ՆՈՐ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՓՈՐՁԱՆՔԸ՝ ՄՈՌԱՑԿՈՏՈՒԹԻՒՆ

Գիտնականներ ընդհանրապէս այն կարծիքին են, որ ժամանակակից արհեստագիտութիւնը, գործիքները, բջիջայինները շատ օգտագործելով՝ մարդիկ յիշողութեան լուրջ դժուարութիւններ սկսած են ունենալ: Այս մասին Ռեպեքա Սիլի յօդուածը հրապարակուած է «Կարտիըն»ի կայքին մէջ:                                                                

*

ՍՄԱՐԹՖՈՆԸ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ԿՈՐՈՒՍՏ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԷ՞ ՁԵԶԻ

«Ես բան չեմ կրնար յիշել». այս օրերուն տարածուած բողոք է: Բայց արդեօք այդ այն պատճառո՞վ է, որ մենք այնքան շատ կ՚ապաւինինք մեր սմարթֆոններուն: Եւ արդեօք անվերջ զանգերն ու շեղումները մեզ կը խանգարե՞ն նոր բաներ յիշելու:

Վերջերս կարեւոր ժողովէ մը բացակայեցայ, քանի որ սմարթֆոնի վրայ յիշեցում չէի դրած: Բայց նոյն օրը ես յիշեցի այն դերասանին անունը, որ կը մարմնաւորէր Ուիլ Սմիթի մօրաքոյրը՝ 1991 թուականին «The Fresh Prince of Bel-Air» շարժապատկերին մէջ (Ժանէթ Հիւպերտ):

Յիշողութիւնը տարօրինակ է, անկանխատեսելի եւ, գիտական առումով, դեռ ամբողջութեամբ չհասկցուած: Երբ իմ յիշողութեանս պէս շատ խափանումներ կը պատահին, դիւրին եւ տրամաբանական կը թուի մեղադրել արհեստագիտութիւնը, որ մենք վերջերս որդեգրած ենք: Մեր գրպանին մէջ աւելի շատ յիշողութիւն ունենալը կը նշանակէ՞, որ մեր գլխուն մէջ աւելի քիչ յիշողութիւն կայ: Արդեօք ես կը կորսնցնե՞մ բաներ յիշելու իմ կարողութիւնս, սկսած՝ հանդիպումներէն մինչեւ այն, որ կը պատրաստուէի ընել յաջորդ անգամ, քանի որ կ՚ակնկալեմ, որ հեռաձայնս այդ կ՚ընէ իմ փոխարէնս:

Սմարթֆոններէն առաջ մեր գլխուն մէջ պէտք է պահուէր հեռաձայնի թիւերու տետր մը, եւ մեր յիշողութիւնները կը պարունակէին ժամանակի ընթացքին ստեղծուած ճանաչողական քարտէս, որ մեզի թոյլ կու տար նաւարկելու: Սմարթֆոններ գործածողներու համար այդ այլեւս ճիշդ չէ: Մեր ուղեղը եւ մեր սմարթֆոնները փոխազդեցութիւններու բարդ ցանց կը կազմեն. կեանքի «սմարթֆոնացումը» կ՚աճէր 2000-ականներու կէսերէն, բայց կ՚արագանար համաճարակին պատճառով, ինչպէս՝ ընդհանրապէս համացանցի գործածումը: Ճնշուածութեան, մեկուսացման եւ հիւծումի երկարատեւ ժամանակաշրջանները՝ ընդհանուր բնաբանները 2020 թուականի մարտէն ի վեր, յայտնի են յիշողութեան վրայ իրենց ազդեցութեամբ:

Յիշողութիւնը ուսումնասիրող Քեթրին Լաւտէյի 2021 թուականի հարցախոյզին մասնակցածներու 80 առ հարիւրը կը կարծէր, որ իրենց յիշողութիւնները աւելի վատ են, քան՝ համաճարակէն առաջ: Մենք տակաւին ջախջախուած ենք ոչ միայն «Քորոնա»ի, այլեւ ազգային եւ համաշխարհային նորութիւններու թշուառ շրջանակէն: Մեզմէ շատեր ինքնամփոփ կը դառնան այնպիսի շեղումներու միջոցով, ինչպիսիք են հասարակական ցանցերը: Միաժամանակ, անվերջ ուշադրութիւնը շեղելը երբեմն կրնայ ստեղծել իր սեփական անհանգստութիւնը, եւ հեռաձայնի զանգերը, հնչիւնները, անոնց գոյութիւնը ստուգելու համար ձեր ըրածը ընդհատելը նոյնպէս կ՚ազդեն յիշողութեան վրայ: Այսպիսով, ի՞նչ տեղի կ՚ունենայ, երբ մենք մեր յիշողութեան մէկ մասը արտաքին գործիքի մը կը յանձնենք: Արդեօք այդ մեզի հնարաւորութիւն կու տա՞յ աւելի ու աւելի շատ բան դուրս հանել կեանքէն, քանի որ մենք այնքան ալ չենք ապաւինիր մեր սխալ ուղեղին, որպէսզի նշէ մեզի: Արդեօք մենք այնքան կախուա՞ծ ենք սմարթֆոններէն, որ անոնք ի վերջոյ կը փոխեն մեր յիշողութիւններու աշխատանքը (երբեմն կը կոչուի թուային մոռացկոտութիւն), թէ՞ մենք երբեմն առիթներ կը կորսնցնենք, երբ կը մոռնանք յիշեցումները:

Քրիս Պուրտ, որ հոգեբանութեան դասախօս է Սասեքսի համալսարանին մէջ, կ՚ըսէ. «Մենք միշտ բեռնած (offload) ենք իրերը արտաքին գործիքներու մէջ. օրինակ՝ արձանագրելը, եւ այդ մեզի հնարաւորութիւն տուած է աւելի բարդ կեանքեր ունենալ: Մենք այդ աւելի շատ կ՚ընենք. կեդրոնանալու, այլ բաներ յիշելու ժամանակ չենք ունենար: Այն բաները, որոնք յիշելու համար կը գործածենք մեր հեռաձայնները, մարդկային ուղեղներու մեծամասնութեան համար դժուար է յիշել: Ես կը լուսանկարեմ կառատան տոմսս, որպէսզի գիտնամ, թէ երբ պիտի սպառի, քանի որ այդ կամայական բան է յիշելը: Մեր ուղեղը զարգացած չէ, որպէսզի նոյն ատեն յիշէ ճշգրիտ բաներ: Նախքան մեր գործիքները ունենալը՝ դուք պէտք է բաւական ջանք գործադրէիք յիշելու այն ժամանակը, որ ձեզի անհրաժեշտ էր վերադառնալու կառատան մէջ ձեր ինքնաշարժին»:

Փրոֆ. Օլիվըր Հարթ, որ Մոնրէալի ՄաքԿիլ համալսարանին մէջ կ՚ուսումնասիրէ յիշողութեան եւ մոռացութեան հարցեր, շատ աւելի զգուշաւոր է: Ան կ՚ըսէ. «Երբ դադրիք գործածելէ ձեր յիշողութիւնը, անիկա կը տկարանայ, եւ այս ձեզի կը ստիպէ աւելի շատ օգտագործել ձեր գործիքները. մենք անոնք կ՚օգտագործենք ամէն բանի համար: Եթէ դուք կ՚այցելէք որեւէ կայք՝ ուտելիք մը պատրաստելու համար, կը սեղմէք կոճակը եւ անիկա կ՚ուղարկէ ցանկը ձեր սմարթֆոնին: Շատ յարմար է, բայց յարմարաւէտութիւնը ունի իր գինը: Լաւ է, որ ձեր գլխուն մէջ որոշ բաներ պահէք»:

Հարթ խանդավառ չէ GPS-էն (Համաշխարհային դիրքաւորման համակարգ) կախեալ ըլլալու հարցին մէջ: «Մենք կրնանք կանխատեսել, որ GPS-ի երկարատեւ օգտագործումը հաւանաբար կը նուազեցնէ գորշ նիւթի խտութիւնը ուղեղի կառոյցին մէջ: Ուղեղի այս հատուածին մէջ գորշ նիւթի խտութեան նուազումը կ՚ընկերանայ շարք մը ախտանիշներով, ինչպիսիք են ճնշուածութեան եւ հոգեկան այլ հիւանդութիւններու վտանգը: GPS-ի վրայ հիմնուած նաւարկումներու համակարգերը ձեզմէ չեն պահանջեր բարդ աշխարհագրական քարտէս կազմել: Փոխարէնը՝ անոնք պարզապէս կ՚ըսեն ձեզի կողմնորոշումներ. օրինակ՝ «Յաջորդ լոյսին երբ հասնիք, դարձէք ձախ»: Ասոնք շատ պարզ վարքային արձագանգներ են: Այս տեսակի տարածական վարքագիծերը այնքան ալ չեն աշխատցներ ուղեղի զանազան մասեր՝ ի տարբերութիւն այն տարածական ռազմավարութիւններու, որոնք կը պահանջեն աշխարհագրական քարտէսի իմացութիւն, ուր դուք կրնաք գտնել կէտ մը, որ կու գայ որեւէ ուղղութենէ, եւ որ կը պահանջէ ճանաչողական բարդ հաշուարկներ: Երբ կ՚ուսումնասիրեն տարածական կարողութիւնները այն մարդոց, որոնք շատ երկար ժամանակ օգտագործած են GPS-ը, անոնք ցոյց կու տան տարածական յիշողութեան խանգարումներ: Քարտէս կարդալը դժուար է, այդ պատճառով ալ մենք անիկա այդքան դիւրութեամբ կը տրամադրենք գործիքներուն: Բայց դժուար բաները լաւ են ձեզի համար, քանի անոնք կը ներգրաւեն ճանաչողական հոլովոյթներ եւ ուղեղի կառոյցներ, որոնք տարբեր ազդեցութիւն կ՚ունենան ձեր ընդհանուր ճանաչողական գործունէութեան վրայ»:

Հարթ տակաւին տուեալներ չունի, բայց կը կարծէ, թէ՝ «Անոր արժէքը կրնայ ըլլալ մոռացկոտութեան ահռելի աճ: Որքան քիչ գործածէք ձեր միտքը, որքան քիչ գործածէք համակարգերը, որոնք պատասխանատու են բարդ բաներու համար, ինչպիսիք են պատահական յիշողութիւնները կամ ճանաչողական ճկունութիւնը, այնքան մեծ է մոռացկոտութեան զարգացման հաւանականութիւնը: Կան ուսումնասիրութիւններ, որոնք ցոյց կու տան, որ, օրինակ, իսկապէս դժուար է մոռացկոտ դառնալ, երբ դուն համալսարանի դասախօս ես, պատճառը այն չէ, որ այդ մարդիկ աւելի խելացի են, այլ այն է, որ մինչեւ ծերութիւն անոնք սովորաբար զբաղած են այնպիսի գործերով, որոնք մտային աշխատանք կը պահանջեն»:

Հարվըրտ համալսարանի հոգեբան Տանիէլ Շակթեր կը կարծէ, թէ GPS-ի նման բաներու ազդեցութիւնը «յատուկ առաջադրանք է»:

Թէեւ սմարթֆոնները ակներեւօրէն կրնան բանալ գիտելիքի բոլորովին նոր տեսարաններ, անոնք կրնան նաեւ մեզ հեռացնել ներկայ պահէն, ինչպէս՝ գեղեցիկ օրէ մը, քանի որ ձեր գլուխը կախած էք WhatsApp-ի վրայ: Երբ մենք չենք հետեւիր որեւէ գործունէութեան, աւելի քիչ հաւանական է, որ մենք անիկա պատշաճօրէն յիշենք, եւ աւելի քիչ յիշուող փորձառութիւնները կրնան նոյնիսկ սահմանափակել նոր գաղափարներ ունենալու եւ ստեղծագործ ըլլալու մեր կարողութիւնը:

Հոգեբան Վենտի Սուզուքի գրած է. «Եթէ մենք չենք կարողանար յիշել, թէ ի՛նչ ըրած ենք, մեր սորված տեղեկատուութիւնը եւ մեր կեանքի իրադարձութիւնները, այդ կը փոխէ մեզ: Ուղեղի այն հատուածը, որ կը յիշէ, իսկապէս կը սահմանէ մեր անձնական պատմութիւնները: Անիկա կը սահմանէ, թէ ո՛վ ենք մենք»:

Գիտական նիւթերու հեղինակ Քեթրին Փրայս կ՚ըսէ. «Այն, որուն մենք ուշադրութիւն կը դարձնենք այս պահուն, կ՚աւելնայ մեր կեանքին վրայ: Մեր ուղեղը չի կրնար բազմաբնոյթ առաջադրանք կատարել: Մենք կը կարծենք, որ կրնանք: Բայց որեւէ պահու, երբ բազմաբնոյթ աշխատանքը յաջողած կը թուի, այդ այն պատճառով է, որ այդ առաջադրանքներէն մէկը ճանաչողական առումով պահանջկոտ չէր. օրինակ՝ կրնաք ծալել լուացքները եւ լսել ձայնասփիւռ: Եթէ ուշադրութիւն կը դարձնէք ձեր հեռաձայնին, ուշադրութիւն չէք դարձներ այլ բանի: Ասիկա կրնայ թուիլ որպէս անհեթեթ դիտարկում, բայց իրականութեան մէջ այդ խորունկ է: Քանի որ դուք կը յիշէք միայն այն բաները, որոնց վրայ ուշադրութիւն կը դարձնէք: Եթէ դուք ուշադրութիւն չդարձնէք, բառացիօրէն չէք ունենար յիշողութիւն՝ անոր մասին յիշելու համար»: Եւ ան չի հաւատար, որ սմարթֆոնները արգելք կ՚ըլլան, որ մենք աւելին ընենք: «Եկէք՝ անկեղծ ըլլանք մենք մեզի հետ. մեզմէ քանի՞ն կը գործածէ մեր դրամատնային յաւելուածի տրամադրած ժամանակը բանաստեղծութիւն գրելու համար: Մենք պարզապէս կրաւորականօրէն կը գործածենք Ինսթակրամի մէջ անիմաստ բաները: Ի՞նչ կ՚ըլլար, եթէ Պենժամին Ֆրանքլին ունենար Թուիթըր (այժմու՝ X): Արդեօք ան ամբողջ ժամանակը կ՚անցընէ՞ր Թուիթըրի մէջ: Արդեօք ան կ՚ընէ՞ր իր գիւտերն ու յայտնագործութիւնները: Զիս իսկապէս հետաքրքրեց, թէ արդեօք մեր գործիքներու կողմէ յառաջացած անընդհատ շեղումները կրնան ազդե՞լ մեր ունակութեան վրայ՝ ոչ միայն սկիզբէն յիշողութիւններ կուտակելու, այլ՝ անոնք երկարատեւ պահեստաւորման մէջ փոխանցելու այնպիսի եղանակով, որ կրնայ խանգարել խոր եւ հետաքրքրական մտածելու մեր կարողութիւնը, միտքերը։ Երբ մէկը, որ կը խանգարէ մեր ուղեղի յիշողութիւնները կարճատեւ պահեստէն երկարատեւ փոխանցելու կարողութիւնը, այդ շեղում է: Եթէ դուք կը շեղիք ծանուցումով կամ ձեր հեռաձայնը առնելու ճնշող մղումով, դուք իրականութեան մէջ չէք ունենար այն ֆիզիքական փոփոխութիւնները, որոնք անհրաժեշտ են այդ յիշողութիւնը պահելու համար», կ՚ըսէ ան:

Անկարելի է յստակօրէն գիտնալ, քանի որ ոչ ոք չափած է մեր մտային ստեղծագործական մակարդակը՝ նախքան սմարթֆոններու տարածուիլը, սակայն Փրայս կը կարծէ, որ սմարթֆոնի չափէն աւելի օգտագործումը կրնայ վնասել խորաթափանց ըլլալու մեր կարողութեան: «Հմուտ, խորաթափանց ըլլալը այն է, որ կարողանաս կապել երկու տարբեր բաներ միտքիդ մէջ: Բայց հմտութիւն ունենալու եւ ստեղծագործելու համար դուք պէտք է շատ նիւթ ունենաք ձեր ուղեղին մէջ, ինչպէս որ չէք կրնար պատրաստել որեւէ ուտելիք, եթէ չունիք անհրաժեշտ բաղադրիչներ: Չէք կրնար ունենալ հմտութիւն, եթէ ձեր ուղեղը չունենայ նիւթ, որ իրականութեան մէջ երկարատեւ յիշողութիւններ են»:

Սմարթֆոնները, անշուշտ, ստեղծուած են մեր ուշադրութիւնը գրաւելու համար: «Այն յաւելուածները, որոնք գումար կը շահին մեր ուշադրութիւնը գրաւելով, նախատեսուած են մեզ խանգարելու համար: Ես ծանուցումները կը նկատեմ ընդհատումներ, քանի որ անոնք այդ կը փորձեն ընել այդ մէկը», կ՚ըսէ Փրայս:

Օլիվըր Հարթի համար հեռաձայնները կ՚օգտագործեն մեր կենսաբանութիւնը: «Մարդը շատ խոցելի կենդանի է, եւ միակ պատճառը, որ մենք անհետացած չենք, այն է, որ մենք գերազանց ուղեղ ունինք. գիշատիչներէն խուսափելու եւ սնունդ գտնելու համար մենք պէտք է իսկապէս լաւ ըլլանք մեր կենսոլորտի, միջավայրի նկատմամբ ուշադիր ըլլալու հարցին մէջ: Մեր ուշադրութիւնը կրնայ արագ շեղիլ, երբ այդ մէկը տեղի կ՚ունենայ, մնացեալ ամէն բան, որուն կը հետեւէինք, կը դադրի: Այդ իսկ պատճառով մենք չենք կրնար բազմաբնոյթ աշխատանք կատարել: Երբ մենք կը կեդրոնանանք բանի մը վրայ, այդ գոյատեւման կառուցակազմ է, անիկա կը յառաջացնէ կարճատեւ պրկուած վիճակ մը, թեթեւ գրգռում եւ կ՚աշխուժացնէ համակրական ջղային համակարգը: Անիկա կը բարելաւէ ձեր ճանաչողական կարողութիւնները եւ մարմինը կը պատրաստէ պայքարելու կամ փախչելու համար», կ՚ըսէ ան:

Սմարթֆոններու օգտագործումը կրնայ նոյնիսկ փոխել ուղեղը, կը նշէ ABCD-ի շարունակական ուսումնասիրութիւնը, որ կը հետեւի աւելի քան 10 հազար ամերիկացի երեխաներու՝ մինչեւ հասուն տարիք:

«Այդ սկսաւ 10 տարեկան երեխաներուն թուղթի եւ մատիտի չափերով եւ EMAR-ով հետազօտելով, եւ անոնց ամենէն հետաքրքրական սկզբնական արդիւնքներէն մէկը այն էր, որ կապ կայ արհեստագիտութեան օգտագործման եւ ուղեղի մէջ կեղեւի նօսրացման միջեւ», կ՚ըսէ Լարի Ռոզըն, որ կ՚ուսումնասիրէ հասարակական լրատուամիջոցները, արհեստագիտութիւնը եւ ուղեղը, կը շարունակէ. «Պատանիները, որոնք աւելի շատ արհեստագիտութիւն կ՚օգտագործէին, ունէին աւելի բարակ կեղեւ, որ ենթադրաբար տեղի կ՚ունենայ աւելի յառաջացած տարիքին»:

Կեղեւի նօսրացումը մեծնալու, այնուհետեւ ծերանալու բնականոն մասն է եւ շատ աւելի ուշ կեանքին մէջ կրնայ կապուած ըլլալ այլասերիչ (degenerative) հիւանդութիւններու. օրինակ՝ Փարքինսոն եւ Ալցայմըր:

Ակներեւ է, որ սմարթֆոնի կենը դուրս եկած է շիշէն եւ անցած է բլուրներու վրայէն ու՝ հեռացած: Մեզի անհրաժեշտ են մեր սմարթֆոնները գրասենեակներ մտնելու, ձեռնարկներուն մասնակցելու, ճամբորդութեան համար վճարելու, անցագիրներու, վարկային քարտերու, ե-նամակներու, հեռաձայններու եւ հաղորդագրութիւններու համար: Չունենալը շատ դժուար է: Եթէ մենք մտահոգուինք, թէ ի՛նչ կրնան ընել անոնք կամ անոնց վրայ տեղադրուած յաւելուածները մեր յիշողութիւններուն, ի՞նչ պէտք է ընենք:

Ռոզըն կ՚ըսէ. «Իմ նախասիրութիւնս արհեստագիտութենէն դադարներ առնելն է, երբ դուք վայրկեան մը դադար կ՚առնէք 15 վայրկեան զայն գործածելէ ետք, օգտակար է»:

«Եթէ կը կարծէք, թէ ձեր յիշողութիւնը եւ կեդրոնացումը վատացած են, դուք այդ կը վերագրէք ձեր տարիքին, աշխատանքին կամ զաւակներուն, կրնայ ճիշդ ըլլալ, բայց նաեւ շատ հաւանական է, որ գործիքները գործածելու ձեւը կրնայ պատճառ ըլլալ»,- կ՚ըսէ Փրայս, որ հիմնադրած է «Սքրին/Լայֆ Պալանս»ը՝ օգնելու համար մարդոց կառավարելու իրենց բջիջայինի օգտագործումը: «Դիւրին է գիտական փորձ ընել՝ ստուգելու համար, թէ հեռաձայնը կը տկարացնէ՞ յիշողութիւնը: Բայց մենք կրնանք բնազդով գիտնալ. եթէ դուք աւելի շատ կը վարժուիք ձեր հեռաձայնը հեռու պահելու եւ կը նկատէք, որ աւելի հանգիստ կը զգաք, աւելի շատ բան կը յիշէք, ուրեմն դուք պատասխանած էք ձեր հարցումին», կը նշէ Փրայս:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Շաբաթ, Օգոստոս 19, 2023