«ՍՓԻՒՌՔ» ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԴՊՐՈՑԻ ԾՐԱԳՐԵՐԸ Կ՚ԸՆԹԱՆԱՆ ԲԱՐԵՅԱՋՈՂ ՀՈՒՆԻ ՄԷՋ

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած ամ­րան դա­սըն­թացք­նե­րու ծրագ­րե­րը կը շա­րու­նա­կուին յա­ջող մթնո­լոր­տի մը մէջ։ «Սփիւռք» ա­նուա­նու­մով կազ­մա­կեր­պուած այս դա­սըն­թացք­նե­րը կ՚ըն­թա­նան զա­նա­զան ուղ­ղու­թիւն­նե­րով։ Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Սփիւռ­քի լրագ­րող­նե­րու, ազ­գա­յին եր­գի ու պա­րի խմբա­ւո­րում­նե­րու, պա­րու­սոյց­նե­րու վար­պե­տու­թեան, սփիւռ­քա­հայ ե­րի­տա­սարդ ա­ռաջ­նորդ­նե­րու դա­սըն­թացք­նե­րուն բա­ցու­մը։ Կը հա­ղոր­դուի, որ ե­րեք ուղ­ղու­թեամբ նա­խա­տե­սուած դա­սըն­թացք­նե­րուն եօ­թա­նա­սու­նեօթ հո­գի կը մաս­նակ­ցի աշ­խար­հի տաս­նե­րեք եր­կիր­նե­րէն (Վրաս­տան, Ուք­րայ­նա, Ռու­սաս­տան, Սպի­տակ Ռու­սիա, Ի­րան, Պել­ժիա, Գեր­մա­նիա, Ֆրան­սա, Քուէյթ, Լի­բա­նան, Սու­րիա, Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ եւ Ղա­զա­խիս­տան)։

«Սփիւռք» ա­մառ­նա­յին դպրո­ցի բա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցած է Յու­լի­սի 10-ին հա­յոց լե­զուի ա­րագ ու­սուց­ման եւ Սփիւռ­քի կրթօ­ճախ­նե­րու հա­յոց լե­զուի ու­սու­ցիչ­նե­րու, կրթա­կան գոր­ծի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րու վե­րա­պատ­րաստ­ման դա­սըն­թացք­նե­րով։ Յա­ռա­ջի­կայ շաբ­թուան սկիզ­բին պի­տի սկսի նաեւ Սփիւռ­քի մէջ հա­մայն­քա­յին գոր­ծի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րու դա­սըն­թաց­քը։

Ե­րէ­կուան հա­ւա­քոյ­թին ըն­թաց­քին Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան Հա­մա­հայ­կա­կան ծրագ­րե­րու վար­չու­թեան պետ Գա­գիկ Գիան­ջու­նեան ներ­կա­նե­րուն փո­խան­ցեց նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի ող­ջոյ­նի խօս­քը։ Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի Հա­յա­գի­տա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու կա­ճա­ռի փոխ-տնօ­րէն Մհեր Յով­հան­նի­սեան հա­մալ­սա­րա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան ա­նու­նով շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան՝ ամ­րան դպրո­ցի ծրագ­րե­րուն հա­մար։ Ան գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց այս ուղ­ղու­թեամբ հա­մալ­սա­րա­նին հետ հաս­տա­տուած հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան շուրջ։ Յով­հան­նի­սեան նաեւ յոյս յայտ­նեց, թէ այս տա­րի եւս դա­սըն­թացք­նե­րը ու­շադ­րու­թիւն կը գրա­ւեն ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեամբ։

«Սփիւռք» ա­մառ­նա­յին դպրո­ցի ղե­կա­վար Կա­մօ Ա­թա­յեան նշեց, որ այս ծրա­գի­րը հիա­նա­լի հնա­րա­ւո­րու­թիւն մըն է մաս­նա­կից­նե­րուն հա­մար՝ մաս­նա­գի­տա­կան գի­տե­լիք­նե­րը խո­րաց­նե­լու ա­ռըն­թեր Հա­յաս­տա­նը տես­նե­լու ու ճանչ­նա­լու եւ ի­րա­րու հետ մտեր­մա­նա­լու տե­սան­կիւ­նէն։ Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի Լրագ­րու­թեան ֆա­քիւլ­թէի տե­սուչ Նա­ղաշ Մար­տի­րո­սեան շնոր­հա­կա­լու­թեամբ վեր­յի­շեց 2010 թուա­կա­նին Ար­ցա­խի մէջ կազ­մա­կեր­պուած Լրագ­րող­նե­րու հա­մա­հայ­կա­կան 5-րդ հա­մա­ժո­ղո­վը, ո­րու ըն­թաց­քին Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի ա­ռա­ջար­կով հա­ւա­նու­թեան ար­ժա­նա­ցաւ ու կեան­քի կո­չուե­ցաւ ա­մառ­նա­յին դպրո­ցի ստեղծ­ման գա­ղա­փա­րը՝ նոյ­նա­ժա­մա­նակ քա­նի մը ուղ­ղու­թիւն­նե­րով։ Նա­ղաշ Մար­տի­րո­սեան վե­րա­պատ­րաս­տուող լրագ­րող­նե­րուն կոչ ուղ­ղեց, որ­պէս­զի դա­սե­րուն զու­գա­հեռ աշ­խու­ժօ­րէն գրի առ­նեն նաեւ Հա­յաս­տա­նի մէջ ի­րենց ու­նե­ցած տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։

​Միւս կող­մէ, Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան «Ա­րի տուն» ծրագ­րի հին­գե­րորդ փուլն ալ սկսաւ խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Նա­խա­րա­րու­թեան եր­դի­քին տակ կազ­մա­կեր­պուած դի­մա­ւոր­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան ար­տա­սա­նեց ող­ջոյ­նի խօսք մը։ 13-18 տա­րե­կան հա­րիւր­վաթ­սուն ե­րի­տա­սարդ կը մաս­նակ­ցի ծրագ­րի այս փու­լին՝ աշ­խար­հի եօթ եր­կիր­նե­րէ։ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց, որ «Ա­րի տուն»ի հեր­թա­կան խում­բը փու­թա­ցած է Հա­յաս­տան եւ ա­նոնց մաղ­թեց բա­րի գա­լուստ։ «Ձեզ­մէ շա­տեր ա­ռա­ջին ան­գամ Հա­յաս­տա­նի մէջ են, ար­դէն ստա­ցած են ա­ռա­ջին տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, հիւ­րըն­կալ ըն­տա­նիք­նե­րուն մօտ ծա­նօ­թա­ցած են ազ­գա­յին սո­­վո­րու­թիւն­նե­րուն ու նիս­տու­կա­ցին։ Կը հա­ւա­տամ, որ անկրկ­նե­լի ժա­մա­նակ կ՚ան­ցը­նէք ու շատ ըն­կեր­ներ ձեռք կը բե­րէք։ Կը հա­ւա­տամ, որ այս օ­րե­րը պի­տի դառ­նան ձեր կեան­քի լա­ւա­գոյն, ան­մո­ռա­նա­լի եր­կու շա­բաթ­նե­րը, դուք պի­տի կա­րօտ­նաք Հա­յաս­տա­նը ու պի­տի մտա­ծէք վե­րա­դառ­նա­լու մա­սին։ Մենք ձեզ կը սի­րենք եւ միշտ ձե­զի հետ պի­տի ըլ­լանք այս օ­րե­րու ըն­թաց­քին», ը­սաւ նա­խա­րա­րը։

Հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին, ըստ ա­ւան­դոյ­թի, նա­խա­րա­րը «Ա­րի տուն»ի շա­պի­կը հագ­ցուց ծրագ­րի այս փու­լի կրտսե­րա­գոյն մաս­նակ­ցին՝ Սու­րիա­յէն վեր­ջերս Հա­յաս­տան տե­ղա­փո­խուած Հա­լէ­պի Քա­րէն Եփ­փէ ճե­մա­րա­նի 13-ա­մեայ սան Յա­կոբ Թո­րո­սեա­նին։

«Ա­րի տուն»ի հեր­թա­կան փու­լի սկիզ­բին առ­թիւ ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ «Ե­րե­ւան» հա­մոյ­թը եւ տղա­քը բարձր տրա­մադ­րու­թեամբ շուրջ­պար բռնե­ցին ազ­գա­յին ե­րաժշ­տու­թեան հնչիւն­նե­րուն ներ­քեւ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 22, 2015