ՈՉ ԵՒՍ Է ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ԵՒ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ
Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթը տեղեկացուց, թէ լիբանանահայ համայնքը ունեցած է ցաւալի կորուստ մը։ Այսպէս, երէկ կէս գիշերին իր մահկանացուն կնքեց լիբանանահայ ներհուն մտաւորական եւ բանաստեղծ՝ Սարգիս Կիրակոսեան:
Ժամանակակից հայ բանաստեղծութեան կարկառուն դէմքերէն Սարգիս Կիրակոսեան եղած է «Բագին» գրականութեան եւ արուեստի հանդէսի փոխ-խմբագիրը: Վերջին շրջանին «Ազդակ»ի գրական էջի խմբագրութիւնը կ՚ընէր: Ան իր իւրայատուկ վաստակը ունեցած է արաբական գրականութիւնը հայերէնի թարգմանելու առումով: Կուսակցական պաշտօններ վարած է ՀՅԴ «Ն. Աղբալեան» եւ «Հ. Մարուխեան» կոմիտէութիւններուն մէջ: Վերջին շրջանին ան կը վարէր նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կրթական եւ հայագիտական բաժանմունքի վարիչի պաշտօնը: Ուսուցչական երկար տարիներու վաստակի տէր Սարգիս Կիրակոսեան հայ գրականութեան առարկան ուսուցանած է Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին մէջ: Եղած է նաեւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ: 28 Մայիս 2015-ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով արժանացած է «Մովսէս Խորենացի» շքանշանին: Պարգեւատրումը կատարուած է 9 Յունիսին՝ Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպանատան մէջ: Եղած է համահիմնադիր Լիբանանահայ գրողներու համախմբումին: Անդամ էր Հայաստանի Գրողներու միութեան: