ՄԵՐ ԳՐՈՂՆԵՐՆ ՈՒ ՕՏԱՐ ԲԱՌԵՐԸ (Թ.)

Ի տարբերութիւն ներկային, անցեալի օտարախօս սերունդը ունէր գիր-գրականութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն մը. հայերէն չհասկնալով հանդերձ անոնք մօտ էին մամուլին, գիր-գրականութեան եւ ամէն ձեւով կը փորձէին աղերսուած մնալ այդ բոլորին, որովհետեւ հակառակ լեզուի պակասութեան, հայրենասիրութեան շունչ մը կար անոնց մէջ, պատկանելիութեան գիտակցութիւն մը, ինչ որ պատճառ կ՚ըլլար, որ գրողներ անտարբեր չմնան անոնց հանդէպ:

Կայ այլ տարբերութիւն մը եւս. կը տեսնենք, որ հին ժամանակ թրքախօս սերունդը հակառակ հայերէն լեզուին լաւապէս չտիրապետելուն, լաւապէս ծանօթ էր այբուբենին. անոնք առանց դժուարութեամբ կրնային կարդալ հայատառ թրքերէնը. այսօր պատկերը գրեթէ ամբողջութեամբ հակառակ է. ունինք մեծ թիւով երիտասարդութիւն, որոնք հայերէն խօսիլ գիտեն, սակայն չեն կրնար կարդալ, ինչ որ ամբողջութեամբ հակառակ պատկերն է անցեալին: Իրականութեան մէջ երկուքն ալ քննադատելի են, որովհետեւ կարդալ սակայն խօսիլ չգիտնալ, նոյնպէս խօսիլ՝ սակայն խօսիլ չգիտնալ թերութիւն են պարզապէս:

Հայ հրապարակախօս ու բանասէր Յակոբ Թէրզեան իր «Կիլիկոյ աղէտը» աշխատութեան մէջ շատ մը կարեւոր մասեր հայերէնի կողքին կը գրէ նաեւ հայատառ թրքերէն, որպէսզի կարդան եւ հասկնան նաեւ անոնք՝ որոնք հայերէն չեն գիտեր. ան կարեւոր պաշտօնագիր մը հայերէնի կողքին հայատառ թրքերէն կը հրատարակէ հետեւեալ բացատրութիւնը տալով. «Թրքախօս ազգակիցներուս ալ մաս մը յատկացնելու փափաքով այս պաշտօնագիրը նոյնութեամբ հայատառ թրքերէն կը հրատարակեմ»: Այս տողը ինքնին փաստ մըն է, որ հակառակ հայերէնի պակասին, հայութեան հանդէպ ունէին հետաքրքրութիւն եւ հակառակ կողմնակի ազդեցութիւններուն ձեւով մը կը փորձէին կապուած մնալ ազգայինին:

Թրքախօսութիւնը, սակայն իր վատ կողմերու կողքին ձեւով մը ունեցած է նաեւ դրական կողմեր. օրինակ՝ լրտեսական աշխատանքներու մէջ հայեր գործած են թրքախօս հայեր՝ որոնք ոչ միայն լեզուով, նոյնիսկ դէմքով նման եղած են թուրքերու։ Նման տիպար մը կը տեսնենք Զապէլ Եսայեանի «Մուրատի ճամբորդութիւնը Սվազէն» աշխատութեան մէջ, ուր Սարգիս անունով անձ մը կը նկարագրէ հետեւեալ տողերով.- «Ղրկեցինք կիւրինցի Սարգիսը, որ նոր եկած էր մեզ մօտ եւ իսկական թիւրքի կը նմանէր եւ ինքն ալ թրքախօս էր. գնաց եւ տեղեկութիւն բերաւ ամէն կատարուած բաներու մասին»:

Թրքախօսութիւնը սակայն տարբեր էր մերօրեայ թրքերէն լեզուէն։ Անոնք թրքերէնէ աւելի բարբառներ կը գործածէին եւ նոյնիսկ շատ անգամ իրարու քով գտնուող գիւղեր զիրար չէին հասկնար՝ ամբողջութեամբ տարբեր բարբառին պատճառով: Յակոբ Օշականի «Մաթիկ Մելիքխանեան» աշխատութեան մէջ կը կարդանք.- «Օտար լեզուով կը խօսին յաճախ, եւ որոնց մէկ թաղին մէջ ընթացիկ բարբառը միւսին համար անհասկնալի է»: Այդ իսկ պատճառով կրնանք ենթադրել, թէ անոնց խօսածը ամբոջութեամբ թրքերէն չէր, այլ անոր մէջ գոյութիւն ունէին հայերէն բառեր եւս:

Անցնինք մեր բառերուն.-

Լ.- ԽԱԹԸՐ

Այս բառը մինչեւ օրս արեւմտահայերէնի մէջ կը գործածուի՝ «իմ խաթրիս» կամ «այսինչին խաթրին» տարբերակով։ Արեւմտահայերու մօտ եւս գործածուած բառ մըն է, որ գրեթէ հայացուցած ենք.

Խաթըր բառի գործածութիւնը կը տեսնենք Գարեգին Սրուանձտեանցի մօտ. ան իր «Վիճակագրական յօդուածներ, տեղագրութիւններ» աշխատութեան մէջ կը գրէ. «Նորա խաթըր պէտք չէ կոտրել»:

Այս բառը գործածողներէն մէկն է Յակոբ Պարոնեանը. ան իր «Քաղաքավարութեան վնասները» աշխատութեան մէջ իր տիպարներէն մէկուն բերնով կ՚ըսէ. «Բարեկամաց ալ խաթրը կը սեպեն քիչ մը, էֆէնտիմ, խաթըր իչին չիյ թաւուք ենիր» (խաթըրի համար հում հաւ կ՚ուտուի)»:

Հին հայկական միջնադարեան ժողովրդական երգերուն մէջ եւս կարելի է գտնել խաթըր բառը. օրինակ՝ երգերէն մէկուն մէջ կը գտնենք.-

«Թէ դառնամ զերկինք գովամ,
Նա գետնի խաթըր կու մնայ.
Թէ դառնամ գետինն գովամ,
Ստեղծողի խաթըր չի մնար»

Յովսէփ Մալէզեան խաթըր բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ «ի շնորհս» տարբերակը. վստահ չենք, թէ առաջարկուած այս տարբերակը ինչքանով կը բացատրէ խաթրին ճշգրիտ իմաստը:

ԼԱ.- ԽԱԼԻ

Այս բառը կրնանք ըսել, թէ «հայերէն» բառ է, որովհետեւ Հայաստանի մէջ նոյնիսկ գորգի փոխարէն կը գործածեն խալի բառը, եւ նոյնիսկ յայտարարութիւններու մէջ կրնաս հանդիպիլ «Խալիի լուացում» ձեւին:

Խալի բառի գործածութիւնը գոյութիւն ունէր նաեւ 1600-ական թուականներուն. անոր լաւագոյն փաստերէն է Զաքարիա Ագուլեցիի օրագրութիւնը:

Խալի բառին կը հանդիպինք նաեւ Նահապետ Քուչակի երգերուն մէջ. ան «Անտունները» երգին մէջ կ՚ըսէ. «Սփռեց էպիւշիւմ խալի որ վործած տեսերկու տարի»:

Տարօրինակ է որ շատ անգամ գորգին ինչ ըլլալը բացատրելու համար տուած են խալի բացատրութիւնը. օրինակի՝ «Աշխարհագրութիւն չորից մասանց աշխարհի. Ասիա» աշխատութեան մէջ կը կարդանք.- «Թօխաթու. ասուեղէն գուլպա որ ՚ի Խզու. գորգ այսինքն խալի»:

Յովսէփ Մալէզեան բնականաբար խալի բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ գորգ հայերէն բառը:

ԼԲ.- ԽԱԼՖԱ

Այս բառը գուցէ ամենէն շատ կը տեսնենք թատրերգութիւններու մէջ. օրինակ՝ Յակոբ Օշականի «Կնքահայրը» թատերախաղը, որ չորս արարով պոլսական բարքերը կը ներկայացնէ, թատրերգութեան խօսակցութիւնը հիմնականին մէջ տեղի կ՚ունենայ խալֆային եւ Տիգրանին միջեւ:

Խալֆա բառը կը գտնենք Արփիար Արփիարեանի «Մինչեւ ե՞րբ» աշխատութեան մէջ. Արփիարեան կը գրէ. «Ինքը խալֆա եղաւ, անոնք ալ պէյ, փաշա. իրար բռնեցին, իրարու արհեստակցական լեզուէ աղէկ հասկնալով»:

Խալֆա բառը որպէս ածական ու պաշտօն գործածուած է շատ մը հայերու համար. օրինակ՝ Աւետիս Պէրպէրեանի «Պատմութիւն հայոց» աշխատութեան ԻԳ. գլուխին մէջ կը հանդիպինք Գրիգոր խալֆայի մը:

Յովսէփ Մալէզեան խալֆա բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել «ճարտարապետ» բառը:

•շարունակելի

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -323-

Սփիւռքէն եկած հայ երիտասարդի մը հետ գացինք ճաշարան մը՝ հաց ուտելու: Ճաշացուցակը գրուած էր հայերէն լեզուով. նկատեցի, թէ տղան չէր կարդար: Պատճառը հարցուցի. յայտնեց, թէ ճաշացուցակը ռուսերէն լեզուով է եւ ինք ռուսերէն կարդալ չի գիտեր: Մատուցողէն խնդրեց, որպէսզի իրենց անգլերէն ցուցակը մօտեցնեն, որպէսզի տեսնէ ու հասկնայ, թէ ինչ ճաշատեսակներ ունին:

Բարեբախտաբար սփիւռքահայ այս տղու նշանածը սուրիահայ մըն էր եւ անոր շնորհիւ քիչ մը սորված էր հայերէն խօսիլ՝ բայց ոչ կարդալ. տառերը ամբողջութեամբ անծանօթ էին իրեն...:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 23, 2023