ՄԵՐ ԳՐՈՂՆԵՐՆ ՈՒ ՕՏԱՐ ԲԱՌԵՐԸ (Ե.)

Որոշ ժամանակ թրքերէն բառեր գործածելը սովորութիւն ըլլալէ անդին ստիպուածութիւն մըն էր, որովհետեւ տակաւին նոր կազմաւորուող աշխարհաբարը չունէր շատ բառերու համարժէքը: Ժամանակը ունի բառեր ծնելու եւ միաժամանակ սպաննելու կարողութիւնը. շատ մը բառեր որ կը գործածուէր դար մը առաջ՝ այսօր լոկ բառարանային են, իսկ շատ մը բառեր, որ այսօր կը գործածենք՝ ամբողջութեամբ անծանօթ անցեալին: Այդ իսկ պատճառով ամէն ժամանակ պէտք է լաւապէս հսկէ իր բառերու ծնունդին եւ մահին՝ որպէսզի օտար բառեր օգտագործելու կարիքը չզգայ հասարակութիւնը:

Օրինակի համար, մեր ձեռքերը գտնուող հեռաձայնը շատեր կը կոչեն բջիջային. այս բառը բառարանին մէջ կը բացատրուի «բջիջի յատուկ՝ վերաբերեալ» ձեւով։ Իրականութեան մէջ բջիջային բառը այդ գործիքին իսկական անուանումը չի տար. իրականութեան մէջ անգլերէն «մոպայլ» տարբերակը եւս իսկական բացատրութիւն մը չի տար, որովհետեւ այդ բառը կը նշանակէ «շարժական». նման հարցերու համար է, որ գոյութիւն ունին լեզուի կոմիտէութիւններ, որոնց գործն է հետաքրքրուիլ լեզուի առողջութեամբ:

Քննադատելի վիճակ մը ունի Հայաստանի Հանրապետութեան Լեզուի կոմիտէն, որ օտար բառերու դէմ պայքարելու փոխարէն հայերէն լեզուն սրբագրելով կը զբաղուի. օրինակի համար, ան կ՚առաջարկէ «այն երկիրները, ովքեր» ըսելու փոխարէն ըսել «այն երկիրները, որոնք»։ Սրբագրութիւնը ճի՛շդ է, սակայն աւելի նպատակայարմար է «մոսթ»ի փոխարէն կամուրջ բառի կարեւորութիւնը շեշտելը՝ քան նման սխալներ սրբագրելը. «յոտնկայս» կամ «ոտնկայս» բառը այնքան չի վնասեր մեր ազգին, ինչքան ռուսերէն բառերու գոյութիւնը՝ մանաւանդ պետական մակարդակով։ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տրամաբանական չէ տեսնել նախարարութիւն մը, որ կը գործածէ «սպորդ» եւ «գուլտուրա» բառերը. «մգացում»ին «մգեցում» ըլլալը այնքան ալ մեծ վնաս չի պատճառեր մեզի, ինչքան գետնախնձորին «կարտովիլ» եւ լոլիկին «պամիտոր» ըլլալը:

ԺԷ.- ԹԱԽՏ

Շատ մը պատմիչներու մօտ կարելի է տեսնել թախտ բառի գործածութիւնը. անոնք անգամ թագաւորեց կամ իշխեց ըսելու փոխարէն օգտագործած են «թախտ նստաւ» ձեւը:

Օրինակի համար, Զաքարիա Ագուլեցի իր «օրագրութեան մէջ կը գրէ. «Իւր մեծ որդին թախտ նստուցին». 1657-1750 թուականներուն ապրած ժամանակագիր Մարտիրոս Դի Առաքել եւս իր «Ժամանակագրութիւն Բ [Վասն] թագաւորաց Հընդկաց» աշխատութեան մէջ կը գրէ. «աւուր շաբաթու նըստոյց թախտն Ջհանաբադ քաղաքի նոյն վազիրն Աբդուլա խան»:

Թախտ բառը կարելի է տեսնել նաեւ Սայաթ Նովայի երգերուն մէջ:

Յովսէփ Մալէզեան թախտ բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել «աթոռ» բառը:

ԺԸ.- ԹԱՃ

Այս բառը պոլսահայ գրողներէ աւելի կարելի է տեսնել մատենագիրներուն եւ հին տաղասացներուն մօտ. բանաստեղծութիւններուն եւ երգերուն մէջ յաճախ գործածուած է.-

Օրինակի համար, 16-րդ դարու տաղերգու Սարկաւագ Բերդակացի խաղողի մասին խօսելով կը գրէ. «Զի դու միայն ես գեղեցիկ, ամէն պտղոյ թաճ ու սալվար»:

Բանահաւաք Եղիա Կարնեցի եւս իր 29 յուլիս 1722 թուականին Մուսիու Պօռէկարիտին գրած իր նամակին մէջ կը գրէ. «Այսօր վրացու չափառներն եկին տեղս, որ ասում են թէ Վախտանկ խանին համար թաճ ու թումար են տանում»:

Յովսէփ Մալէզեան թաճ բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ օգտագործել թագ բառը:

ԺԹ.- ԹԷՐԶԻ

Այնպէս ինչպէս էսնաֆ բառը, նոյնպէս թէրզի բառը արհեստ ցոյց տուող բառ մըն է, եւ յաճախ գործածուած է պոլսահայերու կողմէ.-

Օրինակի համար, Սիմէոն Կաթողիկոս Երեւանցի իր նամակներէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Ետ զայս Եսայուն, եւ նա տարեալ յԵրեւան, յղեաց անտի ընդ Ղօրղանի որդի թէրզի Յոսէփին ի յունուար ԻԵ»:

Սահակ Վրդ. Ճէմճէմեան եւս իր «Մխիթար Աբբահօր հրատարակչական առաքելութիւնը» աշխատութեան մէջ կը յիշէ Հալէպ ապրող թէրզի Պօղոս անունով մէկը, ըսելով «35 տօգաթն առեալ էր ի Հալէպ ի թէրզի Պօղոսէն, որ ունէր մեզ պարտս վասն գրեանց»:

Յովսէփ Մալէզեան թէրզի բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել դերձակ բառը:

Ի.- ԹԷՔ

Այս մէկը եւս մինչեւ օրս գործածական բառ մըն է.-

Թլկատինցի իր «Գեղի նամակներ» աշխատութեան մէջ կը գրէ. «Հոն ալ մայրի մեծի թէք թէք բարեւս տաս»:

Զապէլ Եսայեան իր «Երբ այլեւս չեն սիրեր» աշխատութեան մէջ կը գրէ. «Ամա նշանածը թէք քարով մատնի մը բերեր է»:

Յովսէփ Մալէզեան թէք բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ անզոյգ բառը, որ բառացիօրէն ճիշդ թարգմանութիւնն է, սակայն այստեղ անզոյգ բառէն աւելի «մէկ»ի իմաստով կու գայ. մէկ-մէկ, հատ առ հատ բարեւէ, կամ մէկ քարով մատանի եւ այլն:

•շարունակելի…

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -319-

Սփիւռքահայերու մօտ շատ մը բառեր գոյութիւն ունին, որ արեւելահայերէնի մէջ ամբողջութեամբ տարբեր իմաստ ունի: Անոնցմէ մէկն է «շորիկ» բառը: Սփիւռքահայերը «շորիկ» կ՚ըսեն մանուկին տակը կապուող կտորին, որուն մէջ մանուկը իր պէտքերը կը հոգայ, իսկ Հայաստանի մէջ «շորիկ» ըսելով կը հասկնան «զգեստ»:

Սփիւռքահայ մը Հայաստան գալով դեղատուն կը մտնէ եւ երեք տարեկանի համար շորիկ կը խնդրէ. Դեղագործը շուարած կը յայտնէ, թէ շորիկի համար սխալ տեղ եկած է. շորիկը հագուստի խանութները կը ծախուի: Մեր հայրենակիցը զարմացած այս անգամ կ՚երթայ հագուստի խանութ եւ կը տեսնէ, թէ իրեն հագուստ կ՚առաջարկեն: Եթէ հայերէն չէք գիտեր, ինչ կ՚ըսեն... ըսենք. փամփըրզ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Օգոստոս 18, 2023