Հինգշաբթի 28, Նոյեմբեր 2024
ՃԷՅԼԱՆՓԸՆԱՐԻ ՄԷՋ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ԵՐԿՈՒ ՈՍՏԻԿԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ
Մինչ Սուրուչի դէպքերուն պոռթկումը կը շարունակուի բովանդակ երկրին մէջ, այս առաւօտ Շանլըուրֆայէն վերստին հասան մտահոգիչ ու ցաւալի լուրեր։ Այսպէս, քաղաքին մէջ պատահեցաւ նոր յարձակում մը։ Շանլըուրֆայի կուսակալ Իզզետտին Քիւչիւք յայտարարեց, որ դէպքին հետեւանքով նահատակուեցաւ երկու ոստիկան։ Յարձակումը պատահեցաւ Ճէյլանփընար գաւառակին մէջ։
Կուսակալին կողմէ փոխանցուած բացատրութիւններով, երկու ոստիկանները իրենց բնակարաններէն ներս գտուած են մահացած վիճակի մէջ։ Հետաքննութեան ձեռնարկուած է ճշդելու համար, որ դէպքը ահաբեկչութեան հետ կապ ունի, թէ ոչ։
Չորեքշաբթի, Յուլիս 22, 2015