել դպրեվանքի կարիքներուն՝ ուժ տալու համար աշակերտներու դաստիարակութեան:
Գ.- Ղուսաեանց Թիֆլիզի մայր եկեղեցւոյ մէջ շինած իր թանգարանին կը կտակէ 10 հազար ռուբլի, որպէսզի ամէն տարի ապրիլի 7-ին տեղի ունենայ թանգարանի կողմէ կազմակերպուող մրցանակաբաշխութիւնը:
Դ.- Նոյն թանգարանին Ղուկասեանց կը նուիրէ 5 հազար ռուբլի, որպէսզի անոր տոկոսը գործածուի թանգարանի պէտքերուն համար:
Ե.- Ղուկասեանց 10 հազար ռուբլի կը նուիրէ Դավրէժի հայ ուսումնարաններուն, որպէսզի իր անուան տակ աշակերտներ կրթաթոշակ ստանան եւ իրենց ուսումը շարունակեն:
Զ.- Ղուկասեանց 5 հազար ռուբլի կը նուիրէ Երուսաղէմի դպրեվանքին:
Է.- Վանքի թանգարանին կը նուիրէ 6 հազար ռուբլի, այն պայմանով, որ այդ գումարի տոկոսով ամէն տարի երեք հայ աղքատ աղջկայ օժիտը պատրաստուի:
Ը.- Այլ 4 հազար ռուբլի կը նուիրէ նոյն թանգարանին, այն պայմանով, որ ամէն տարի ապրիլի 7-ին հոգեհանգիստ կատարուի եւ ապա գումարէն յառաջացած տոկոսը բաժնուի աղքատներուն:
Թ.- Ղուկասեանց իր ծխատէր քահանային՝ Գիւտ Աւ. Քհն. Աղայեանցի կը նուիրէ 6 հազար ռուբլի, որպէսզի այդ գումարէն յառաջացած տոկոսը ի գործ դնէ իր աշխատութեան հրատարակութիւններուն համար:
Ժ.- Վերջապէս 2 հազար ռուբլի կը նուիրէ միաբանութեան, որպէսզի ամէն տարի իր հոգւոյն համար հոգեհանգիստ մը կատարեն:
Ցաւ ի սիրտ, շատ տեղեկութիւն չունինք Ղուկասեանցի ով ըլլալուն մասին, սակայն անոր կատարած բարերարութեամբ կարելի է հասկնալ անոր ինչպիսի մարդ ըլլալը. անձ՝ կ՚ուզէ իր հարստութիւնը ծառայեցնել թէ՛ հրատարակութեան, թէ՛ ուսումի եւ կրթութեան, թէ՛ եկեղեցական եւ թէ ազգային ոլորտներէն ներս:
Կրնանք վստահ ըլլալ, որ այդ ժամանակաշրջանին կ՚ապրէին Ղուկասեանցէ շատ աւելի հարուստ հայեր՝ ինչպէս նաեւ այսօր, սակայն շատ շատեր հեռացան աշխարհէն եւ մերօրեայ հարուստներէն շատեր պիտի հեռանան առանց ազգին չնչին օգուտ մը ունենալու:
Նման անձի մը նկարը ինչու համար գոյութիւն չունի չենք գիտեր... սակայն բացի նկարէն անունը եւս պիտի կորսուի՝ եթէ հրապարակաւ չխօսուի նման մարդոց մասին: Այսօր անոր նուիրած գումարը գոյութիւն ունի՞ եւ կամ գոյութիւն ունենալու պարագային արժէք ունի թէ ոչ... չե՛մ գիտեր, սակայն նման մարդոց գոյութիւնը մեր ազգի համար անհրաժեշտ է՝ բարելաւելու համար մեր ազգի վիճակը:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -313-
Եկեղեցական եղած ժամանակ գիրքի մը հրատարակութեան համար բարերարի մը կարիքը ունեցանք: Մի քանի հոգիներու դիմեցինք, սակայն մերժեցին: Վերջապէս մեծահարուստ մը բողոքելով անգործութենէն գումարին կէսը տրամադրելու ցանկութիւնը յայտնեց: Շնորհակալութիւն յայտնելով բացատրեցի, թէ գիրքի կողքին վրայ չենք կրնար երկու տարբեր բարերարներու անուններ նշել:
Բարերարը ոգեւորուեցաւ. «Սկիզբէն ըսէիր անուն նշել կայ... բոլորը ես կու տամ», ըսաւ:
Վստահաբար անունի համար չէ... գրականութեան սէրէն մղուած բարերարութիւն կատարեց:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան