ՆԱԽԱՆՁԻ ՄԱՍԻՆ
«Նախանձ». զգացում մը՝ որ այնքան վատ, այնքան չար եւ նոյնքան վնասակար, միայն վնա՛ս կը պատճառէ ենթակային։
Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան նախանձի մասին հետեւեալը կ՚ըսէ. «Մենք երբ իրարու դէմ կը կռուինք, մեր մէջ մախանքն է, որ մեզ իրարու դէմ կը լարէ…։ Եթէ ամէնքս այսպէս շարունակենք խախտել մարմինը Քրիստոսի, ո՞ւր պիտի հասնինք։ Մենք Քրիստոսին մարմինը տկարացնելու գործին լծուած ենք։ Մենք մեզ միեւնոյն մարմինին անդամները կը յայտարարենք եւ զիրար կը յօշոտենք գազաններու պէս»։
Արդարեւ, մախանքը, այսինքն՝ նախանձը կը պախարակուի, կը մերժուի ամէն կրօնական եւ բարոյական դրութիւններու կողմէ։ Պատուիրաններ կը պահանջեն նախանձը արտաքսել մարդկային սրտէն։ Երբ Նաթան մարգարէն ուզեց Դաւիթ թագաւորը զղջումի դրդել, պատմեց անոր պատմութիւնը աղքատի մը՝ որ միայն գառնուկ մը ունէր, որուն հետ իր աղջիկ զաւակին պէս կը վարուէր, ապա այն հարուստին որ, հակառակ իր ունեցած բազմաթիւ հօտերուն, այս աղքատ մարդուն վրայ կը նախանձէր, մինչեւ որ վերջապէս գողցաւ մարդուն գառնուկը։
Նախանձը կրնայ տանիլ յոռեգոյն չարագործութիւններուն։
Ուստի, «Չար»ին՝ Սատանային նախանձով է որ մահը մտաւ աշխարհ. (ԻՄՏ. Բ 24)։
Արդարեւ, «նախանձ»ը գլխաւոր մոլութիւն մըն է։ Ան կը մատնանշէ ուրիշին բարիքին դիմաց մարդուն զգացած տխրութիւնը եւ ինչպէս նաեւ զայն նոյնիսկ անպատշաճ կերպով իւրացնելու անսանձ եւ անդիմադրելի փափաքը։
Մախանքը՝ նախանձը երբ մերձաւորին ծանր չարիք մը կը մաղթէ, մահացու մեղք է։
Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս նախանձին մէջ կը տեսնէ «գերազանցօրէն սատանայական մեղքը»։ Իսկ Սուրբ Գրիգոր Մեծ կ՚ըսէ. «Նախանձէն կը ծնին ատելութիւնը, չարախօսութիւնը, զրպարտութիւնը, մերձաւորին դժբախտութեան վրայ հրճուիլը եւ անոր բարութեան վրայ նեղուիլը»։ Նախանձը պատճառ կ՚ըլլայ նախ վատ սովորութեան մը՝ բամբասանքի, որ չարախօսութեան արտայայտութիւն մըն է։
Նախանձը տխրութեան կերպերէն մէկն է, ուրեմն եւ եղբայրսիրութեան զլացումը. մկրտեալը պիտի պայքարի անոր դէմ իր բարեսրտութեամբ։ Նախանձը յաճախ յառաջ կու գայ հպարտութենէն։ Մկրտեալը պիտի մարզուի եւ պիտի վարժուի ապրիլ խոնարհութեան մէջ։ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան կ՚ըսէ. «Արդեօք պիտի չուզէի՞ք տեսնել Աստուած մեր միջոցով փառաւորուած։ Ուրախացէ՛ք ուրեմն ձեր եղբօր յառաջդիմութիւններով, եւ անոր գործով, Աստուած ձեզմով պիտի փառաւորուի։ Եւ այն ատեն մարդիկ պիտի ըսեն.- Օրհնեա՜լ ըլլայ Աստուած, քանի որ Անոր ծառան գիտցաւ յաղթել նախանձին՝ իր հրճուանքը դնելով ուրիշներուն արժանիքներուն մէջ»։
Օրէնքին եւ շնորհքին տնտեսութիւնը կ՚ազատագրէ մարդոց սրտերը ընչաքաղցութենէն եւ մախանքէն՝ նախանձէն. կը հրահանգէ զայն Գերագոյն Բարիին բաղձանքին մէջ կը դաստիարակէ զայն բաղձանքներովը Սուրբ Հոգիին, որ կը յագեցնէ մարդուն սիրտը։
Մեղքերը բազմատեսակ են։ Աստուածաշունչ Մատեանը այս մասին կու տայ բազմաթիւ ցանկեր։
Պօղոս առաքեալ այս մեղքերուն կարգին կը յիշէ նաեւ «նախանձ»ը՝ Գաղատացիներու ուղղուած իր նամակին մէջ. (ԳԱՂ. Ե 19-20)։ Ուստի, պատշաճ է գնահատել մեղքերը ըստ անոնց ծանրութեան։ Մարդկային կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ՝ նախանձը գլխաւոր մոլութիւն մը՝ ծանր մեղք մըն է։ Այս ուղղութեամբ, նախանձը մայրն է ուրիշ շատ մը մեղքերու, քանի որ նախանձէն կը ծնին շատ մը մեղքեր՝ չարախօսութիւն, ատելութիւն, ոխակալութիւն, քինախնդրութիւն, վրէժխնդրութիւն՝ քէնէ մղուած եւ այլն։
Նախանձէն որեւէ շահ կամ բարիք քաղել կարելի չէ՛. իսկ վնասը՝ ստո՛յգ է եւ մեծ՝ նախանձողին համար։ Նախանձէն մարդ միայն դժնիկ՝ փուռ կը քաղէ՝ ապերջանկութիւն, ե՛ւ հոգեւոր ե՛ւ մարմնաւոր վատնում…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 14, 2023, Իսթանպուլ