ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳՐԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Երեւանի մօտ Գերմանիոյ նորանշանակ դեսպան Մաթիաս Քեսլէրը, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Այս առթիւ Սարգսեան դեսպանին յաջողութիւն մաղթեց՝ Հայաստանի մէջ իր դիւանագիտական առաքելութեան ճանապարհին։ Ան գոհունակութեամբ նշեց, որ յետադարձ հայեացքով աւելի քան քսան տարուան պատմութիւն ունեցող միջպետական յարաբերութիւններու ընթացքին՝ կարելի է փաստել, որ հայ-գերմանական յարաբերութիւնները վերընթաց զարգացում մը ապրած են։
Զրուցակիցները համակարծիք գտնուեցան, որ Երեւան եւ Պերլին ունին կայուն քաղաքական երկխօսութիւն մը, աշխուժօրէն կը զարգացնեն միջխորհրդարանական կապերը, կայ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները խորացնելու զգալի ներուժ, որու ուղղութեամբ անհրաժեշտ է երկկողմանի ջանքեր ներդնել՝ նկատի առնելով նաեւ, որ Եւրոմիութեան երկիրներէն Գերմանիա ապրանքաշրջանառութեան ծաւալներով Հայաստանի առաջնային առեւտրական գործընկերներէն մին է։
Նախագահ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Գերմանիոյ կառավարութեան կողմէ Հայաստանի զարգացման ուղղեալ շարունակական աջակցութեան համար։ Հանդիպման ընթացքին քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւններուն առընթեր երկուստեք կարեւորուեցաւ նաեւ մշակութային, գիտակրթական, ռազմական եւ այլ շարք մը ոլորտներէ ներս համագործակցութիւնը։
Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատեց անցեալ Ապրիլին Գերմանիոյ Նախագահ Եոհախիմ Կաուքի կողմէ հայկական հարցին շուրջ կատարուած յայտարարութիւնը եւ ընդգծեց, թէ այդ մէկը ուժեղ պետութեան մը ուժեղ ղեկավարին համոզուած ելոյթն էր։
Մաթիաս Քեսլէր վստահեցուց, որ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին հնարաւորը պիտի ընէ՝ շարունակելու համար երկու երկիրներու միջեւ զարգացնել առկայ համագործակցութիւնը եւ նպաստելու համագործակցութեան նոր ոլորտներու ներգրաւման երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ։
Զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ տարածքաշրջանային խնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու շուրջ։