ՄԵՐ ԳՐՈՂՆԵՐՆ ՈՒ ՕՏԱՐ ԲԱՌԵՐԸ (ԺԳ.)
Ընտանիքը դպրոցի նախադուռն է:
Յաճախ կրթութեան մասին խօսելով, անդրադարձած ենք ծնողքի ունեցած կարեւոր դերին մասին, որովհետեւ տան մէջ հիմքը կը դրուի մանուկին կրթութեան. այդտեղ է որ կը կազմուի մանուկին լեզուամտածողութիւնը. եթէ հայրը, մայրը ըլլան օտարախօս եւ կամ թրքախօս, բնականաբար այդ մանուկը պիտի դառնայ օտարախօս եւ այս դժբախտ երեւոյթն է, որ մեզ կը ստիպէ յաճախ խօսիլ ընտանեկան կարեւորութեան մասին. այս երեւոյթն է յաճախ որ օտար ամուսնութեան դէմ ըլլալ կը ստիպէ մեզ:
Մանուկը կրկնութիւնը կը դառնայ ծնողքին, որովհետեւ ան հասակ կ՚առնէ լսելով առարկայի անունները. կը տեսնէ եւ անվերջ կը կրկնէ եւ իր լսածներուն հիման վրայ կը սկսի լեզու դուրս գալ եւ իւրացնել մեծերու խօսքերը: Մանուկին լեզու դուրս գալը եւս կրկնութեան հիման վրայ հիմնուած է. մանուկը իր ծնած օրէն կը սկսի լսել բառեր, արտայայտութիւններ եւ ամիսներ շարունակ իր ականջը կը լեցուի այդ բառերով։ Տեսած ենք, որ երեխաներ իրենց որպէս առաջին բառ «մամա» կամ «պապա» բառը կը հնչեցնեն. մանուկը իր ծնած վայրկեանէն այդ բառերուն անծանօթ է. այդ բառերը ինք լսելով է որ կը սկսի լեզու դուրս գալ եւ այս է պատճառը, որ ընտանեկան կրթութիւնը կը կարեւորենք. օրինակի համար, այն ընտանիքին մէջ ուր հայրը հայհոյախառն կը խօսի, բնականաբար այդ մանուկին բառապաշարին մաս պիտի կազմէ այդ բառերը եւս, որովհետեւ նոր ծնող մանուկը մաքուր թուղթի նման է, որուն վրայ կու գայ աւելնալ այն՝ որ ծնողքը պիտի տայ եւ մանուկը իւրացնէ:
Մանկավարժներ կը վկայեն, թէ շուտ խօսելու կը սկսին այն մանուկները, որոնք իրենց ընտանիքին հետաքրքրութեան կեդրոնը կը կազմեն։ Ծնողքը որքանով հետաքրքրուի, այնքան աւելի շուտ խօսելու կը սկսին անոնք. այս պատճառով ուսումնասիրողներ կը հաւատան, որ երկրորդ մանուկը մի՛շտ առաջին մանուկէն աւելի շուտ խօսելու կը սկսի, որովհետեւ բացի հօրմէն ու մօրմէն, անոր հետ կը զբաղուի նաեւ եղբայրը կամ քոյրը եւ մանուկը շատ աւելի բառեր կը լսէ եւ ինչքան շատ լսէ, այնքան շուտ կը սորվի եւ կը սկսի թոթովել:
Այս բոլորը նկատի ունենալով է, որ կ՚ըսենք, թէ տունը մանուկի մը առաջին դպրոցն է, որովհետեւ հոն պիտի կազմուի իրենց համար «մայրենի» թուացող լեզուն՝ ըլլայ ան հայերէն, թրքերէն, արաբերէն կամ այլ լեզու: Օրինակի համար, պատկերացուցէք տուն մը, որ սեղանին կ՚ըսեն «մասա». եթէ մանուկը մինչեւ դպրոց երթալը սեղանին «մասա» ըլլալը լսած է, բնականաբար դպրոցին մէջ սեղան մը տեսնելով «մասա» պիտի ըսէ, որովհետեւ այդ մէկն է իր մէջ տպաւորուողը. այս մէկը պարզ ապացոյց մըն է այն ճշմարտութեան, որ ծնողք ըլլալը մանուկը լոյս աշխարհ բերելէն տարբեր բան մըն է. արուեստ է պարզապէս մանուկ մեծցնելը եւ բոլորը արուեստագէտը չեն:
Անցնինք մեր բառերուն.-
Խ.- ԿԷՕԼ
Այս բառը գործածուած է տեղանուններու համար. օրինակի համար, Զէյթունի արեւելեան կողմը եղած է Կէօլբունար անունով հայկական փոքր շրջան մը՝ ուր ապրած է ընդհանուր քսան հայ ընտանիք:
Մատենագրութեան եւ գրականութեան մէջ բազմաթիւ լիճերու պարագային գործածուած է կէօլ տարբերակը։ Օրինակի համար, Գարա կէօլ, Քօշան կէօլ, Գար կէօլ, Չիյտէմ կէօլ, Պալըք կէօլ եւ այլն:
Բնականաբար Յովսէփ Մալէզեան կէօլ բառին փոխարէն կ՚առաջարկէ լիճ բառը գործածել:
ԽԱ.- ԿԷԼԻՐ
Զարմանալիօրէն այս բառը պոլսահայ գրողներէն բացի, կը տեսնենք մատենագիրներու մօտ եւս: Նոյնիսկ գրաբար գրութիւններու մէջ կը հանդիպինք «կէլիր» բառին: Սակայն յայտնենք, որ այս բառը երկիմաս է. մէկը գոյական է, իսկ միւսը բայ եւ երկու իմաստներով ալ կարելի է հանդիպիլ մեր գրականութեան մէջ:
Որպէս գոյական.
Սիմէոն Լեհացի Հռոմի դպրոցին մասին գրած իր ուղեգրութեան մէջ կը գրէ. «Հարցաք զմի ոմն անուանի, թէ Փափն ի՞նչ կէլիր ունի կամ խարճ. եւ ասին թէ ամէն օր ԻԴ ղուրուշ կէլիր ունի»: Այլ տեղ մը կը գրէ. «Երկրորդ՝ դպրապետ պահեն միշտ վասն քարոզի. եւ նա ունի կէլիր»:
Գրիգոր Շղթայակիր իր «Ստորագրութիւն ուղեւորութեան յԵրուսաղեմէ ի Կ. Պօլիս» աշխատութեան մէջ կը գործածէ այս բառը. «Եւ վասն շինութեան սրբոյ եկեղեցւոյն մնացեալ էր պարտք շահով քսան հազար ղուրուշ, եւ որ ինչ կէլիր գայր եկեղեցւոյն՝ ի պարտուց շահն տային»:
Որպէս բայ.
Դարձեալ Սիմէոն Լեհացին է գրողը. ան իր ինքնակենսագրութեան մէջ կը խօսի, թէ զինք հրաւիրած են գիւղ մը՝ որպէս ուսուցիչ եւ յայտնած են, թէ ժողովուրդը ինչի որ կարիք ունենայ կու գայ իր մօտ. «որ գան քեզ ի քահանայից եւ ժողովրդոց. այլ եւ մահու կենաց լիցի քեզ կէլիր»:
Մինաս Թոխաթցիի տաղերուն մէջ կարելի է հանդիպիլ այս բառին, որովհետեւ ան եւս եղած է այն բանաստեղծներէն, որ մէկ տող հայերէն եւ մէկ տող թրքերէն գրած է. օրինակի համար, «Տաղ ի Թոխաթցի Մինաս Դպրէ ասացեալ» խորագրեալ տաղին մէջ կը կարդանք.
«Հօրէդ մօրէդ մի՛ բաժանիր,
Պաշընա կէօր նէլէր կէլիր»։
Կէլիր որպէս գոյական կը նշանակէ եկամուտ՝ ինչ որ Յովսէփ Մալէզեան կ՚առաջարկէ գործածել, իսկ որպէս բայ՝ գալ, որ «կէլմէք» բառին խոնարհուած ձեւն է:
ԽԲ.- ԿԷՄԻ
Այս բառը ոչ շատ, սակայն դարձեալ կարելի է գտնել մեր հայ գրականութեան մէջ.
Օրինակի համար, Ղեւոնդ Վրդ. Տատրեան, իր «Մայր դիւան Մխիթարեանց Վենետկոյ ի Ս. Ղազար» աշխատութեան մէջ կը գրէ. «Երկու ֆրանսըզի պէյլիկ կէմի եկաւ յաստ, եւ զփաշա էլչին բերաւ»:
Յակոբ Տիվրիկցիի «Տարեգրութիւն» աշխատութեան մէջ եւս գրաբարի մէջ կը տեսնենք այս բառի գործածութիւնը. ան իր աշխատութեան մէջ կը գրէ. «ամենայն ամիս գայր բազում կէմիս ի նոցանէ, որ բերէին բազում բարիս»:
Ի միջի այլոց յայտնենք, որ Ատանայի մէջ գոյութիւն ունեցած է հայկական գիւղ մը, ծանօթ որպէս Կէմի, կամ Կէմի Սիւրէն անունով:
Յովսէփ Մալէզեան կէմի բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել նաւ հայերէն բառը:
•շարունակելի…
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -329-
Վերը յօդուածին մէջ ըսինք, թէ ընտանիքին բառապաշարը կ՚ազդէ մանուկին վրայ եւ ան ինչպէս լսէ՝ այնպէս ալ կը սորվի: Լաւագոյն փաստը գուցէ սեփական կեանքէն օրինակ տալն է:
Դպրեվանքի նոր աշակերտ էի, երբ Հայր Սիփանը (այժմ սրբազան) զիս խոհանոց ղրկեց. «Մայրիկին ըսէ հրուշակ թող տայ». մեր տան մէջ (ինչպէս Լիբանանի եւ Սուրիոյ մեծամասնութեան մօտ) հրուշակին կ՚ըսէինք «հալվա»։ Տատամսելով գացի մայրիկին մօտ եւ ըսի, թէ Հայր Սիփանը դրօշակ կ՚ուզէ: Մայրիկն ալ զարմացաւ. Ինչ դրօշա՞կ։ Ենթադրեցի, թէ կաթողիկոսութեան կամ դպրեվանքի զինանշանով դրօշակներ կան:
Մայրիկը մօտեցաւ Հայր Սուրբին եւ պարզուեցաւ, որ ուզուած դրօշակը հրուշակն է՝ մեր գիտցած «հալվա»ն:
Մանուկը կը խօսի այն բառերով՝ ինչ որ տան մէջ մեծերը կը գործածեն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան