ԾԵՐՈՒԹԻՒՆԸ

«Ծերութիւնը յոռի վարժութիւն մըն է։ Աշխատող մարդը ժամանակ կ՚ունենայ այդ վարժութիւնը ձեռք բերելու»։ Այսպէս կը բացատրէ ծերութիւնը՝ ֆրանսացի վիպագիր եւ պատմաբան André Maurois (1885-1967թթ.), որուն իսկական անունն է՝ Emil Salomon Wilhelm Herzog… Արդարեւ, ծերութիւնը կ՚ենթադրէ լայն փորձառութիւն մը։ Կ՚ենթադրէ, այնքան ատեն, որ մարդ իր ապրած կեանքը լա՛ւ կ՚օգտագործէ։ Եւ կարելի է կարծել, թէ Maurois «աշխատող մարդ» ըսելով, ա՛յս ըսել ուզած է։

Բայց պէտք է զանազանել «ծերութիւն»ը եւ «տարիքոտ ըլլալ»ը, քանի որ կեանքը մեզի ցոյց կու տայ, թէ՝ կա՛ն «երիտասարդ ծեր»եր եւ «տարիքոտ երիտասարդ»ներ։ Կեանքը վատ պայմաններու տակ ապրիլ մարդս կանուխ կը ծերացնէ, իսկ կեանքը լաւ ապրողներ, նոյնիսկ եթէ ունենան բաւական տարիք՝ երիտասարդ կը մնան։ Այս իմաստով, կեանքի ճնշիչ պայմանները, նեղութիւններ, տրտմութիւններ, ձախողութիւններ, եւ նոյն ինքն կեանքի պայքարը մարդս կանուխ կը ծերացնէ, եթէ բոլոր այս անպատեհ երեւոյթներուն դիմադրելու տոկունութիւն եւ կամք չունի։ Մաքուր կեանքը՝ լաւ ապրիլը մարդս երիտասարդ կը պահէ։

Արդարեւ, ապրիլը, եթէ իրատես ըլլանք եւ շիտակ մեկնաբանենք իրերը եւ երեւոյթները, անընդհատ եւ անվերջ «երկունք» մըն է՝ որ մարդս հետզհետէ կը մաշեցնէ։ Այս երկունքը կարելի է նկատել՝ ցաւի, դժուարութիւններու, դժբախտութիւններու, անգութ եւ անողորմ ուժերու, անտեսանելի երեւոյթներու եւ մահուան դէմ պայքա՛ր մը։

Կեանքը ընթացք մըն է. եթէ ուրախութեան խաղեր կան մարդոց երգին մէջ, կայ նաեւ՝ անձայն եւ աննշան խազ մը՝ երաժշտական ձայնանիշ մը՝ որ կը մատնէ անոնց կեանքին ողբերգական կողմը՝ անոնց յարաժամ վախը իրենց կեանքին սպառնացող «թշնամիներ»էն, անոնց ապրելու՝ գոյապահպանուելու եւ գոյատեւելու համար մղած պայքարը թէ՛ մթութեան եւ թէ՛ լուսաւոր պահերուն։

Մարդ կազմուածքով ընդհանրապէս տկա՛ր արարած մըն է՝ շուտ կ՚ընկճուի, յաճախ կը յուսալքուի, կը վհատի եւ դասալիք կ՚ըլլայ։ Ան կը վազէ դէպի ապահով ապաստան մը՝ հալածական վախի բնազդէ մը, որուն դէմ պաշտպանութիւն կը փնտռէ յարաժամ։ Եւ ասիկա շատ կը յոգնեցնէ մարդը, եւ այս յոգնութիւնը շուտ կը ծերացնէ զինք։ Եւ ահաւասիկ այն մարդը՝ որ կը տոկայ կեանքին թէեւ տարիքոտ, բայց չի՛ ծերանար, եւ այն որ տոկուն չէ, թէեւ երիտասարդ բայց կը ծերանայ։ Այս տիեզերական անվերջ պայքարին մէջ է մարդը՝ անհատապէս եւ հաւաքապէս, որպէս ընկերութիւն, ժողովուրդ եւ ազգ։ Մարդ, այս պայմաններու տակ միշտ երկունքով եւ պայքարով կ՚ապրի այն ուժերուն դէմ, որոնք որեւէ կերպով կը փորձեն մարդկային կեանքը դժուարացնել, դառնացնել, վտանգել եւ… մեռցնե՛լ։

Մարդ կեանք մը կ՚ապրի, բայց ինչպէ՜ս կ՚ապրի՝ ապրողը գիտէ… ուստի, հասարակաց փորձառութիւն մը բացատրելու փորձ աւելորդ է։

Մարդուս ապրած կեանքն է, որ ցոյց կու տայ իր վիճակը. բայց ի՛նչպէս որ ալ ապրի մարդ, գէթ առանց Աստուծոյ չապրի։ Աստուած կեանքը չի փոխեր՝ մարդը պաշարող ցաւերը, վտանգները չի բառնար, եւ ոչ ալ մահը կրնայ խափանել, բայց ատոնց դէմ իր պայքարը անվհատ քաջութեամբ մղելու կարող ըլլալու համար՝ իրեն հարկաւոր «զօրութիւն»ը կու տայ։

Հաւատքը ո՛ւժ կու տայ մարդուս՝ դիմադրելու ամէն դժուարութիւն, ամէն նեղութիւն…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 17, 2023, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Օգոստոս 18, 2023