ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԿԱԹՈԼԻԿ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը կաթոլիկ հոգեւորականներ, որոնք այս օրերուն ճանաչողական այցելութիւն մը կու տան Հայաստան։ Հիւր հոգեւորականաց խումբը գլխաւորեց Վատիկանի Քրիստոնէից միութեան քահանայապետական խորհուրդի Արեւելեան եկեղեցիներու բաժանմունքի քարտուղար Հայր Հիաքինթոս Տեսթիվելի։
Ողջունելով հիւրերը Վեհափառ Հայրապետը անոնց փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքը։ Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ Հայաստանեայց Առաքելական եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու սերտ յարաբերութիւններուն եւ արդիւնաւէտ համագործակցութեան։
Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ տարածաշրջանէն ներս առկայ ծանր իրավիճակին՝ մասնաւորապէս Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու դէմ ոտնձգութիւններուն եւ Արցախի ամբողջական շրջափակման, որոնց հետեւանքով մարդասիրական աղէտ մը յառաջացած է։ Վեհափառ Հայրապետը կանգ առաւ նաեւ՝ Արցախի հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման եւ իւրացման ուղղեալ Ատրպէյճանի քաղաքականութեան վրայ։ Ան վստահութիւն յայտնեց, թէ հայ ժողովուրդի զաւակները Աստուծոյ օգնութեամբ, քրիստոնէական հզօր հաւատի եւ բարեկամ երկիրներու շնորհիւ պիտի կարողանան յաղթահարել առկայ բոլոր մարտահրաւէրներն ու փորձութիւնները։
Իր կարգին, Հայր Հիաքինթոս Տեսթիվելին ալ Վեհափառ Հայրապետին շնորհակալութիւն յայտնեց այս ջերմ ընդունելութեան համար եւ տեղեկութիւններ փոխանցեց կաթոլիկ հոգեւորականներու խումբի ճանաչողական այցելութեան վերաբերեալ՝ դէպի Հայաստան ու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։