ՏԱՍՆԵՐԿՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ԺԱՄԿԷՏ
Անգարայի մէջ համախոհական կառավարութիւն մը ձեւաւորելու ուղղեալ աշխատանքները կը շարունակուին։ Այս շրջագծով երէկ ԱՔ կուսակցութեան եւ ՃՀՓ-ի ապագայ քայլերուն վերաբերեալ խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ՝ կուսակցապետներու առաջին հանդիպման աւարտին նշանակուած ներկայացուցիչներուն միջեւ։ Այսպէս, ԱՔ կուսակցութեան կողմէ Մշակոյթի նախարար Էօմէր Չելիք, իսկ ՃՀՓ-ի կողմէ փոխ-կուսակցապետ Հալուք Քոչ ունեցան տեսակցութիւն մը։ 1 ժամ 40 վայրկեան տեւեց այս տեսակցութիւնը, որու արդիւնքին յստակեցաւ ճանապարհային քարտէս մը։ Էօմէր Չելիք եւ Հալուք Քոչ որոշեցին երկու կուսակցութիւններուն կողմէ ձեւաւորել պատուիրակութիւններ՝ 3+1 կամ 4+1 ձեւաչափին մէջ։ Այս պատուիրակութիւնները առաջին հերթին արտաքին քաղաքականութեան, ժողովրդավարութեան, տնտեսութեան եւ ընկերային իրաւունքներու առանցքներուն շուրջ պիտի ծաւալեն քննարկումներ՝ ներթափանցելու համար իրարու դիրքորոշումներուն։ Պատուիրակութիւններու կազմի յստակեցման զուգահեռ՝ կ՚ենթադրուի, որ այս գործընթացին առաջին ժողովը տեղի ունենայ շաբաթավերջին։ Չելիքի եւ Քոչի միջեւ երէկ ձեռք բերուած պայմանաւոր-ւածութեամբ՝ կուսակցապետներուն պիտի թողուին այն հարցերը, որոնց շուրջ պատուիրակութիւնները պիտի յաջողին համաձայնութեան մը հասնիլ։ Եթէ խցանում մը յառաջանայ, ապա տեսակցութիւնները պիտի ընդհատուին։
Երկու կուսակցութիւններու շրջանակներուն կողմէ տրամադրուած տեղեկութիւններով՝ ամենէն ուշ տասներկու օրուան ընթացքին յայտնի պիտի դառնայ, որ համախոհական կառավարութիւն մը ստեղծել կարելի պիտի ըլլա՞յ, թէ ոչ։ Չելիք եւ Քոչ համաձայնեցան, որպէսզի քննարկումները տեղի ունենան երկու կուսակցութիւններու կեդրոններէն դուրս երրորդ վայրի մը մէջ։