ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՄՐՑԱՆԱԿ
Չորս հայ երիտասարդ օրերս Հայաստան բերած են Հայաստանի Տեղեկատուական արհեստագիտութեան (IT) պատմութեան մէջ ամենէն հեղինակաւոր մրցոյթը: Այդ մէկը ամերիկեան Apple հսկայ ընկերութեան կողմէ սահմանուած Apple Award Design-ն է, որ այս տարի բաժին հասաւ հայերուն: Խաղը ստեղծած է հայկական «Թրիատա» արուեստանոցը (studio), որ քսաներկու տարիէ ի վեր՝ կը գործէ Հայաստանի մէջ եւ կը նկատուի համակարգչային գծագիտութեան (Computer graphics) եւ մանրապատկերային շնչաւորութեան (animation) յառաջատար ընկերութիւններէն մին, հակառակ, որ այս ընկերութեան անունը ծանօթ չէր լայն հասարակութեան մօտ, այլ միայն մասնագիտական շրջանակներէ ներս հռչակ կը վայելէր: Միջազգային այս կարեւոր մրցանքէն ետք «Թրիատա»ի անունը յայտնի դարձաւ ողջ Հայաստանի մէջ:
Արուեստանոցը կը զբաղի զանազան աշխատանքներով՝ համակարգչային գծագիտութենէն ներս, մանաւանդ, յաջողութեան հասած է հեռատեսիլային թուային գովազդի շուկային մէջ, շահած է այդ ասպարէզի համար կարեւոր մրցանակներ: «Թրիատա»ն շահած է նաեւ ArmNet Awards 2015-ը՝ «Ձեւաւորում եւ յարմարաւէտութիւն-բջիջային յաւելուած», ինչպէս նաեւ «Նորարարութիւն» անուանակարգերու մէջ: Հակառակ իր փոքրաթիւ կազմին, ընկերութեան մէջ կ՚աշխատին բարձրագոյն գեղարուեստական կրթութիւն ստացած մասնագէտներ, որոնք կ՚արտադրեն հեռատեսիլային գովազդ, կը զբաղին շարժանկարներու արտաքին ազդակներով, նշանաբաններու, նիշերու ձեւաւորմամբ, կրթութիւն կ՚առաջարկեն իրենց ասպարէզին մէջ եւ միաժամանակ կը մշակեն համակարգչային խաղեր:
Նոյն այդ համակարգչային խաղեր մշակելու երկարատեւ աշխատանքի ժամանակ ալ ստեղծուած է այսօր արդէն միջազգային համբաւ վայելող Shadowmatic խաղը, որ այս տարուան Յունուարին Appe Store առցանց խանութին մէջ տեղադրուելէ ետք կայծակնային արագութեամբ տարածուած է ողջ աշխարհի տարածքին: Անոր մասին գրած են ո՛չ միայն տեսախաղային արդիւնաբերութեան յառաջատար պարբերականները, այլեւ՝ բազմաթիւ ազդեցիկ լրատուամիջոցներ, օրինակ՝ The Guardian, Washington Post, Time եւ ուրիշներ:
ԽԱՂԸ
«Թրիատա» արուեստանոցի ստեղծած խաղը ստուերախաղ մըն է, որ շատ նման է մանուկ ժամանակ ամէն մարդու խաղացած մէկ խաղին՝ երբ երախան պատի վրայ ձեռքերով ստուերներ կը ստեղծէ ու կը խաղայ անոնց հետ: Այդ սկզբունքի հիման վրայ ալ արդի սարքերու համար ստեղծուած է ժամանակակից խաղ, որու գծով խաղացողին կ՚առաջարկուի զանազան չափի, ձեւի, միացած կամ անջատ առարկաներ, եւ անոնց առջեւ խնդիր կը դրուի հաւաքել զանոնք այնպէս մը, որ անոնց ստուերը առարկայ մը դառնայ:
Դժուարանալու պարագային կան վճարովի յուշումներ:
Shadowmatic-ը իրականութեան մէջ նկարահանելուկ է, որ կազմուած է եռաչափ սկզբունքով: Հայկական ստուերախաղը ստեղծուած է Apple ընկերութեան սարքերու՝ iPhone-ի, iPad-ի եւ iPod-ի համար, մտադրութիւն կայ մշակելու նաեւ խաղի համակարգչային տարբերակը: Shadowmatic խաղը վաճառքի դրուած է App Store-ի մէջ՝ 2.99 ամերիկեան տոլարով: Խաղը հասանելի է տասներեք լեզուներով, որոնց մէջ է նաեւ հայերէնը: «Թրիատա»ի անդամները փորձած են խաղը Հայաստանի մէջ դարձնել անվճար կամ 1 ամերիկեան տոլար, բայց Apple ընկերութիւնը չունի այդ առանձին համակարգը, ան բոլոր երկիրներու համար նոյն գինը սահմանած է:
«Թրիատա»ն խաղ ստեղծելու միտքն ու ցանկութիւնը ունեցած է տակաւին տասը տարի առաջ: Որոշած են խաղ ստեղծել արցախեան պատերազմի մասին եւ զայն դարձնել միջազգային, սակայն Հայաստանի մէջ մասնագէտներու բաւարար չըլլալուն պատճառով անոնք հրաժարած են այս գաղափարէն։
2012 թուականի Մարտ ամիսին «Թրիատա»ի ծրագրաւորող Բագրատ Տապաղեան, մինչ այդ կատարած երկարատեւ պրպտումներէ եւ աշխատանքէ ետք ստացած է որակեալ գծանկարչական ստուերներ եւ այդ մասին յայտնած է իր գործընկերներուն: Մտադրուած է այդ ստուերներու միջոցաւ ստեղծել նորագոյն խաղ մը, մանաւանդ, երբ Apple-ը նոր քաղաքականութիւն որդեգրած էր՝ ամէն մարդու հնարաւորութիւն տալով ստեղծած խաղերը առանց բարդ միջոցներու թողարկել: Երեք տարուան երկար աշխատանքէ ետք 2014 թուականի աւարտին վերջապէս ամբողջացած է խաղը: Այս տարուան սկիզբին զայն տեղադրելով App Store առցանց խանութին մէջ, խաղը արժանացած է App Store-ի «Յունուար ամսուան գլխաւոր խաղ» կոչումին եւ տեղադրուած է «Խմբագրի ընտրանի» խորագրի ներքոյ: Ամէն տարի Apple ընկերութիւնը կ՚իրականացնէ ամենամեայ մրցանակաբաշխութիւն՝ որու ժամանակ դրամական մեծ պարգեւով կը պարգեւատրէ iOS եւ Mac OS X համակարգերու համար ստեղծուած ամենատաղանդաւոր, նորարարական եւ լաւագոյն ծրագրային մշակումները։ Այս տարի Apple Award Design մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցած է Յունիսի 8-13 թուականներուն, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ իրականացուած «The Apple Worldwide Developers Conference (WWDC) 2015» համաժողովի ընթացքին:
Մինչեւ Յունիս ամիսը կայանալիք մըր-ցանակաբաշխութիւնը, Apple ընկերութիւնը «Թրիատա»էն պահանջած է նոր լուսանկարներ, նոր տուեալներ՝ ընկերութեան մասին։ Այս պարագան երիտասարդներուն մօտ կասկած յառաջացուցած է, թէ արդեօք իրենք պիտի շահի՞ն տարուան գլխաւոր մրցանակը: «Թրիատա»ն հրաւիրուած է մասնակցելու Յունիսի 8-13 թուականներուն տեղի ունեցած միջազգային այս համաժողովին։ Հակառակ անոր, որ այս շրջանին ընկերութիւնը պահած է լարուածութիւնը, միայն աւարտին յայտնած են մրցանակակիրին անունը։ Իսկ «Թրիատա»ի անդամները արդէն գուշակած էին, թէ գլխաւոր մրցանակը իրենցն է:
ԽԱՂԻՆ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆԸ
Խաղին առանձնայատկութիւններէն մէկը, ինչպէս նշած են զայն ստեղծողները, այն է, որ խաղի մէջ չկան սպանութեան, ծեծի ու ջարդի տեսարաններ, չկան բռնութեան պահեր, որոնք այսօր տարածուած են առցանց տեսախաղերու մէջ: Հայերու ստեղծած խաղը կ՚առանձնանայ իր բարութեամբ, հանգստութեամբ, կը տարածէ խաղաղ տրամադրութիւն մը: Խաղը ունի շուրջ եօթանասուն մակարդակ (level) եւ շուրջ ինն սենեակ կամ միջավայր, որոնք յաղթահարելէ վերջ խաղը աստիճանաբար կը բարդանայ: Խաղին մէջ կայ նաեւ հայկական տարրեր: Այդ ինն միջավայրերէն մէկուն մէջ իբրեւ սենեակի ձեւաւորում կայ Կոմիտասի նկարը, ինչպէս նաեւ երբեմն հայկական տառեր կ՚երեւին խաղի քարտէսին վրայ: Բայց խաղին նիւթը հայկական չէ, անոնք պարզապէս խաղի ստեղծողներու նախընտրած ձեւաւորումներն են: Հայկական խումբին ստեղծած ստուերախաղը թեմաթիք է, կան կենդանիներու, բնութեան, աշխարհի ճանաչողութեան, տրամաբանութեան, գիտելիքի նուիրուած խաղեր, եւ իւրաքանչիւր մասնակից իր տարիքին եւ նախասիրութիւններուն համեմատ ինք կ՚ընտրէ իր նախընտրած նիւթը: «Թրիատա»ն զանազան առիթներով նոր նիւթեր կը ներմուծէ, օրինակ, Երախաներու պաշտպանութեան միջազգային օրուան առթիւ աւելցուցած է մասնաւոր երախաներու համար ստեղծուած խաղ մը: Shadowmatic խաղը ըստ ներկայիս տուեալներու, ամենէն աւելի հետաքրքրած է չինացիներն ու քորէացիները, որոնք գնելով զայն, բարձր միաւորներ վաստկելով կը ջանան յաղթահարել բոլոր մակարդակները: Բայց, անշուշտ, խաղը հետաքրքրութիւն ստեղծած է աշխարհի բոլոր երկիրներու մէջ: Խաղի քաղուածքին (review) մէջ կայ խաղի տեսութիւնը, ուր կարելի է տեսնել զանազան երկիրներէ մարդոց մեկնաբանութիւնները, որոնք իրենց տպաւորութիւնները կը գրեն խաղին մասին: Շատեր կը գրեն, որ իրենց կեանքին մէջ տեսախաղեր չեն խաղացած եւ Shadowmatic-ը միակ խաղն է, զոր գնած եւ խաղացած են: Սակաւաթիւ մարդիկ կը բողոքեն խաղի բարդութենէն, իսկ որոշներուն ալ հաճելի է յաղթահարել այդ բարդութիւնը: Խաղի սիրահարներու կարգին բազմաթիւ են արուեստասէրները, քանի որ խաղը արուեստի սկզբունքներուն շատ մօտ է։ Ան ստեղծուած է արուեստի մէջ ծանօթ ստուերարուեստ ժանրի (shadow-art) հիմունքներով: Չորս տարեկանէն սկսեալ ամէն մարդ կրնայ խաղալ խաղը։ Անշուշտ, այդ տարիքի երախան քանի մը մակարդակէն աւելի չի կրնար յաղթահարել, բայց խաղին մէջ չկայ որեւէ վնասակար բան մը, որ արգիլուած է փոքր երախաներուն։ Յաճախ անոնք կը զմայլին խորհրդաւոր պատկերներով կամ կը լսեն երաժշտութիւնը: Այդ մէկը նոյնպէս խաղի յաջողութեան գրաւականներէն մէկն է:
ԽԱՂԸ ՍՏԵՂԾՈՂ ԽՈՒՄԲԸ
Shadowmatic խաղի ստեղծողները օրերս վերադարձած են Միացեալ Նահանգներէն: Հայաստան գալով՝ անոնք շտապած են յայտարարել, որ իրենց յաջողութեան առաջին գրաւականը եղած է խմբային համախմբուած աշխատանքը: Անոնք քննադատած են Հայաստանի մէջ գործող ծրագրաւորողները, որոնք չեն գիտեր խումբով աշխատիլ եւ որպէս կանոն, իւրաքանչիւրը իր եսը յառաջ տանելու խնդիր ունի: «Թրիատա»ի երիտասարդները իրենց օրինակով ցոյց տուած են, որ նման մեծ աշխատանք մը ստեղծելու ատեն մէկ կողմ պէտք է դնել եսը ու աշխատիլ համախոհներու եւ մասնագէտներու հետ, իսկ աշխատանքն ալ պէտք է վերագրուի ամբողջ խումբին եւ ոչ թէ մէկ հոգիի:
ԱՐԱ ԱՂԱՄԵԱՆ
«Թրիատա» ընկերութեան հիմնադիրներէն եւ «Թրիատա» արուեստանոցի ղեկավար Արա Աղամեան կ՚ըսէ, որ որեւէ արդիւնքի հասնելու համար հարկաւոր է անդադար աշխատիլ: Ան աւարտած է Երեւանի Պետական գեղարուեստի համալսարանի ձեւաւորման բաժինը: Ուսումնառութեան երկրորդ-երրորդ տարուան ընթացքին ան երեք դասընկերներով հաւաքուած եւ որոշած են զբաղիլ համակարգչային գծապատկերով: 1993 թուականին, երբ Հայաստանի մէջ ամէնուր լոյս չկար, անոնք կրցած են գտնել վայրեր, ուր քանի մը ժամով հոսանք կ՚ըլլար եւ յաջողած են իրագործել իրենց ծրագրերը: Շուրջ վեց ամիս վերջ ընկերներով գնած են համակարգիչ մը ու սկսած են աշխատիլ ինքնուրոյն: Ան միշտ կ՚ըսէ, թէ խանդավառութիւնը շատ մեծ եղած է, այդ պատճառով ալ հասած են արդիւնքի:
ԱՐՍԷՆ ԱՒՈՅԵԱՆ
Արսէն Աւոյեան Shadowmatic խաղի ձեւաւորողն է: Խաղի ստեղծման աշխատանքի մէջ կարեւոր բաժինը կը պատկանի իրեն, քանի որ ան է հեղինակը խաղի ժամանակ գործածուած բարձրակարգ գծապատկերներուն: Արսէն Աւոյեան այսօր Հայաստանի լաւագոյն եռաչափ ձեւաւորող-նկարիչներէն կը նկատուի: Կը դասաւանդէ Երեւանի Գեղարուեստի համալսարանին մէջ:
ԲԱԳՐԱՏ ՏԱՊԱՂԵԱՆ
Shadowmatic խաղը ծրագրաւորող Բագրատ Տապաղեան շուրջ տասը տարի առաջ միացած է «Թրիատա» արուեստանոցին: Ան կը բնակէր Ուքրայնա, եւ Հայաստան եկած է այս ստեղծագործական խումբին հետ աշխատելու համար: Ան խաղի ստուերներու հեղինակն է:
ՍԵՐԺ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
Ինչպէս խաղի գծապատկերները կը դիտուին իբրեւ արուեստի գործեր, այլ առանձին արուեստի գործ մը կը նկատուի խաղին երաժշտութիւնը, որու հեղինակը Հայաստանի ժամանակակից երաժշտաստեղծներէն Սերժ Մելքոնեանն է, որ երաժշտական աշխարհին մէջ ծանօթ է Էլկոնի անունով: Շատ գրառումներ կան խաղի երաժշտութեան հետ կապուած։ Կան խաղացողներ, որոնք յոգնած աշխատանքային օրուան աւարտին խաղը կը խաղան՝ երաժշտութեան ներքոյ հանգստանալու կամ քնանալու նպատակով։ Իսկ կան մարդիկ, որոնք գրած են, թէ իրենց երախաները կը քնացնեն խաղի երաժշտութեան տակ: Էլկոնին փորձած է երաժշտութեան միջոցաւ կտրել խաղի բարդութեան պատրանքը: Քանի որ խաղը ինքնին բարդ է, երաժշտութիւնը մէկ կողմէն հանգստացնող, մղող եւ խաղաղեցնող բնոյթ ունի, եւ ի տարբերութիւն շատ մը տեսախաղերու երաժշտութեան, յարձակողական չէ: Էլկոնին ունի ձայնասկաւառակներ եւ կը ստեղծագործէ ժամանակակից երաժշտական ժանրերու մէջ:
ԽԱՂԻՆ ԳԱՂՏՆԻՔԸ
«Մենք գերհամակարգիչներ չունինք, խոշոր գումարներ չենք ծախսած այս խաղին համար, հազար հոգինոց մեծ ընկերութիւն մը չենք, ոչ ալ կը բնակինք Նիւ Եորք՝ ժամանակակից կեանքի յառաջընթացի կեդրոնը: Բայց մենք ստեղծած ենք խաղ մը, որ գրաւած է աշխարհը, իսկ անոր յաջողութեան գաղտնիքը նորութեան մէջ է», ըսած են Shadowmatic խաղի ստեղծողները, նշելով՝ որ խաղը ստեղծելու ընթացքին ոչ մէկ ընդօրինակումի ձեռնարկած են: «Թրիատա»ն կը պատրաստուի նոր խաղեր յօրինել, քանի որ այդ մէկը լաւագոյն միջոցն է այսօր այս յառաջատար ու նորարար արուեստանոցի ողջ ստեղծագործական ուժը ցոյց տալու համար։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ