ՄԵՆՔ՝ ԵՒ ՍԱ ԱՇԽԱՐՀԸ
Մենք եւ սա աշխարհը: Բայց անպայման... ՄԵ՛ՆՔ:
Անկեղծօրէն, յաճախ այս մասին երկար կը մտածեմ: Անոր համար այսօր պահանջք զգացի արտայայտուելու: Մտահոգ հայու մը համար, լուրջ վախի ստուեր մըն է այս մէկը, որ կարծես սկսած է նշմարելի դառնալ ամէն տեղ: Չեմ փորձեր, ոչ ալ կը ցանկամ գրիչս լալկան վազքի մը մէջ նետել: Նաեւ չեմ գիտեր ինչպէ՞ս յանկարծ ներքին ձայն մը կը սկսի յուշելու զիս ու առաջնորդել մտածումներս:
Որովհետեւ... նպատակը սրտիս մօտ է.- Մենք, որ հաւասար է.- սփիւռք, հայրենիք եւ անպայման՝ Արցախ: Ճակատագրական երեք թեւերը մեր ժողովուրդին: Իրարու ծանօթ եւ երբեմն ալ անծանօթ: Բայց, մենք անծանօթներ չէինք։ Թէեւ տարբեր ճակատներու վրայ կ՚աշխատէինք, թերեւս առանց վերահասու ըլլալու, որ եթէ մենք մեր ժողովուրդին կը ծառայէինք, պէտք է գիտնայինք, որ մեր ժողովուրդը մէկ է, չի կրնար երկու կամ երեք ըլլալ։
Վերջ ի վերջոյ բոլորս ալ հայեր ենք եւ բոլորս ալ կոչուած ենք միասին կերտելու մեր կեանքը, մեր ժողովուրդի միակ հայրենիքն ու անոր ապագան: Մեր հարցերը պարտաւոր ենք լուծել առանց անցեալի միջամտութեան: Մերկ լոյսի տակ: Առանց լալու կամ տրտնջալու: Առանց աւելորդ ցուցապաշտութեամբ: Առանց խաբելու եւ խաբուելու: Առանց անցեալի եւ ներկայի, հին ու նոր սխալները կրկնելու: Առանց զիրար վիրաւորելու եւ անարգելու: Համբերութեամբ, յարգանքով եւ տրամաբանութեամբ եւ համախորհուրդ լրջութեամբ:
Բայց հարց է, թէ այս բոլորը ո՞ր «զէնքերով» կարելի պիտի ըլլայ իրականացնել: Ի՞նչ հոգեկան կարողութիւններով եւ միջոցներով: Ո՞վ մեր սխալները «շտկել» պիտի նախաձեռնէ: Ո՞ւր: Ինչպէ՞ս: Ե՞րբ: Ուստի եւ անպայման... վերջապէս բոլորս ալ իջնելու ենք իրական աշխարհ, ազատուած ուրուականներէն, լայն ու գիտակից ուշադրութեամբ եւ հանգիստ ու դրական սրտով ու մօտեցումով: Յաճախ բոլորս ալ կը հպարտանանք, որ հարուստ մշակոյթ ժառանգած ժողովուրդ ենք:
Կ՚ուզէի, որ մենք ալ, իբրեւ հայեր այս աշխարհի վրայ, ազգովին բոլոր մեծ ու փոքր բայց ազգերու կամ պետութիւններու նման, մեր երկրի անկախութեան տէրը դառնայինք, գուրգուրոտ մնայինք, չարտագաղթէինք, հողին կապուած ապրէինք, հայրենի երկիրը շէնցնէինք, ազգային ոգիով լեցուն միասին ապրէինք, աւանդով եւ իմաստաւորուած։
Է՛հ, ի՞նչ ընենք... ուզենք կամ ոչ... սփիւռք կ՚ապրինք: Մարդուս հոգին այս օտարութեան մէջ կրնայ հատնիլ: Գիտենք...: Որովհետեւ լաւատեղեակ ենք, թէ հոգին եթէ անգործ ու անզգայ մնայ, ժանգ կը կապէ ու այդ նոյն ժանգը կրնայ զինք փճացնել։ Եւ արդեօք հոգիի այդ ժանգը սրբելու համար ինչե՜ր պէտք է մտածե՞նք կամ գործադրենք: Ընենք: Կատարենք: Այս մէկը չենք գիտեր: Կամ գիտենք... սակայն չգիտնալ կը ձեւանանք:
Ահա մեծգոյն մտահոգութիւններէն մէկը: Կարեւորագոյներէն՝ էականը, եթէ կ՚ուզէք:
Քանի մը տասնեակներէ ի վեր, Արցախի, հայրենիքի եւ սփիւռքներու տարածքներուն հայութիւնը կ՚ապրի վիճակ մը, որ դժուար է մէկ բառով բնորոշել: Տագնապ անուանել զայն թէ ո՛չ ուրիշ «բան»: Չեմ գիտեր: Լճացում՝ կամ զանազան ծանօթ եւ անծանօթ վիճակներու խառնուրդ: Դուք ճշդեցէ՛ք:
Որովհետեւ այն աշխարհը, որ բոլորս ալ կ՚ապրինք, մեր աչքերուն առջեւ ամէն օր կը փոխուի: Եւ աւելին՝ տակաւին ներկայ համաշխարհային նիւթական, տնտեսական եւ քաղաքական մեծ ու փոքր տագնապներուն մէջ հայութեան դիրքն ու վիճակը բնորոշելն ալ դժուար է, որովհետեւ դժուար է բնորոշել ներկայ աշխարհի այս անօրինակ իրավիճակը:
Ամէն օր նոր տագնապներ, նոր արժէքներ, նոր սովորութիւններ մուտք գործած են եւ տակաւին կը գործեն մեր ամէնօրեայ կեանքէն ներս, ու մենք լիովին կամ կէս կատար զանոնք ընկալելէ ետք, սկսած ենք կամայ թէ ակամայ պատրուակներ փնտռել եւ համոզել մենք զմեզ:
Պայմանները փոխուած են՝ ըսինք: Բայց եւ այնպէս, տխուր է իրականութիւնը եւ իրմէ ծնունդ առած պատկերը:
Կը հաւատամ, որ ամէն ինչ վարժութիւն է եւ վարժութենէն կը ծնի համակերպումը:
Մեր կարգին, մենք որ հաստատուած ենք Ամերիկա եւ գիտակցաբար կամ ոչ, ու մեր հետ բերած ենք մեր գիտցած եւ չգիտցած նախկին հին ու նոր կանոններն ու սովորութիւնները, մեր սէրերն ու ատելութիւնները, մեր գիտակից եւ անգիտակից որոշումները, աւանդութիւններն ու մեր ստեղծած օրէնքները, որոնք շատ յաճախ բորբոսած են, հինցած կամ կարկտնուած եւ կամ ալ այլեւս անգործնական դարձած են:
Ճիշդ կամ սխալ, սփիւռքի տարածքին շատ մը գաղութներէ ներս, զանազան ինքնարդարացումներով շատեր հաշտուած ու համակերպած կ՚ապրին ու անզգալաբար արդէն իսկ համաշխարհայնացման հետեւանքներուն ստրուկ դարձած են եւ չեն կրցած զանոնք պատշաճեցնել մեր իրականութեան:
Ըսի՛, փոխուած են ժամանակները եւ իրենց հետ փոխուած են նաեւ ապրելու եւ գոյատեւելու մեր պայմանները: Ու երբեք քաջութիւնը չենք ունեցած ըսելու, թէ ժամանակէն առաջ նախ մենք ենք որ փոխուած ենք, մեծով ու պզտիկով:
Պարզ իրականութիւն է, որ ազգովին կը գտնուինք նորագոյն պատմութեան ճակատագրական հանգրուանի մը սեմին:
Ու նորութիւն մը չէ... բազմացած են մեր ազգային գոյութեան սպառնացող վտանգները, որոնք ձեւով մը մեզ բազմաշերտ դարձուցած են, մեր ամէնօրեայ հեւքին մաս կը կազմեն արդէն:
Բայց անկախ այս բոլորէն, կը հաւատամ նաեւ, որ ներկայ այս ընդհանրական տառապանքը, ամրացուցած է մեր ժողովուրդի գոյութեան պայքարը:
«Որքան որ հոսանքը ուժգին ըլլայ, այնքան թիավարողին ճիգը հզօր կ՚ըլլայ», ըսած են մեր մեծերը: Ու ճիշդ են:
Փա՛ստ... նայեցէ՛ք, մէյ մը ձեր չորս կողմը: Բայց միւնոյն ատեն մի՛ մոռնաք, որ քննադատութիւնը կը սկսի ինքնաքննադատութեամբ:
Ուրե՞մն...
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Հարթակ
- 11/30/2024