ՋՈՒՐԻ ՊԷՍ ԸԼԼԱԼ…
Ի՞նչ է ձեր կարծիքը ջուրի մասին սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ։ Ընդհանրապէս, այն համոզումը կ՚ընդունուի, թէ ջուրը կեա՛նք է։ Ուրիշ խօսքով՝ կեանքը ջուրէն գոյութիւն կը ստանայ եւ ջուրը ամէն ինչի սկիզբն է։
Բայց մենք ջուրը կ՚ուզենք տարբեր տեսանկիւնէ մըն ալ դիտել։ «Ջուրի պէս ըլլալ…». մարդուս համար «ջուրի պէս ըլլալ» նպաստաւո՞ր է, թէ՝ աննպա՛ստ։ Ինչպէս յայտնի է, ջուրը հեղուկ է, հոսուն է եւ այս յատկութեամբ ան կայուն, հաստատ նիւթ մը չէ։ Ան իր այս յատկութեամբ, յաճախ իր պարունակուած միջավայրին, շրջապատին կը յարմարի եւ ըստ այնմ կը ձեւաւորուի։ Զոր օրինակ, սրուակի մը, գաւաթի մը, կաթսայի մը կամ որեւէ անօթի կամ շիշի մէջ՝ անոր ձեւը կը ստանայ. այսինքն ինք իրեն յատուկ ձեւ մը չունի, որովհետեւ կայուն նիւթ չէ։
Եթէ այս աչքով նայինք, ջուրը՝ համակերպող նկարագրի մը խորհրդանիշն է մարդուս համար։
Համակերպութիւնը՝ եթէ լաւատես աչքով նայինք, խաղաղութիւն, հաշտութիւն եւ խոնարհութիւն կ՚ենթադրէ։ Սակայն երբ յոռետեսութեամբ եւ ժխտական տրամադրութեամբ նայինք խոնարհութեան, ան տեսակ մը ստրկութիւն, գերութիւն եւ վատ հպատակութիւն է՝ որ նկարագրի տկարութիւն, ինքնութեան թերացում կ՚ենթադրէ։
Խոնարհութիւնը, բայց եւ երբեք նկարագրի տկարութիւն չ՚ենթադրեր, ընդհակառակը՝ զօրաւոր կամքի մը եւ ինքնավստահութեան արդա՛ր արտայայտութիւն մը։
Համակերպիլ, ան ալ անձնատուր ըլլալ չի՛ նշանակեր, ինչպէս ոմանք կը կարծեն։ Նուազագոյն հասարակաց սկզբունքներու վրայ համաձայնիլ՝ միջին եզր մը գտնել՝ երբեք անձնատուր ըլլալ չի նշանակեր, այնքան ատեն որ մարդ հիմնական սկզբունքներէն, հաւատալիքներէն, հաստատ համոզումներէն զիջում եւ նահանջում չունենայ։ Հասարակաց օգտին համար անձնական կարգ մը զիջումներ՝ մարդկութեան ի նպաստ զոհողութիւններ են եւ անոնք որ այդ զոհողութիւնները յանձն կ՚առնեն, «հերոս»ներ են, որ մարդոց մէջ խաղաղութիւն կը բերեն։ Արդարեւ, հերոսութիւնը միայն յաղթանակի մէջ չէ՛, այլ եւ նաեւ՝ չպարտուելու եւ լաւագոյն համաձայնութիւնը խաղաղութեամբ եւ հաշտութեամբ հաստատելու մէջ…
Եւ եթէ ջուրին համակերպութեան մարդուս բանականութիւնը ընկերանայ, հրաշալի՜ արդիւնք ձեռք կը ձգուի՝ միշտ ի նպաստ մարդկութեան օգտին։ Եւ եթէ մարդիկ ջուրի պէս ըլլային եւ անոր կցէին իրենց բանականութիւնը՝ անխուսափելի պիտի ըլլար երջանկութիւնը եւ ընկերային հաշտութիւնն ու խաղաղութիւնը, որ ընդհանրապէս կը պակսի հաւաքական կեանքէն։
Այո՛, «ջուրի պէս ըլլալ…», որքան որ կը խորհրդանշէ եւ կ՚անդրադարձնէ համակերպութիւնը, նո՛յնքան եւ կը խորհրդանշէ հզօր ուժը։ Պահ մը երեւակայեցէ՛ք ջուրի արագ հոսանքը՝ յորձանքը, մրրիկաւոր ալիքները եւ պտոյտքը։ Արագ հոսող ջուրին դէմ ի՞նչ կրնայ կանգուն՝ անխախտ եւ հաստատ մնալ։ Ջուրի կաթիլները չե՞ն որ կը ծակեն, յարատեւութեամբ կը խորտակեն, կը ջախջախեն ժայռեր, ապառաժներ։ Եւ բանականութեամբ օժտուած մարդուն համար յաճախ որքա՜ն դժուար եւ երբեմն անկարելի կ՚ըլլայ դէմ կանգնիլ արագ հոսող ջուրին՝ յորձանքին։ Եւ ջուրը իր այս յատկութեամբ պարտութեան կը մատնէ մարդը, եւ անկար, անճար կը թողու զայն։ Մարդ յաճախ ճարազուրկ՝ կը յանձնուի ջուրին անդիմադրելի ուժին։
Ահաւասի՛կ, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, «ջուրի պէս ըլլալ…», մարդուս համար նպաստաւոր պիտի ըլլայ իր կեանքի անվերջ պայքարին մէջ։
Այս աչքով դիտենք «ջուր»ը անգամ մըն ալ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 29, 2023, Իսթանպուլ