ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԵՑԱՒ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ

Սկիւտարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին, ուր վերջին ամիսներուն բարեզարդման աշխատանքներ կ՚իրականացուէին, երէկ, պաշտամունքի վերաբացուեցաւ հանդիսաւոր արարողութեամբ, որուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Արարողութեան մասնակցեցան Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան, Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան, Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան, Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Պաշտամունքի վերաբացման օրը Սկիւտարի ընտանիքին տեսակէտէ բնորոշուեցաւ արտասովոր զգացումներով եւ բարձր տրամադրութեամբ՝ քանի ատենապետ Պերճ Զընկըքի գլխաւորած թաղային խորհուրդի ընտրութեան վրայէն տակաւին նոյնիսկ տարի մը չանցած այս կարեւոր ձեռքբերումը արձանագրուած էր պատմական Ս. Խաչ եկեղեցւոյ տեսակէտէ։

«Ուրախ լեր Սուրբ Եկեղեցի» շարականի երգեցողութենէն, դռնբացէքէն եւ նաւակատիքէն վերջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Սրբալոյս Միւռոնով օծեց եկեղեցւոյ աւագ խորանը՝ յանուն Սրբուհւոյ Աստուածածնի ու յարակից սուրբ սեղանները, որոնցմէ աջակողմեանը ընծայուած է սրբոց հրեշտակապետներուն, իսկ ձախակողմեանը՝ Ամենայն սրբոց։ Եկեղեցւոյ աջակողմեան Սուրբ Յարութիւն եւ ձախակողմեան Սուրբ Երրորդութիւն մատուռներու սեղանները, մկրտութեան աւազանը ու եկեղեցւոյ բեմն ալ օծուեցան՝ ձեռամբ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի։

Հուսկ, տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, յարակից «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Այս փուլին ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Պերճ Զընկըք, Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան եւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։ Հուսկ բանքը արտասանեց Նորին Ամենապատուութիւնը, որ իր հայրական օրհնութիւնը տալով քաջալերեց թաղային խորհուրդը, թելադրեց, որ առաւելագոյն աշխատանքը տանին՝ թաղեցիներու նկատմամբ հետաքրքրութեան, նաեւ անոնց եկեղեցւոյ առաքելութեան ներգրաւման ուղղութեամբ։ Ան յիշեցուց, որ եկեղեցւոյ շրջափակի սիրոյ մթնոլորտը կ՚ազդէ հաւատացեալներու վրայ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 2, 2023