ՏՔԹ. ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆԻ «ԳՈՅՆԵՐ ԵՒ ՀԵՏՔԵՐ»Ը ԵՒ ՊԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳԱՏԸԳԻՒՂԸ
Մեր արժէքաւոր գրչեղբայր, ազնիւ բարեկամ տքթ. Իգնա Սարըասլան ազնուութիւնը ունեցեր է մեզի հասցնել իր վերջին բանաստեղծութեան հաւաքածոն՝ «Գոյներ եւ հետքեր»ը, մակագրելով զայն՝ մեր անուան հասցէագրելով։
Շնորհակալութեամբ ստացանք գիրքը եւ մեծ հետաքրքրութեամբ եւ հաճոյքով։ Մէկ շունչով կարդացի եւ զգացումներու տարափի մը մէջ վերացայ։
Քերթուածները՝ ամէն մէկը տարբեր տպաւորութիւններ թողուց վրաս։ Անոնց մէջ նախընտրութիւն մը ընել անկարելի էր, բայց մէկը աւելի եւս տպաւորեց զիս, ըսենք «հաւասարներու մէջ առաջնակարգ» մը՝ «primus inter pares» մը կար. «Ա՜խ Գատըգիւղ»ը։ Այս նախընտրութիւնը առարկայական ընտրութիւն մը չէր, այլ՝ բոլորովին ենթակայակա՛ն։ Միջոց մը՝ երկու տարի քահանայագործած՝ հոգեւոր ծառայութիւն մատուցած էինք Գատըգիւղ՝ պատմական եւ պատուական թաղին հաւատաւոր հայ ժողովուրդին, եւ շատ տպաւորած էր Գատըգիւղի ժողովուրդը մեզ։ Եւ սիրելի Սարըասլանի հետ մենք ալ զգացուած գոչեցինք. «Ա՜խ Գատըգիւղ»։
Հոս կ՚ուզենք «Ա՜խ Գատըգիւղ»ը ներկայացնել մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն՝ հաւատարիմ մնալով ուրոյն բնագրին։
Ա՜Խ ԳԱՏԸԳԻՒՂ
56 Շէվրոլէ մը ըլլար
Նստէի եւ մանկութեանս փողոցները
Մէկ առ մէկ պտտէի
*
Մանկութեանս չափ անբիծ
Մանկութեանս չափ անգին
56 Շէվրոլէ մը ըլլար
Նստէի
Եւ պատանութեանս թաղերը շրջէի
*
Ահա սա եռյարկանի քարաշէն շէնքը
Նախակրթարանս Արամեանը
Իր լայնանիստ սանդուխներով
Իր բարձր ձեղուններով
Փայտի վառարանով տաքցող դասարաններով
Եւ իր մաշած տախտակամածներով
*
Մուտքի ձախակողեան դռնէն
Դէպի վեր բացուող նրբանցքին վրայ
Պրկուած պաստառ մը
Պաստառին վրայ շարժանկարի սեւ-ճերմակ ժապաւէն մը
«Թիթանիք»ը
Մենք փայտէ նստարաններու վրայ քով քովի նստած
Հետաքրքրութեամբ կը դիտէինք
*
Մանկապարտէզին մէջ Օր. Հնազանդը
Առաջին ոտանաւորը սորվեցուց ինծի
*
Առաջին դասարանին մէջ Տիկին Սիրվարդը
Մկրատը-ասեղը ինչպէս կը գործածուի
Սորվեցուց
Ես ալ ապրուստս
Մկրատով-ասեղով-դերձանով հոգացի
Վիրաբոյժ եղայ
*
Յիշատակներով օծուած
Եռյարկանի դարաւոր քարաշէն շէնքը
Պատմութեան յանձնուեցաւ
Այսօր հոն կը բարձրանայ
Դպրոցի նոր շէնքը
*
Եւ ահա ամբողջ թաղամաս մը գրաւող լիսէն
Սէն-Ժոզէֆը
Մուտքի աւազանին ճիշդ կեդրոնը
Ժայռի մը վրայ բարձրացող
Սուրբ Յովսէփի արձանին ետին կանգնած
Այդ փառաւոր դպրոցը
Ուր հայրս եւ ես
33 տարի տարբերութեամբ աշակերտեցինք
*
Մանկութեանս չափ արագընթաց
Մանկութեանս չափ անմոռաց
56 Շէվրոլէ մը ըլլար
Նստէի եւ պատանութեանս փողոցները պտտէի
*
Ահա «Սիւրէյեա» շարժանկարի սրահը
Որուն առջեւ պոչի մտանք
«Ավարէ»ն դիտելու համար
Կամ ամառուան տաքին
Բացօթեայ
«Սիւրէյեա»յի պարտէզին մէջ
«Թարզան»ին արկածախնդրութիւններով
Տարուեցանք
*
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
•շար. 1
Հոգեմտաւոր
- 01/17/2025
- 01/17/2025