ԵՐԳԵՑՈՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՆՈՒԱԳ

Տիեզերական Եկեղեցւոյ երաժշտական աւանդութիւնը ստեղծած է անգնահատելի գանձ մը՝ որ կը գերազանցէ միւս արուեստները, յատկապէս այն պատճառով, որ խօսքերուն կցուած հոգեւոր երգը հանդիսաւոր ծիսակատարումին անհրաժեշտ եւ ամբողջակատար մէկ մասը կը հանդիսանայ։ Երգահանումը եւ ներշնչուած սաղմոսներուն յաճախ նուագարաններու ընկերակցութեամբ կատարուող երգեցողութեամբ ճոխացած երաժշտութիւնը, արդէն սերտօրէն կապուած են Հին ուխտին ծիսական հանդիսութիւններուն։

Եկեղեցին այս աւանդութիւնը կը շարունակէ պահել եւ հետզհետէ զարգացնել։ «Ան որ կ՚երգէ, երկու անգամ կ՚աղօթէ»։ (ԿՈՂ. Գ 16-17)։ Պօղոս առաքեալ այս խօսքովը կարեւորութեան կ՚անդրադառնայ երգին՝ որ կը կրկնապատկէ աղօթքին զօրութիւնը։ Չէ՞ որ Սաղմոսերգուն երգով կ՚արտայայտէ իր աղօթքները… «Միասին սաղմոսներ ըսէ՛ք, տաղեր եւ հոգեւոր երգեր երգեցէ՛ք. ամբողջ սրտով գովեցէ՛ք եւ փառաբանեցէ՛ք Տէրը», (ԵՓՍ. Թ 19), եւ այս իմաստով՝ որքա՜ն իրաւացի է Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոսի խօսքը, թէ՝ երգը երկու անգամ աղօթքի համազօր է։

Երգեցողութիւնը եւ նուագը նշանի իրենց պաշտօնը այնքան աւելի նշանակալից կերպով կը կատարեն, ո՛րքան ծիսակատարութեան հետ սերտ առընչութեան մէջ են, ըստ գլխաւոր երեք չափանիշներուն. աղօթքին արտայայտչական գեղեցկութիւնը, նախատեսուած պահերուն ժողովուրդին խմբային մասնակցութիւնը եւ հանդիսակատարումին վեհաշուք բնոյթը։ Այս ընելով՝ անոնք կը մասնակցին ծիսական խօսքերուն եւ արարքներուն վերջնական նպատակին, որն է՝ Աստուծոյ Փառքը եւ սրբացումը հաւատացեալնեուն։

«Որքան արտասուեցի ըսելով ձեր շարականները, ձեր երգերը, քաղցրանուշ հնչիւնները, որոնցմով ձեր եկեղեցին կ՚արձագանգէր։ Ի՛նչ յուզումով կը համակուէի։ Անոնք ականջէս վար կը հոսէին, ճշմարտութիւնը թորելով սրտիս խորը։ Բարեպաշտութեան հզօր թափ մը թեւ կու տար ինծի եւ արցունքը կը հոսէր այտերէս, բարիք ընելով ինծի», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։

Նշաններուն ներդաշնակութիւնը (երգ, նուագ, խօսք եւ արարք) հոս ա՛յնքանով աւելի նշանակալից եւ բեղուն կը դառնայ, ո՛րքանով ան արտայայտութիւնն է մշակութային հարստութեան մը՝ որ յատուկ է զայն հանդիսակատարող Աստուծոյ ժողովուրդին։

Ահա թէ ինչո՛ւ «հարկ է ժողովրդային հոգեւոր երգ»ին խելամտօրէն զարկ տալ, որպէսզի բարեպաշտական եւ սրբազան հրահանգներուն ընթացքին, նաեւ ծիսարարքներուն ատեն, հաւատացեալներուն ձայնը լսելի դառնայ Եկեղեցւոյ կանոններուն համեմատ։ Սակայն սրբազան երգին սահմանուած բնագրերը քրիստոնէական վարդապետութեան համապատասխան ըլլալու են եւ նախընտրաբար առնուած ըլլալու են Աստուածաշունչէն եւ ծիսական աղբիւրներէն։

Արդարեւ, ծիսական երգեցողութիւններու տաղերուն երգը միացած է սրբանկարներուն սքանչելի՜ տեսքին. անոնք կը ներդաշնակուին հանդիսակատարումին նշաններուն հետ, եւ այսպէս հանդիսակատարուած խորհուրդը կը դրոշմուի սրտին յիշողութեան մէջ եւ ապա կ՚արտայայտուի հաւատացեալներուն նոր կեանքին մէջ։

Մարդեղութենէն մինչեւ Համբարձում, Բանին կեանքը շրջապատուած է հրեշտակներուն երկրպագութեամբ եւ սպասարկումով։ Երբ Աստուած. «Անդրանիկը կը մտցնէ աշխարհ կ՚ըսէ.- թող բոլոր հրեշտակները երկրպագութիւն ընեն Անոր». (ԵԲՐ. Ա 6)։ Քրիստոսի ծննդեան առիթով, անոնց բարձրացուցած գովաբանութեան երգը չդադրեցաւ հնչելէ Եկեղեցւոյ գովաբանութեան մէջ. «Փառք Աստուծոյ…». (ՂՈՒԿ. Բ 14)։

Անոնք կը պաշտպանեն Յիսուսի մանկութիւնը, կը ծառայեն Անոր անապատին մէջ, կը զօրացնեն զԻնք հոգեվարքին ատեն, Ան նոյնիսկ կարող էր անոնց օգնութեամբ ազատիլ թշնամիներուն ձեռքէն։ Դարձեալ հրեշտակներն են, որ կ՚աւետարանեն եւ կ՚աւետեն Մարգարէութեան եւ Քրիստոսի Յարութեան Բարի Լուրը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 1, 2023, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 2, 2023