ՄՍԱԿԵՐՆԵՐ ԵՒ ԽՈՏԱԿԵՐՆԵՐ

Աւանդական խօսք մը կայ՝ մսակերներ կը տիրապետեն խոտակերներուն։ Պատմական եւ բնական փաստեր, ընդհանրապէս, կը հաստատեն այս խօսքին գործնականութիւնը։ Բնականօրէն, մսակերներ աւելի յանդուգն եւ խիզախ, աւելի համարձակ եւ աւելի վայրենի, վայրագ կ՚ըլլան ընդհանրապէս, իսկ խոտակերներ՝ աւելի հեզ, աւելի հանդարտ, աւելի հլու եւ հնազանդ կ՚ըլլան առհասարակ։ Ասիկա աւելի շատ նկատելի է անասուններու մէջ, զոր օրինակ՝ առիւծը եւ ոչխարը, որոնք բացայայտօրէն կը փաստեն վերոյիշեալ գաղափարին իրականութիւնը։

Ինչպէս միշտ, այս հարցին մէջ ալ կրնան բացառութիւններ գտնուիլ, բայց բացառութիւնը չի՛ փոխեր էականը։

Եւ մարդն ալ բնութեան մաս կը կազէ, ան որքան ալ բանականութեամբ օժտուած ըլլայ, վերջապէս բնութեան օրէնք եւ կանոններուն կը հպատակի, անոնց ազդեցութենէն չի կրնար բոլորովին եւ հիմնովին ձերբազատուիլ։

Գրուած եւ պատուիրուած է, թէ ո՛չ աջ եւ ոչ ալ ձախ պէտք է խոտորիլ. շնչական ախտը «աջի» կը կոչուի իսկ մարմնականը՝ «ձախի»։ Ոմանք, իրենց օրերը պարապ կ՚անցընեն, այս երկուքը զիրենք կ՚առաջնորդեն եւ կը մեղանչեն առանց անդրադառնալու եւ հասկնալո՛ւ։ Որովհետեւ Աստուծոյ եւ մարդոց թշնամին այս ախտով յաղթեց հողեղէն Ադամին եւ այս նոյն ախտով պարտուեցաւ հոգեղէն Ադամէն։ Այս ախտով սպաննեց երկրաւոր Ադամը եւ այս ախտով սպաննուեցաւ երկնաւոր Ադամէն։ Այս ախտով խաբեց նախահայր Ադամը եւ այս ախտով խաբուեցաւ նորածնեալ Ադամէն։ Այս ախտով կուլ տուաւ շնչաւոր Ադամը եւ այս ախտով թքաւ՝ աստուածեղէն Ադամով։

Քրիստոնեային ներքին խաղաղութիւնը կրնայ բազմազան ձեւերով արտայայտուիլ։ Սուրբ Գիրքը եւ եկեղեցական Հայրերը կը շեշտեն մանաւանդ երեք ձեւ. ծոմապահութիւն, աղօթք եւ ողորմութիւն։ Ծոմապահութեան մասին Յիսուս սապէս կ՚ըսէ. «Երբ ծոմ կը պահէք, տրտմերես մի՛ ըլլաք կեղծաւորներու նման, որոնք իրենց երեսը կը կախեն, որպէսզի մարդոց ցոյց տան թէ ծոմ կը պահեն։ Վստահ եղէք, միայն ատիկա է անոնց վարձատրութիւնը։ Ընդհակառակը, երբ դուն ծոմ կը պահես, օծէ՛ գլուխդ եւ լուա՛ երեսդ, որպէսզի մարդիկ չտեսնեն թէ ծոմ կը պահես, այլ՝ միայն Հայրը, որ անտեսանելի է, եւ Հայրդ, որ կը տեսնէ կատարածդ, քեզ պիտի վարձատրէ յայտնապէս». (ՄԱՏԹ. Զ 16-18)։

Ծոմապահութիւն՝ կը նշանակէ կամաւորաբար ինքզինք ամէն ուտելիքէ զրկել ժամանակ մը, սովորաբար մէկ կամ քանի մը օր։ Նպատակը կրնայ ըլլալ՝ կա՛մ աղօթքի նուիրուիլ, եւ կամ իբրեւ ապաշխարութեան նշան՝ ինքզինք խոնարհեցնել Աստուծոյ առջեւ, Քրիստոս ո՛չ միայն ինք յաճախ ծոմ պահեց, այլ նաեւ ծոմապահութիւնը յանձնարարեց իբրեւ ազդու միջոց՝ Աստուծոյ օգնականութիւնը եւ շնորհքները ունենալու համար։ Ճիշդ այդ նպատակով ալ քրիստոնեայ համայնքը պարագայաբար ծոմ կը պահէր։

Ծոմապահութիւն կամ պահեցողութիւն՝ մարդս կը մղէ խոնարհութեան, համեստութեան, այն՝ ինչ որ ներքին խաղաղութիւն կը ստեղծէ։ Պահեցողութիւնը նաեւ մարդուս մէջ կը ստեղծէ համակրական հասկացողութիւն «empathy», այսինքն՝ կերպով մը, զգալ անօթի դրացիի մը, բարեկամի մը կամ ոեւէ մէկու զգացածները, բաժնել անոր ցաւը եւ վիշտը, նեղութիւնները՝ մասնակից ըլլալ անոր կեանքին։

Բայց անշուշտ չի բաւեր անոր զգացածները զգալ, այլ մանաւանդ պէտք է անոր կարեկցիլ, օգնել անոր դրականապէս, ձեռքը բռնել եւ վերցնել, կանգնեցնել զայն…

Չէ՞ որ մարդուն առաջնակարգ կոչումը եւ թէ ստեղծման պատճառներէն մին է՝ իրերօգնութի՛ւնը։ Մարդ, իւրաքանչիւրը, ստեղծուած է տարբեր յատկութիւններով եւ կարողութիւններով. եւ անշուշտ թերութիւններով եւ տկար կողմերով, մէկ խօսքով անկատար կերպով, եւ անոնք իրերօգնութեամբ պէ՛տք է լրացնեն, ամբողջացնեն իրար եւ մարդ իրարու օգնելով է որ կը կատարելագործուի։

Մսակերները եւ խոտակերները (végétarien եւ բուսակեր) անգամ մըն ալ դիտենք այս տեսանկիւնէն…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 25, 2023, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Օգոստոս 26, 2023