ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Ազատութիւնը իմացականութեան եւ կամքին արմատացած կարողութիւնն է գործելու կամ չգործելու, ընելու այս կամ այն, ինքնակամ վճռելու կատարելիք գործեր։ Ինքնակամութեամբ իւրաքանչիւր ոք տէր է իր անձին։ Մարդուն մէջ ազատութիւնը զօրութի՛ւն մըն է աճումի եւ հասունութեան՝ ճշմարտութեան եւ բարութեան մէջ։
Հոգեւոր մարզի մէջ, ազատութիւնը կը հասնի իր կատարելութեան, երբ կը կարգաւորուի, դէպի Աստուած՝ մեր երանութիւնը։
Ազատութիւնը երբ նկատի առնուի որպէսզ զօրութիւն, ազատութեան ճշմարիտ հասկացողութիւնը պէտք է յանդիմանէ ամէն չար եւ վնասակար արարքներու հեղինակները։ Արդարեւ, դարերէ ի վեր արտաքին բռնակալութիւնը ուզեց խորտակել, ոչնչացնել ազատութեան աւետաբեր պտուղները… եւ չյաջողեցան։ Եւ այդ չար եւ վնասակար արարքները մարդկային անհատական ներքին կեանքին մէջ կը սողոսկի եւ քանդիչ հետեւանքներու պատճառ կ՚ըլլայ։ Եւ այս չար եւ վնասակար հոսանքներու պատճառով ոմանք կը հեռանան Եկեղեցւոյ բարեբեր հովանաւորութենէն։ Օտարամուտ հոսանքներէ տարուելով եւս ոմանք կը շեղին իրենց աւանդական լուսաւոր ճամբայէն։
Այս կէտին, ահաւասիկ, ազատութեան սխալ հասկացողութիւնը, կամ, ըսենք՝ չափազանցութիւնը կամ շահագործումը անհատական եւ ընկերային կործանումներու, փլուզումներու պատճառ կրնայ ըլլալ։ Քանի որ ազատութիւնը անսահման, անեզր իրաւունք մը չէ՛։
Զօրութեամբ իր հոգիին եւ հոգեւոր կարողութիւններով ճոխացած իր իմացականութեան եւ կամքին, մարդը օժտուած է ազատութեամբ՝ առանձնաշնորհեալ նշան՝ աստուածային պատկերին։ Մարդը իր բացումով դէպի ճշմարտութիւնը, բարութիւնը եւ գեղեցկութիւնը. իր զգացումով բարոյական բարիին, իր ազատութեամբ եւ իր խղճմտանքին ձայնով անհունին եւ երջանկութեան իր տենչանքով՝ մարդը ինքզինք կը հարցաքննէ Աստուծոյ գոյութեան մասին։ Այս բոլորին ընդմէջէն ան կը նշմարէ իր աննիւթական հոգիին նշանները։ Իր հոգին, սերմ յաւիտենականութեան, զոր կը կրէ իր մէջ եւ որ անվերածելի է լոկ նիւթէն, իր ծագումը չի կրնար գտնել եթէ ոչ միայն Աստուծոյ մէջ։ Ուստի, աշխարհը եւ մարդը կը վկայեն, թէ իրենք իրենց մէջ ո՛չ իրենց սկիզբը եւ ոչ ալ իրենց վերջնական վախճանը ունին, այլ մաս կը կազմեն Արարչին էութեան, որ անսկիզբ է եւ անվախճան։
Այսպէս՝ այս զանազան «ուղիներով» մարդը կարող է մատչիլ իրականութեան ճանաչումին, ճշմարտութեան ծանօթութեան մը գոյութեան, որ առաջին պատճառն է եւ վերջնագոյն վախճանը ամէն բանի, ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի. «եւ զոր ամէնքը կը կոչեն Աստուած»։ Մարդուն ազատութեան կարողութիւնները զինք ատակ կը դարձնեն անձնաւոր Աստուծոյ գոյութիւնը ճանչնելու։ Եւ որպէսզի մարդը կարենայ մտնել Իր մտերմութեան մէջ, Աստուած ուզեց Ինքզինք յայտնել մարդուն եւ տալ անոր շնորհքը, որ կարենայ ընդունիլ այս յայտնութիւնը հաւատքի միջոցով։
Մեղքին իրողութիւնը, եւ աւելի յատուկ կերպով սկզբնական մեղքին, չի՛ լուսաբանուիր եթէ ոչ աստուածային Յայտնութեան լոյսին տակ։ Առանց ճանաչումին, զոր ան կու տայ մեզի Աստուծոյ մասին, կարելի չէ յստակօրէն ճանչնալ մեղքը։
Այս մասին մարդս կը փորձուի բացատրել զայն միայն որպէս թերութիւն՝ հոգեբանական տկարութիւն, սխալմունք։ Բայց այս պարագային, միա՛յն աստուածային ծրագրին ճանաչումովը կարելի է հասկնալ, թէ մեղքը զեղծո՛ւմն է ազատութեան, զոր Աստուած է ստեղծած ու անձերուն տուած, որպէսզի անոնք կարենան սիրել զԻնք եւ սիրել զիրար…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 21, 2023, Իսթանպուլ