ՈՉ ԵՒՍ Է ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԱԽՏԱՇԱՏ ԲԱՐԵՐԱՐ ՆԱԶԱՐ ՆԱԶԱՐԵԱՆ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ իր մահկանացուն կնքած է ազգային երախտաշատ բարերար Նազար Նազարեան։ Օգոստոսի 28-ին, ան 98 տարեկան հասակին հրաժեշտ առած է երկրաւոր կեանքէն, ինչ որ մեծ ցաւ յառաջացուցած է թէ՛ սփիւռքեան շրջանակներէն ներս եւ թէ համահայկական հարթութեան վրայ։ Մօտաւոր անցեալին Նազար Նազարեան կորսնցուցած էր իր սիրեցեալ կողակիցը՝ Արտեմիս Նազարեանը ու ներկայիս ինք եւս մեկնած է անդենականի մէջ անոր միանալու։

Նորոգ հանգուցեալ Նազար Նազարեան Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) տիրական դէմքերէն, առանցքային դերակատարներէն մին էր։ ՀԲԸՄ-ի աշխարհատարած ցանցին գործունէութեան մղիչ ուժերէն եղած էր՝ երկար տասնամեակներ շարունակ։ ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնէն Նազար Նազարեանի մահուան առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ հանգուցեալը կեանքը ապրած էր՝ ըստ իր անձնական հաւատամքին, որն էր անմնացորդ նուիրուիլ հարազատ ազգին եւ Հայ Եկեղեցւոյ, նաեւ վայելել անոնց ծառայելու բերկրանքը։ Իր կարգին, ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանն ալ յայտնեց, որ Նազար Նազարեանի մահը մեծ կորուստ մըն է։ Հանգուցեալը միշտ պատրաստակամ եղած էր ներդրումներ կատարելու հեռանկարային ու նպատակայարմար նախաձեռնութիւններու պարագային եւ զօրակցութեան առարկայ դարձուցած էր մեծաթիւ անհատներ։ «Ինձ համար մեծ պատիւ է զինքը անուանել՝ ընկեր, վստահելի թիկունք, հօրեղբայր եւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան գործընկեր-անդամ», յայտնեց Պերճ Սեդրակեան։

Նազար Նազարեան ծնած էր Հալէպի մէջ՝ որպէս որդին Լեւոն եւ Սաթենիկ Նազարեաններու։ Հասակ առած էր Լիբանանի մէջ, աւարտած էր Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը՝ ուսանելով դեղագործութիւն։ 1950-ական թուականներուն հաստատուած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր ամուսնացած էր Արտեմիս Թոփճեանի հետ։ Տասնամեակներ շարունակ մաս կազմած էր ՀԲԸՄ-ի բարերարներու եւ առաջնորդներու տիրական դէմքերու փաղանգին։ Կեդրոնական վարչութենէն ներս զբաղեցուցած էր փոխ-նախագահի եւ գանձապահի պաշտօնները։ Վերջին տասնամեակներուն, անկախութենէն վերջ, Հայաստանէ ներս բազում բարերարութիւններ կատարած էր։ Երկրի վերակառուցման համար ստեղծուած շարժման ի նպաստ սփիւռքէն ապահովուած աջակցութեան շարժիչ ուժերէն մին էր։ Այս ամբողջին մէջ յատկանշական է, որ ՀԲԸՄ-Հայաստանի Երեւանի փառաշուք կեդրոնակայանն ալ 2015 թուականին բացուած էր Նազար եւ Արտեմիս Նազարեան բարեյիշատակ ամոլին շնորհիւ։

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին եւս Նազարեաններու զօրակցութեան եւ հոգատարութեան կիզակէտին էր։ Կը հաւատար Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հզօրութեան անփոխարինելի նշանակութեան՝ համահայկական, համազգային կենսունակութեան երաշխաւորման առումով։ Ներկայիս, Մայր Աթոռի համալիրէն ներս կան բազմաթիւ հետքեր, որոնք դրոշմուած են Նազար Նազարեանի աջակցութիւններով, որոնք անանց արժէքներու կերտման գետին պատրաստած են։ Նազար Նազարեան թէ՛ որդիաբար եւ թէ որպէս խորհրդական կը բաժնէր Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին տեսլականը, եղած էր անոր մտերիմներէն եւ երբեք իր զօրակցութիւնը չէր զլանար՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի առաքելութեան արդիւնաւորման ճանապարհին։

ՀԲԸՄ-ի աղբիւրները նորոգ հանգուցեալ բարերարը որակած են մարդ, որ սահմաններ չունէր իր ազգին ու եկեղեցիին ի նպաստ սպասաւորութեան մէջ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2023