ՄԱ՛ՐԴ «ՓՈՐՁԻ ՃԱԳԱՐ» ՉԷ՛

Johann Christoph Friedrich von Schiller (1759-1805թթ.) կ՚ըսէ. «Մարդու մը ճշմարիտ արժէքը կախում ունի ո՛չ թէ իր բանականութենէն, այլ կամքի ուժէն, երբ սա կը պակսի, այն ատեն հոգիին տաղանդները զայն կը տկարացնեն։ Չկայ աւելի դժբախտ եւ խեղճ արարած աշխարհի վրայ քան մեծ հոգի մը՝ որուն համապատասխան նկարագիր կը պակսի»։

Կը պատմուի, թէ հին դարերու մէջ, մարդ մը փիլիսոփայի մը կը հարցնէ, թէ օգուտ տեսա՞ծ է իմաստասիրութեան հետեւելէ։ Իմաստասէրը անվարան կը պատասխանէ. «Սորվեցայ օրէնքի սահմանին մէջ ապրիլ», եւ կը շարունակէ. «Եթէ օրէնք գոյութիւն իսկ չունենար, մենք դարձեալ օրէնքով կ՚ապրէինք»։

Ուրեմն, մարդ նկարագրով եւ ոչ թէ նոր տեսութիւններով պիտի երջանկանայ, եւ յետոյ կարգախօսներ, ձախորդ փորձեր, նոր տեսութիւններ եւ անդրագոյն նոր չափանիշներ…

Նկարագիրը իր մէջ կը բովանդակէ բռնակալ անձին՝ զսպել իր «Ես»ը, յարատեւել բարիին մէջ, ճանչնալ իր նմաններուն իրաւունքները եւ մանաւանդ զանոնք յարգել։ Նկարագիր ունենալ է անհաւատարիմ չըլլալ իր սկզբունքներուն եւ գաղափարականին, երբ անոնք զոհողութիւն կը պահանջեն. անշեղ ընթանալ եւ երբեք չշեղիլ իր ուղիղ ճամբէն՝ ուրիշին հաճոյ թուելու կամ առաւելութիւններ ձեռք բերելու համար։ Նկարագրի մաս կը կազմեն նաեւ բարոյական եւ պատիւ, որոնք չափանիշներն են մարդուն գործերուն։

Իմաստակներ (սոփեստ), այս կէտին մէջ հասարակ մտածողներէ կը տարբերին. նկարագիր եւ օրինապահութիւն չեն ընդունիր, կ՚ուրանան արժէք եւ արժանիք. աննկարագիր ըլլալը՝ խոհեմութիւն եւ ճարպիկութիւն կը համարեն, սկզբունքներ ուրանալը՝ իրատեսութիւն, դիւրազգածութիւնը՝ պարապ զգացում, ծանր աշխատանքը՝ առողջութեան դաւաճանութիւն։

Թէեւ խնդրական, բայց ընդհանրապէս կ՚ընդունուի, որ նկարագիրը ընդոծին չէ մարդուս, այլ՝ ստացական, այսինքն՝ ձեռք կը ձգուի յարատեւ աշխատանքով, օրինապահութեամբ եւ ունակութիւնով։ Արդարեւ, մարդուս խառնուածքը գիտնալով, կը կազմուի նկարագիրը՝ որ երեք գործողութենէ կը բաղկանայ. տեսնել, դատել եւ գործել, ընդլայնելով՝ օրէնքը տեսնել, ուղիղ դատաստան ընել եւ ըստ այնմ գործել։

Ահաւասիկ, այս պայմաններուն իրագործումով կը կազմուի մեծ մարդոց նկարագիրը՝ կը զարգանայ հոգին եւ կ՚ազնուանայ հոգին։

Գալով կրօնաբարոյական մարզին. նկարագրի տէր անձի մը համար կարելի է ըսել, թէ՝ «գերի էր խղճի ձայնին», որ է ձայնը Արարչին դրած օրէնքներուն։ Արդարեւ, մաղթելի է, որ տիեզերքի Տէրը՝ Արարիչը եւ Նախախնամը, այսպիսի մեծանձն «գերի»ներ անպակաս ընէ մարդոցմէ, քանի որ այսպիսիներն են, որ մարդկութեան առջեւ պիտի բանան պայծառ մտքի հորիզոններ, պիտի ուղղեն իր քայլերը օրինաւոր ճամբաներու վրայ, իրեն պիտի սորվեցնեն Բարին, Գեղեցիկը եւ Ճշմարիտը, զոր ընդհանրապէս կ՚անգիտանան անպատասխանատու իմաստակներ։

Մարդը երբե՛ք «փորձի ճագար» մը չէ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 14, 2023, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 15, 2023