ՄԵՐ ԳՐՈՂՆԵՐՆ ՈՒ ՕՏԱՐ ԲԱՌԵՐԸ (Է.)

Հայկական հին գաւառներու մէջ կրթական վիճակն ու թրքախօսութեան աստիճանը գիտնալու համար անպայմանօրէն պէտք է կարդալ ուսուցչուհի եւ հրապարակագիր Արշակուհի Թէոդիկի (որ կինն էր հայ բանասէր Թէոդիկի) «Ամիս մը ի Կիլիկիա» աշխատութիւնը, որ շրջելով բազմաթիւ հայկական գաւառներ գրի առած է իր տպաւորութիւնները:

Վերոյիշեալ աշխատութեան մէջ Արշակուհի կը գրէ «Սփոփարար երեւոյթ» խորագրով յօդուած մը, որուն մէջ կը ներկայացնէ հայերէն չգիցող մանուկներուն, ինչպէս նաեւ անոնց մայրերուն ուսումի հանդէպ ունեցած ծարաւը, որուն համար ալ գրողը այդ երեւոյթը կը կոչէ սփոփարար: Կիլիկոյ գիւղերէն մէկուն մէջ դպրոցի ընդունելութեան համար յայտարարութիւն կը տարածեն եւ կը խնդրեն փափաքողները եկեղեցի մօտենան. այդ պահը Արշակուհի կը նկարագրէ հետեւեալ ձեւով.- «Կիրակի առաւօտ եկեղեցին եղած ծանուցման մը վրայ, ծնողներ իրենց աղջիկներուն ձեռքէն բռնած՝ կը դիմեն խմբովին՝ զանոնք աշակերտուհի արձանագրել տալու համար։ Չնայինք խեղճերուն վրայ-գլուխին՝ որ գրեթէ չկայ, չնայինք անոնց գուլպայէ զուրկ ոտքերուն, այլ նայինք, եւ սխրանքո՜վ նայինք այն անուշ փափաքին՝ զոր ուսման համար ունին այս դժբախտ օրիորդներն իրենց ցաւոտ կուրծքերուն տակ, նայինք այն եռանդին՝ զոր տակաւին կը կրեն այրիացեալ մայրերնին իրենց սիրտին մէջ, զաւակներնին մօտ ատենէն կրթուած եւ հայախօս տեսնելու համար»:

Այս երեւոյթին դիմաց Արշակուհի հարց կու տայ. «Եւ ո՞վ պիտի ուզէր միթէ մերժել հայու այդ թրքախօս զաւակները...»:

Նոյն Արշակուհին գիւղերէն մէկուն մէջ պատանիի մը անունը կը հրացնէ եւ հետեւեալ ապրումները կ՚ունենայ. «Կ՚երկբայիմ հարցումիս պատասխան մը ստանալուս մասին. քան զի տեղացի հայը դժխախտաբար թրքախօս գոլով, հազուադէպ պարագայ մըն է եթէ հանդիպիս հոս մէկու մը որ հայերէն լեզուն հասկընայ ու խօսի»:

Հայ գաւառներու վիճակի մասին կը խօսի այլ գրող մը եւս՝ Լարենց (Լեւոն Քիրիշճեան) եւ հետեւեալ պատկերին մէջ թրքախօսութեան աստիճանը ցոյց կու տայ. ան իր «Պատասխանատուութիւններ. Մերը եւ անոնցը» հրապարակախօսութեան մէջ կը գրէ. «Կոտորածներէն հազիւ քանի մը շաբաթ առաջ, Ատանայի մէջ գործող հայ կուսակցութեան մը նախաձեռնութեամբ կը ներկայացուէր Աւերումն Անի Մայրաքաղաքինը, թրքերէն լեզուով, որովհետեւ Ատանայի հայութիւնը թրքախօս է եղեր»:

Գարեգին Սրուանձտեանց իր «Թորոս աղբար» աշխատութեան մէջ կը խօսի Զիլէ քաղաքին մասին եւ կը ներկայացնէ այդտեղ գործող «հայկական» վարժարան մը. «Զիլէի Հայք արտասուաց արժանի վիճակ մը ունէին. 200 աշակերտներ կ՚երթեւեկէին վարժարանը, ուր հասարակ ընթերցանութիւն եւ գրել կը սորվէին, սակայն առանց երբեք հայերէն խօսելու եւ առանց հասկնալու»: Այսինքն ոչ միայն Հայերէն չէին գիտեր, այլ նոյնիսկ պարզ հայերէնի դասընթացք մը գոյութիւն չունէին, որովհետեւ գաւառները հայ լեզուի վարժապետ ղրկելը բաւականին դժուար էր, որովհետեւ գաւառները այնքան ալ ի վիճակի չէին պահելու վարժապետ մը՝ մանաւանդ տիրող այդ աղքատ պայմաններուն մէջ»:

Իսկ աւելի տարօրինակը այն է, որ այդ աշակերտները հակառակ հայերէն չի հասկնալնուն եկեղեցւոյ աղօթքները կը կատարէին հայերէնով՝ առանց բառ մը հասկնալու. Գարեգին Սրուանձտեանց հետեւեալ տողերով կը նկարագրէ անոնց եկեղեցական արարողութեանց մասնակցութիւնը. «Կայտառ մանկունք եւ տիրացուք շատ կանոնաւորութեամբ կ՚երգէին եկեղեցին ու կ՚ընթեռնուին ընթերցուածները անսխալ, բայց եւ ոչ բառ մը հասկընալով»:

Անցնինք մեր բառերուն.-

ԻԵ.- ԻՄԱՄ

Տարօրինակ ձեւով, մինչեւ օրս այս բառին հայերէն տարբերակը չունինք. բառարաններու մէջ կը գտնենք իմամ բառը, սակայն անոր որպէս հոմանիշ հայերէն բառի մը չենք հանդիպիր. կը գտնենք նման բացատրութիւն մը «Մահմետական կրօնի հոգեւորական», սակայն յատուկ փոխարժէք մը չունի այս բառը, գուցէ այդ մէկը եւս պատճառ է, որ այս բառը շատ տարածում գտած է գրականութեան մէջ:

Օրինակի համար, Ղեւոնդ Ալիշան իր «Աբուսահլ հայ» աշխատութեան Դ. գլխուն մէջ կը գրէ. «քաղքէն եկած իմամ մի, «Սկսաւ նեղել զքրիստոնեայս, եւ պարգեւներ պահանջել կաշառի կերպով»:

Սիմէոն Լեհացի իր «Ուղեգրութիւն» աշխատութեան մէջ կը գրէ. «Եկեղեցի կամ մէջիթ չունին, ոչ քահանայ, ոչ ռապի, ոչ իմամ»:

Շաւարշ Միսաքեան իր «Օրեր եւ ժամեր» աշխատութեան մէջ կը յիշէ նոյնիսկ այն ճաշատեսակը, որ կը կոչուի «Իմամ պայըլտը»:

Յովսէփ Մալէզեան իմամ բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել «ժողովրդապետ տաճկաց» ձեւը: Սակայն կը կարծենք, թէ Լեզուի կոմիտէն պէտք է ուսումնասիրութեան առարկայ դարձնէ այս բառը եւ ի կարգին ստեղծէ համապատասխան հայերէն բառը:

ԻԶ.- ԻՆԱՏ

Ինատ բառը մինչեւ օրս գործածուող բառերէն մէկն է. նոյնիսկ սփիւռքի մէջ կը գործածուի «ղիյնատ» տարբերակը, որ նոյնինքն ինատն է: Պոլսահայ գրողներէն բացի մատենագիրներուն մօտ եւս կարելի է հանդիպիլ այս բառին.-

Մատենագիր ու տաղասաց Մարտիրոս Ղրիմեցի, որ ապրած է 1600-ական թուականներուն, իր բանաստեղծութիւններէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Զինչ որ ասես կառնէ ինատ , խիստ նզոված է եւ մուրթատ»:

Սիմէոն Լեհացի եւս իր «Վիպասանութիւն Նիկոլական» բանաստեղծութեան մէջ կը գրէ. «Չկատարեց զխնդիր նոցին, ինատ արաւ ի յիւր մտին»:

Այս բառի գործածութիւնը կարելի է տեսնել նաեւ Արփիար Արփիարեանի «Ոսկի ապրջան» աշխատութեան մէջ. «կը հանգչեցնէ, սիրտը կ՚առնէ, միւս օրն ալ բեռը կը թեթեւցնէ, որ չըլլայ թէ նորէն ինատը բռնէ»:

Յովսէփ Մալէզեան ինատ բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել հայերէն կամակոր բառը:

•շարունակելի…

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -321-

Ունէինք հարազատ մը, որ իր զաւակներու ծնունդէն ի վեր անոնց հետ կը խօսէր ֆրանսերէն լեզուով, որովհետեւ համոզուած էր, որ այդպիսով իր մանուկները շատ աւելի լաւ կրթութիւն ստանան: Ուրիշներու մանուկները գուցէ կարենային հայերէն լեզուով մինչեւ քսան հաշուել. այդ մէկը իրենց համար ոչ մէկ նշանակութիւն ունէր. իր մանուկին ֆրանսերէն լեզուով մինչեւ հինգ հաշուելը շատ աւելի տարբեր իմաստ մը ունէր:

Ամէն առիթի ֆրանսերէն լեզուով կ՚ըսէր, որպէսզի մանուկը հաշուելու սկսի եւ աշխարհի համար մեծ իրագործում մը ըրած ըլլալու հպարտութեամբ, սքանչացումով կը նայէր իր երեխային, որ ո՛չ թէ խելացի, այլ օտարախօս ըլլալու ճամբան բռնած էր՝ ու մինչեւ օրս կը բռնէ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Օգոստոս 21, 2023