ՄԵՐ ԳՐՈՂՆԵՐՆ ՈՒ ՕՏԱՐ ԲԱՌԵՐԸ (ԻԵ.)
Լրագրութիւնը ամենէն բանուկ անդաստանն է,
մշակելու, ճոխացնելու, ծաղկեցնելու
համար արդի աշխարհաբարը։
Շ. ՄԻՍԱՔԵԱՆ
Շատ մը մտաւորականներ մեր աշխարհաբարը ձախողած նկատեցին, որովհետեւ աշխարհաբարը սպասուածին հակառակ հիմք չունեցաւ ժողովրդական լեզուն. հաստատուած մնաց գրաբար լեզուի սկզբունքներուն եւ քերականութեան, ինչ որ շատերու կարծիքով հեռու էր ժողովրդական լեզուամտածողութենէն. այս մասին բողոքողներէն մէկն է Դանիէլ Վարուժան։ 1911 թուականին «Ազատամարտ»ի կազմակերպած վիճակագրութեան մը մասին գրած իր «Հայ լեզուի խնդիրը» յօդուածին մէջ Վարուժան կը գրէ. «Մեր աշխարհաբարը թէպէտեւ այդ կեանքէն ծնունդ առաւ, բայց իր զարգացումը անկէ հեռու եւ անոր հակոտնեայ ուղղութեամբ տեղի ունեցաւ։ Ան չունի իր մէջ ո՛չ հարկ եղած բառերը, ո՛չ ասացուածքներն ու երանգները՝ գաւառի հոգեբանութիւնը նկարելու համար ճշտօրէն»:
Այս բողոքին հիմնական պատճառը հոգեբանութիւնը պահելն էր. օրինակի համար, պատկերացնենք թէ գրող մը պիտի նկարագրէ ողբերգական տեսարան մը, ուր մայր մը կու լայ. գաւառի այդ մայրը ինչպէ՞ս պիտի լայ, եթէ չգործածէ «եաւրում» բառը. գրականութեան մէջ եթէ անոր տեղ գործածուի «զաւակս» բառը, պիտի չտայ այդ հոգին ու զգացումը՝ որ իրապէս կ՚ապրի ու կը զգայ գաւառացին: Այդ էր պատճառը, որ կ՚ուզէին աշխարհաբարը ժողովուրդին լեզուին մօտեցնել, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ փոխանցել այն բոլորը, որ բացի լեզուամտածողութենէն անոնց մշակոյթին եւ առօրեային մաս կը կազմէ:
Սակայն, Դանիէլ Վարուժան հակառակ վերը ըսածին, նոյն յօդուածին մէջ կը պաշտպանէ գրաբարի ներկայութիւնը աշխարհաբար լեզուին մէջ. անոր խօսքերով. «Ինչպէս արդի սերունդին ուղն եւ ծուծը պէտք է կազմէ մեր նախնիներուն նկարագիրը, այսպէս ալ արդի լեզուին մէջ հա՛րկ է, որ կանգնի գրաբարի միջնասիւնը»:
Այդ ժամանակաշրջանին ապրող մարդոց համար գոյութիւն ունէր երկու տեսակի տարբեր հայերէն. մին կը պատկանէր սաղաւարտ եւ պարեգօտ հագուողներուն, իսկ միւսը ֆէս ու շալվար հագուողներուն։ Աշխարհաբարը պարտէր միացնել այդ երկուքը եւ փշրել անոնց միջեւ եղող տարբերութիւնը՝ ստեղծելով նոր ու ամբողջական հայերէն մը՝ յարմար ժողովրդական լեզուամտածողութեան, սակայն միեւնոյն ժամանակ թօթափուած թրքերէն եւ այլ օտար բառերէ եւ որովհետեւ յատուկ մարմին կամ յանձնախումբ գոյութիւն չունէր, այդ մէկը անպաշտօն ձեւով տրուած էր մտաւորական-գրողներուն եւ մամուլին: Աշխարհաբարն ու ընթերցողը իրար միացնողը եւ նոյնիսկ ծանօթացնողը հայկական մամուլն էր, այդ է պատճառը, որ հայ ժողովուրդը տարբեր մօտեցում մը ունեցած է իր մամուլին հանդէպ՝ քան ուրիշ ազգեր, որովհետեւ մեզի համար մամուլը միայն լրատուութիւն եւ կամ նորութիւններ փոխանցելու աղբիւր չէ եղած. ինչքան ճիշդ են խմբագիր Շաւարշ Միսաքեանի խօսքերը. «Լրագրութիւնը ամէենէն բանուկ անդաստանն է, մշակելու, ճոխացնելու, ծաղկեցնելու համար արդի աշխարհաբարը»:
Պաշտօնապէս աշխարհաբարի համար յանձնախումբ մը չըլլալուն, աշխարհաբարի մշակումը վտանգաւոր հանգամանք մը ունէր. այդ մէկը կախեալ էր գրողին համոզումներէն ու սկզբունքներէն (ցաւ ի սիրտ, այդ մէկը մենք եւս մինչեւ օրս կ՚ապրինք. մին կ՚առաջարկէ գրել յետագայ, իսկ ուրիշ մը՝ հետագայ. մին կը գրէ ամենէն, իսկ ուրիշ մը՝ ամէնէն). այլ խօսքով աշխարհաբար լեզուն նման էր դաշտի մը՝ որուն բերքը կախեալ էր մշակներէն. այդ է պատճառը որ պոլսահայ թերթերը կարդալով պիտի տեսնենք նոյն բառին մի քանի տասնեակ տարբեր օրինակները:
Մեր աշխարհաբարը հիմնական կոկողը եղաւ մամուլներու կողմէ հրատարակուող թերթօնները, Զօհրապի, Պարոնեանի, Օտեանի, Ատրպետի եւ նման մտաւորականներու կողմէ գրուած վիպակները, որոնք ժողովուրդին կեանքը նկարագրած ժամանակ ուղղակի կամ անուղղակիօրէն մշակեցին աշխարհաբար լեզուն. հայ ընթերցողը հետաքրքրութեամբ կարդաց անոնց գրածները՝ առանց նկատելու ընտելանալով աշխարհաբար լեզուի հետ:
Անցնիք բառերուն՝ որոնք մեր լեզուն կ՚աղաւաղեն:
ՀԳ.- ՄԻՆՏԷՐ
Մինտէրը մինչեւ օրս գործածուող բառերէն մէկն է՝ գրեթէ հայերէնի կարգ ստացած։ Հայացած այն աստիճան՝ որ Թլկատինցի «Վասն մեղաց մերոց» գրութեան մէջ «տոշակ»ին բացատրութիւն որպէս կու տայ մինտէր բառը: Աւելին, Բաբգէն Կիւլէսէրեան «ներքեւնոց» հայերէն բառը նոյնիսկ կը բացատրէ մինտէր բառով, ինչ որ բառին մեր լեզուին մէջ գործածութիւնը ցոյց կու տայ: Գարգեգին Սրուանձտեանց եւս «դմփիկ» բառը եւս մինտէր բառով կը բացատրէ:
Մինտէր բառը իր «Աղաւնիները» աշխատութեան մէջ կը գործածէ Լեւոն Բաշալեան. «Մինտէր մը առած, նոյն մինտէրը տարիներէ ի վեր, կը տեղաւորէր զանի աջակողմի գաւիթին անկիւնը»:
Արփիար Արփիարեան «Կարմիր ժամուց»ին մէջ կը գործածէ մինտէր բառը. «որ ժամուն բակին վրայ կը նայէր, իբր կարասիք՝ մեծկակ մինտէր մը կար, երկայն բարձով մը»:
Մինտէր բառը կը գտնենք Յակոբ Օշականի «Մնացորդաց» աշխատութեան Գ. հատորին մէջ. «Գոնէ բուրդէ մինտէր մը չկրնալով փրցնել պէօտճէէն (պիւտճէ՜ն թուրքի բերնին մէջ)»:
Յովսէփ Մալէզեան մինտէր բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել բազմոց բառը:
ՀԴ.- ՄՕԼԼԱ
Այս բառը յաճախ կը տեսնենք անուններու դիմաց՝ գործածուած որպէս պաշտօն ցոյց տուող ածական. օրինակի համար, մօլլա Ալի, մօլլա Ահմէտ, մօլլա Սիւլէյման եւ այլն. սակայն յաճախ որպէս առանձին բառ ալ կրնանք տեսնել:
Օրինակի համար, Նահապետ Քուչակ իր երգերուն մէջ կը գործածէ մօլլա բառը. «Մօլլան երբ զտըվան կուտայ, սիրու տէրն քան զուռ կու դողայ». այլ տեղ մը կը գրէ. «Մօլլա՛յ, գէմ հերիք կանչես, գիտացաք որ կու լուսանայ»:
Յովսէփ Մալէզեան մօլլա բառը կը թարգմանէ որպէս օրէնսգէտ. նոյնիսկ հայկական հին բանաստեղծութեան մը մէջ կը կարդանք «Ետուն զնա ի մօլլայն զի օրէնքն ուսցի», սակայն այդ մէկը օրէնսգէտ մարդոց փոխարէն ընդհանրապէս յարգանք ցոյց տալու համար գործածուած է իսլամական աշխարհի կրօնաւորներուն համար:
•շարունակելի…
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -343-
Գուցէ կեանքիս մէջ ամենէն շատ ամչցած պահերէս մէկն է, որ պիտի պատմեմ։ Եկեղեցական էի եւ ճամբորդութեան համար պէտք էր անձնագիրիս նորոգութեան համար դիմում ներկայացնէի. գացի Լիբանանի անձնագրային գրասենեակ. հարիւրաւոր մարդիկ շարքի մէջ կեցած կը սպասէին իրենց հերթին. հազիւ մօտեցած զինուորական մը մօտեցաւ եւ հարց տուաւ, թէ ինչո՞վ կրնայ օգտակար դառնալ. յայտնեցի, թէ կ՚ուզեմ անձնագիրիս նորոգութեան համար դիմում ներկայացնել: Զինուորը խնդրեց, որ ընկերակցիմ եւ աւելի քան հարիւրաւոր մարդոց քովէն անցնելով ինձ տարաւ սենեակ. մի քանի վայրկեան տեւեց դիմում յանձնելը: Նոյն զինուորի ընկերակցութեամբ անցայ նոյն շարքին քովէն, այն տարբերութեամբ, որ այս անգամ թշնամութեամբ կը նայէին: Իրենք աւելի քան երկու ժամ սպասած էին եւ տակաւին պիտի սպասէին, մինչ ես մի քանի վայրկեանուայ ընթացքին յանձնած ու դուրս եկած էի:
Շատ անգամ պաշտօն ունենալը նման պարագաներու փրկարար դեր կը կատարէ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան