ՏՔԹ. ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆԻ «ԳՈՅՆԵՐ ԵՒ ՀԵՏՔԵՐ»Ը ԵՒ ՊԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳԱՏԸԳԻՒՂԸ
Եւ սա «Օփերա»յի շարժանկարի սրահը
Ուր Ալէն Տըլոնի - Ռոմի Շնայտէրի
Սիրային ժապաւէնները դիտեցինք
*
Սեղանաւոր Ժան Լօրանտոյի անունը կրող
Լօրանտօ փողոցին սկիզբը
Սա անկիւնի ապարանքն ուր այսօր
Նախակրթարան մը կը բարձրանայ
Ահա հոն կը բնակէր Գալուստ Կիւլպէնկեան
Որ 1875ին կ՚աշակերտէր
Արամեան վարժարանի
*
Նախկին Լօրանտօ փողոցը ներկայիս
Կը կոչուի Շաիր Նէֆի
*
Մանկութեանս չափ անմոռանալի
Մանկութեանս չափ անջնջելի
56 Շէվրոլէ մը ըլլար
Նստէի եւ մանկութեանս փողոցները պտտէի
*
Միւհիւրտար թաղամասին
Նախկին Պիւլպիւլ փողոցին մէջ
Որ այսօր Կիւնտօղտու կը կոչուի
Լոյսերու մէջ կը շողար
Ճարտարապետական ոսկեզօծ գոհար մը
Հոյակապ ապարանքը Մաթուս Էֆէնտի Ունճեանի
Եւ իր կրտսեր եղբօր Աբիկ Էֆէնտի Ունճեանի
*
Շէնքին ձեղնայարկին մէջ
Մեկուսացած կ՚ապրէր
Իրենց ամուրի քոյրը Նեկտարինէն
Արդէն իսկ վեց տարի առաջ սպաննուած էր
Աբիկ Էֆէնտի Ունճեան
Երբ 1911ին մահացաւ Նեկտարինէն
Եւ տարաբախտ քրոջ յիշատակը յետ մահու
Կցուեցաւ Արամեան վարժարանի անունին
*
Թէ ինչպէս
*
Մաթուս Ունճեան ի յիշատակ իր հանգուցեալ քրոջ
1912ին ազգին նուիրեց
Ունճեան աղջկանց վարժարանի շէնքը
Այս առթիւ վարժարանը Արամեան անունին կողքին
Ստացաւ նաեւ Ունճեան անունը
*
Ահա Օսմանեան Պետութեան Արտաքին Գործոց Նախարար
Գաբրիէլ Էֆէնտի Նորատունկեանի ապարանքը
Ուր երբեմն ճաշի կը հրաւիրուէր
Անուանի վիպագիր Փիէռ Լօթին
Որ այդ օրերուն
Ֆրանսական դեսպանատան «նաւային կցորդ»ն էր
Սեղանին շուրջ ճիշդ իր քով
Կը նստէր Նորատունկեանի քենին
Գրագիտուհի Անայիսը՝ Եւփիմէ Աւետիսեանը
*
Իսկ Գաբրիէլ Նորատունկեան
1869ի շրջանաւարտ Սէն-Ժոզէֆ քոլէժի
Իր անթերի ֆրանսերէնով
Կը մասնակցէր զրոյցին
Եւ յաճախ ան էր որ կը վարէր զրոյցը
*
Մօտայի բարձրունքին վրայ հիասքանչ
Տեղ կը գրաւէր
Մխիթարեան գիշերօթիկ վարժարանը
Որուն 1900ին կ՚աշակերտէր Դանիէլ Վարուժան
*
Դասարանի պատուհանէն կը դիտէր ան
Գալամըշը-Ֆէնէրպահչէն-կղզիները
Եւ հեռուն իր ձիւնածածկ կատարով
Պրուսայի Ողիմպոսը
Տարի մը վերջ նոյնքան գեղեցիկ քաղաք մը
Վենետիկ պիտի մեկնէր ան
*
Հիմա հոն ոչ շէնքը կայ Մխիթարեաններուն
Ոչ ալ ճռուողիւնը աշակերտներուն
Այդ օրերէն յամեցող միակ յիշատակն որ կը մնայ
Անունն է փողոցին՝ Մէքթէպ փողոց
*
Ահա Հայենցներու տունը
Մաթուս եւ Աբիկ Ունճեան հարազատներու քեռորդին
Աստուածատուր Հարենցի ապարանքը
Ուր յաճախ կ՚այցելէր - կը հիւրսիրուէր
Կը գիշերէր Կոմիտաս Վարդապետ
Հարենցի կողակիցը դաշնակահարուի Արուսեակին հետ
Երկար ժամեր
Կ՚աշխատէր իր հեղինակութիւններուն վրայ
*
Եւ Ներսէս Օհանեանի տունը
Այդ ասպնջական տունը
Սագըզկիւլիւ փողոցին մէջ
Նախկին Ափոլլոն թատրոնի փողոցը
Ուր 20 Նոյեմբեր 1918ին
Վախճանեցաւ Օրմանեան Պատրիարք
Որբերուն նեցուկն էին Ներսէս Օհանեան
Եւ իր բարեսիրտ կողակիցը Ֆիլօմէն
*
56 Շէվրոլէ մը ըլլար
Նստէի եւ յիշատակներու փապուղիին մէջ շրջէի
Անկիւնադարձին շուարած-շլմորած
Աչքերս շլացած
Ապշահար դէմ առ դէմ գայի
Բոլոր այն գրական հին դէմքերուն հետ
Որոնք Գատըգիւղ ծնան
Կամ Գատըգիւղ ապրեցան
Բոլոր այն պատմական դէմքերուն հետ
Զորս չեմ ճանչցած
Բայց միշտ յարգանքով մօտեցած եմ անոնց յիշատակին
Վահան Մալէզեան - Օննիկ Չիֆթէսարրաֆ
Զարուհի Գալէմքեարեան
Եւ իր զարմիկը Եղիա Տէմիրճիպաշեան
Եւփիմէ Աւետիսեան՝ Անայիս
Տիգրան Կամսարական
Եւ իր մօրաքոյրը Էլպիս Կեսարացեան
Քլարա Եազըճեան
Եւ իր խօսեցեալը Գրիգոր Զօհրապ
Որոնք 1 Փետրուար 1888 Կիրակի
Պիտի ամուսնանային Գատըգիւղի մէջ
Եւ հին ուսուցիչներն Արամեան վարժարանի
Որոնք համաստեղութիւն մըն էին անգտանելի
Ռուբէն Որբերեան - Արշակ Չօպանեան
Պետրոս Կարապետեան - Նշան Թորոսեան
Յակոբ Գուրգէն - Հրաչեայ Աճառեան
Վռամշապուհ Քհնյ. Քիպարեան - Եղիշէ Արք. Դուրեան
*
Մոռացումի ամենակուլ փոշին թօթափած
Երանի
Երանի թէ
Անկիւնդարձին դէմս գտնէի զանոնք
*
Յիշատակները փշրուած հայելիի մը կը նմանին
Չէք կրնար դպչիլ - չէք կրնար մէկտեղել
Ձեր ձեռքերը - ձեր սիրտը կ՚արիւնեն
*
Գատըգիւղի փողոցներուն
Եւ պատմութեան մշուշապատ էջերուն մէջ հիմա
Վիրաւոր լռութեան մը արձագանգը կը լսուի
07.12.2020
Շնորհակալ ենք մեր ազնիւ բարեկամին, այս հրաշալի՜ տողերուն համար։ Արդարեւ, խօսքեր՝ որոնք ոչ միայն մեր հոգիին կը խօսին, մեր զգացումները կը խանդավառեն, կ՚ազնուացնեն մեր հոգին, այլ կը զարգացնեն մեր միտքը, անոնք համայնագիտարանի մը արժէքը եւ կարեւորութիւնը կը ներկայացնեն։
Այս ուղղութեամբ, «Գոյներ եւ հետքեր»ը ունի նուիրական առաքելութիւն մը եւս. գիրքը՝ հայ գիրի եւ գիրքի մեր կարօտը կը գոհացնէ, ինչ որ երջանկութիւն կը պատճառէ գիտակից միտքերու եւ զգայուն հոգիներու։ Արդարեւ, մեր առօրեայ կեանքը խիստ զբաղեցնող հարց մըն է, քանի որ նօսրացած է հայ գիրի եւ գիրքի հանդէպ հետաքրքրութիւնը։
Այս իմաստով, յայտնի համբաւի տէր մեր ազնիւ բարեկամին այս անգնահատելի գործը, մեծարժէք աշխատութիւն մըն է։ Հեղինակը, սոյն հեղինակութեամբ նուիրական առաքելութիւն կը կատարէ մեր մշակոյթին եւ առաւել եւս կ՚երջանկացնէ մշակութասէր հասարակութիւնը։
Երբ խօսքը Գատըգիւղի մասին եւ պատմական, համբաւաւոր անձերու մասին է, կը յիշեմ դէպք մը՝ երբ հոգեւոր ծառայութիւն կը մատուցանէի թաղի ժողովուրդին։
Լուր օր մը, երբ եկեղեցւոյ բակը նստած էի, կին մը մօտեցաւ եւ իր հանգուցեալ մէկ մերձաւորին հոգւոյն համար աղօթելու խնդրանք մը ունեցաւ։ Աղօթքը մեզի համար Աստուծոյ հետ հաղորդակցելու առիթ մը եղած է միշտ. սիրով ընդունեցի, եկեղեցի անցայ եւ աղօթեցի։ Աղօթքը Թիլտա Քէմալին համար էր՝ աշխարհահռչակ վիպագիր Եաշար Քէմալին հանգուցեալ կնոջ, եւ աղօթք խնդրողն ալ՝ անոր մէկ մերձաւորը…
Այս դէպքը շատ տպաւորած էր զիս. ահաւասի՛կ, Գատըգիւղը արուեսի եւ արուեստագէտներու, մշակոյթի եւ մշակութասէրներու, գեղարուեստը եւ հոգեւոր կեանքը հաշտեցնող, սերտ կապերով իրար միացնող «ձուլարան» մը եղած է պատմութեան մէջ, ինչպէս՝ ներկայի՛ս։
Ահաւասիկ, մեր սիրելի ազնիւ բարեկամ տքթ. Իգնա Սարըասլանն ալ իր մարգարտաշար տողերուն մէջ այս անուրանալի ճշմարտութիւնը գեղեցկօրէն կը ներկայացնէ մեզի։ Վարձքդ կատար…
Ուստի, անգամ մը եւս մեր սրտաբուխ զգացումները մեր անզօր գրիչով արտայայտելով շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեծարժէք հեղինակին, բանաստեղծին եւ ազնիւ բարեկամին՝ տքթ. Իգնա Սարըասլանի։ Պատիւ եւ հաճոյք է մեզի համար կարդալ իր տողերը՝ զգացումներու տարափով տարուիլ եւ սորվի՛լ շատ բան՝ համայնագիտարանի մը ճոխութեան մէջ, բարձր որակով։ Գրիչը դալար, գիրը անսպա՛ռ։
Ջերմօրէն կը յանձնարարենք մեր բոլոր բարեկամներուն՝ կարդա՛լ այս հատորը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
•շար. 2 եւ վերջ
Սեպտեմբեր 11, 2023, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 01/17/2025
- 01/17/2025