ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Ինչո՞ւ յիմարը խոհեմութենէ չ՚ախորժիր: Առակաց 18.2-ին մէջ կը կարդանք. «Յիմարը խոհեմութենէ չ՚ախորժիր, հապա իր սիրտին մէջ եղածը յայտնել կ՚ուզէ»:
Պատասխան. Յիմարը ո՛չ միայն խոհեմութենէ չ՚ախորժիր, այլ՝ ընդհանրապէս չ՚ախորժիր ո՛չինչ լսել, ո՛չ խորհուրդ, ո՛չ խրատ, ո՛չ յանդիմանութիւն, քանի որ ինքզինք միշտ ճիշդ կը կարծէ, իր ունեցած գիտելիքը բաւարար կը համարէ, որով լսելու փոխարէն, միշտ կը խօսի, փորձելով իր կարծիքները պարտադրել ուրիշներուն, միաժամանակ միշտ խօսելով, կը փորձէ իր յիմարութիւնը ծածկել, որովհետեւ կը կարծէ, թէ երբ շատ խօսի, մարդիկ կրնան մտածել, թէ ինք իմաստուն է:
Բոլորիս յայտնի է հետեւեալ ասացուածքը. լռութիւնը ոսկի է: Լռութիւնը ո՛չ միայն ոսկի է, այլեւ՝ իմաստուններուն պսակն ու զարդն է, մանաւանդ մեր օրերուն, երբ բոլորը գրեթէ խօսող դարձած են, ուսուցանող դարձած են:
Վստահաբար մեզմէ շատեր նկատած են, թէ ինչպէս օր օրի խօսողներուն թիւը սկսած է աճիլ, մինչ գործողներուն թիւը՝ ահաւոր կերպով սկսած է նուազիլ:
Ո՛չ միայն գործողներուն թիւը նուազած է, այլեւ նուազած է թիւը անոնց, որոնք գործելէ առաջ խորհուրդ կը հարցնեն: Ըսինք, թէ յիմարները կը խօսին եւ կը խօսին, միաժամանակ, երբեմն ալ «կը գործեն» ոգեւորուելով իրենց խօսածներէն, եւ գոյնզգոյն պատկերացումներ կազմելով իրենց ուղեղներուն մէջ: Այդպիսիով, ո՛չ միայն իրենց մտային յիմարութիւնը կը յայտնեն, այլեւ՝ գործելու անընդունակութիւնը եւս կը յայտնեն:
Հայր Պիմէնը կարեւորելով որեւէ մէկ գործ սկսելէ առաջ խորհուրդ հարցնելը, այսպէս կ՚ըսէ. «Ինչ բան ալ որ ընես, խորհուրդ հարցուր, քանի որ գրուած է. “Առանց խորհուրդ հարցնելու գործելը յիմարութիւն է” (Հմմտ Առ 15.22): Իսկ եթէ ոեւէ մէկը քեզի բան մը հարցնէ՝ պատասխանէ անոր, այլապէս լռելը աւելի լաւ է»: Իսկ Վարք Հարանցին մէջ հետեւեալ դէպքը արձանագրուած է. «Եղբայրներէն ոմանք մի քանի գիտնականներու հետ Հայր Ֆելիքսին այցելեցին, ու խնդրեցին, որպէսզի ան իրենց խօսք մը ըսէ, սակայն Հայրը լուռ մնաց: Սակայն, երբ շատ խնդրեցին իրմէ, ըսաւ անոնց.
-Խօսք մը լսե՞լ կ՚ուզէք:
Անոնք ըսին.
-Այո՛, ո՜վ հայր:
Խօսեցաւ անոնց, ըսելով.
-Այս օրերուն խօսքեր չկան, որովհետեւ երբ եղբայրները հայրերէն խորհուրդ կը հարցնէին ու կը գործադրէին այդ խորհուրդները, Աստուած հայրերուն կը ներշնչէր ինչ որ պէտք էր ըսէին, մինչ այսօր, քանի որ խորհուրդ կը հարցնեն, բայց չեն գործադրեր ինչ որ կը լսեն, ապա Աստուած խօսելու շնորհքը քաշեց հայրերէն, եւ ո՛չինչ կը գտնեն խօսելու համար, որովհետեւ խօսուածները գործադրող չկայ: Արդարեւ, Սաղմոսասացը կ՚ըսէ. “Աստուած երկինքէն նայեցաւ մարդկութեան, տեսնելու համար արդեօք իմաստուն մէկը կա՞յ, որ զԱստուած կը փնտռէ” (Սղ 14.2):
Եղբայրները երբ այս լսեցին, հառաչեցին ու ըսին.
-Ո՜վ հայր, աղօթէ՛ մեզի համար»:
Այսօր եւս, մարդկութիւնը կարիք ունի լսելու, կարիք ունի խորհուրդ հարցնելու եւ տրուած խորհուրդներով առաջնորդուելու, մինչ ճիշդ հակառակն է, ո՛չ ոք խորհուրդ կը հարցնէ, բոլորը գիտուններ դարձած են, բոլորը խօսողներ դարձած են, եւ այդ պատճառով ալ ինչպէս Հայր Ֆելիքսը իր մօտ այցելութեան եկողներուն ըսած էր, թէ խօսուածները չգործադրուելու պատճառով, Աստուած խօսելու շնորհքը քաշած է հայրերէն, այսօր եւս կարծէք նոյն իրավիճակին մէջ ենք, քանի որ բոլորը կը խօսին, մեծ-մեծ կը ճառեն, կը պոռան-կը կանչեն, բայց նոյն այդ ճառողները, խօսողները, պոռացող-կանչողները երբ գործելու ժամանակը գայ, առաջինը կ՚ըլլան որոնք մուկերու նման իրենց որջերը կը քաշուին…
Հ. Անցեալի՞ն ալ զեղծարարութիւններ եղած են դատաստաններու ընթացքին:
Պ. Մարդը իր բնոյթով, այսինքն՝ ներքին աշխարհով գրեթէ միշտ նոյնը եղած է, այլ խօսքով հեռու կամ մօտիկ անցեալներու, ներկայի ու ապագայի մարդը իր ներաշխարհով գրեթէ միշտ ալ նոյնն է, պարզապէս իւրաքանչիւր ժամանակաշրջան իր պայմանները կը թելադրէ, որով մարդ ինքզինք այսպէս կամ այնպէս կը դրսեւորէ:
Ինչ կը վերաբերի տրուած հարցումին, ապա կարդանք Առակագիրին այս համար ու պատասխանը ստանանք. «Դատաստանի մէջ արդարը սուտ հանելու համար՝ ամբարիշտին աչառութիւն ընելը աղէկ չէ» (Առ 18.5): Հետեւաբար, երբ այսօր ականատես կամ ականջալուր կը դառնանք կատարուած խարդախութիւններու ու զեղծարարութիւններու, պէտք չէ զարմանալ, որովհետեւ մարդ միշտ ալ չարէն տարուելով փորձած է արդարութիւնն ու ճշմարտութիւնը խեղաթիւրել, եւ իր նպատակին հասնելու համար հազար եւ մէկ միջոցի դիմած է, ինչպէս այսօր եւս կը դիմէ, ինչ բանին ականատեսը կը դառնանք շատ յաճախ:
Բայց Առակագիրը յստակ է իր խօսքին մէջ, երբ կ՚ըսէ թէ այդ կերպ վարուիլը աղէկ չէ, ճիշդ չէ, սխալ է, այլ խօսքով՝ մեղք է, իսկ չկա՛յ մեղք մը, որ առանց պատիժի մնայ: Հետեւաբար, մարդ միշտ պէտք է զգոյշ ըլլայ, մանաւանդ այսօրուան դատաւորները, նախքան իրենց մեծաւորներէն կամ ազդեցիկ մարդոցմէ ստացած հրահանգները գործադրելը, թէեւ սպառնալիքներու եւ ճնշումներու տակ, մէկ անգամ գէթ պէտք է մտածեն ու մտաբերեն մեր Տիրոջ խօսքերը, թէ՝ «սիրելինե՛ր, ձեզի կ՚ըսեմ.- Մի՛ վախնաք անոնցմէ որոնք մարմինը կը սպաննեն եւ ապա ուրիշ բան չեն կրնար ընել: Ըսեմ թէ որմէ՛ վախնաք: Վախցէք Աստուծմէ, որ ձեզ սպաննելէ ետք իշխանութիւն ունի դժոխք նետելու: Այո՛, կ՚ըսեմ ձեզի, Անկէ վախցէք» (Ղկ 12.4-5), այս համարները կարդալէ կամ մտաբերելէ ետք միայն, թող որոշում կայացնեն:
Արլի եպիսկոպոս՝ Կեսարիոս Եպիսկոպոսը (468/470-542) այս խորհուրդը կու տայ դատաւորներուն. «Անոնք որոնք դատեր կը լսեն, պէտք է արդարութեամբ դատեն, եւ արդարին/անմեղին հաշւոյն կաշառք չընդունին, “քանի որ կաշառքը իմաստուններուն աչքերը կը կուրցնէ եւ արդարներուն խօսքը կը ծռէ” (Բ. Օր 16.19), որպէսզի չըլլայ թէ մինչ դրամ կ՚ուզեն՝ հոգին կորսնցնեն: Ոչ ոք անարդար շահ կը ստանայ, առանց արդար կորուստի: Ուր շահը կայ, այնտեղ կորուստն ալ կայ, շահը՝ դրամարկղին մէջ է, իսկ կորուստը՝ խիղճին մէջ»:
Հ. Մարդ եթէ իր շրթունքներուն՝ բերանին ուշադրութիւն չդարձնէ, ի՞նչ կը պատահի իրեն:
Պ. Առակագիրը կը գրէ. «Անմիտ մարդուն շրթունքները կռիւ կը բերեն ու անոր բերանը ծեծողը կը կանչէ: Անմիտ մարդուն բերանը իրեն կործանում է եւ անոր շրթունքները իր անձին որոգայթ են» (Առ 18.6-7): Այնքան պարզ ու յստակ է Իմաստունին ըսածը. մարդ եթէ իր բերանին ուշադրութիւն չդարձնէ, ապա անընդհատ կռիւներու, վէճերու կը բռնուի, միշտ ինքզինք վտանգի կը մատնէ, յաճախ կորուստներ կ՚ունենայ, իր բերանին պատճառով միշտ ծուղակներու, որոգայթներու մէջ կ՚իյնայ, որով ինքզինք ուժասպառ կը դարձնէ, եւ ինքզինք յաւիտենական կորուստի կը մատնէ: Հետեւաբար, մարդ պարտաւոր է իր բերանին ուշադրութիւն դարձնելու, որպէսզի ինքզինք կորուստի չմատնէ, մանաւանդ երբ մտաբերենք Տէր Յիսուսի խօսքը, թէ՝ «ով որ իր եղբայրը յիմար կոչէ, Ատեան պիտի բերուի. եւ ով որ իր եղբայրը անմիտ կոչէ, դժոխքի կրակին պիտի դատապարտուի» (Մտ 5.22):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 59
Վաղարշապատ