ՄԱՆԿԱՆՑ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՒԱՔ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մանուկներու ուղղեալ աշխատանքները կը շարունակուին։ Հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, երէկ, ծրագրի հերթական փուլին մէկտեղուեցաւ փոքրիկներու հետ, որոնց աշխատանքները կը գլխաւորէ Թանիա Փաքերթիք։ Ամրան շրջանի նախաձեռնութեան եզրափակիչ փուլը բնորոշեց երէկուան մէկտեղումը, որու ընթացքին թէ՛ մանուկները եւ թէ իրենց ծնողները ունեցան վառ ապրումներ։ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան այս առթիւ գնահատեց Թանիա Փաքերթիքի ջանքերը։

Բոլորը բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին յառաջիկայ աշխատանքային շրջանին համար եւ հրաժեշտ առին՝ յաջորդ ամրան զիրար վերագտնելու ակնկալութեամբ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 23, 2023