ԵԹԷ ԸԼԼԱՅ ԿԱՄՔ…

Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ այս ա­ռա­ւօտ Պա­քուի մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն հետ, ո­րոնք այ­ցե­լու­թիւն մը կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն դէ­պի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան տա­րած­քաշր­ջան։ Հան­դիպ­ման ներ­կայ էր նաեւ Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րով։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, քննար­կուե­ցան ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցի ներ­կայ փու­լին եւ հե­ռան­կար­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ խնդիր­ներ։

Ծա­նօթ է, որ միջ­նորդ­նե­րը նա­խըն­թաց օր այ­ցե­լե­ցին Ե­րե­ւան եւ ան­ցան Վիեն­նա։ Պա­քու անց­նե­լու ժա­մա­նակ ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ Ճէյմս Ո­ւոր­լիք նշեց, թէ բա­նակ­ցա­յին կար­գա­ւո­րու­մը հնա­րա­ւոր է՝ կող­մե­րու պատ­րաս­տա­կա­մու­թեան եւ կամ­քի գո­յու­թեան պա­րա­գա­յին։

Միւս կող­մէ, Եւ­րո­միու­թեան խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թուսք ե­րէկ Պա­քուի մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Ա­լիե­ւի կող­մէ։ Պա­քուի մէջ կազ­մա­կեր­պուած հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին Թուսք ը­սաւ. «ԵՄ կը վե­րա­հաս­տա­տէ իր մօ­տե­ցու­մը՝ ճանչ­նա­լով Ատրպէյ­ճա­նի տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը, ան­կա­խու­թիւնն ու ինք­նիշ­խա­նու­թիւ­նը։ ԵՄ ու ա­նոր ան­դա­մակ­ցող պե­տու­թիւն­նե­րը նաեւ չեն ճանչ­ցած Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղը»։ Ան ա­ւել­ցուց, որ հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիէն ներս առ­կայ կար­գա­վի­ճա­կը չի կրնար ըլ­լալ մնա­յուն։ ԵՄ-ի հա­մար կը շա­րու­նա­կէ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն մնալ ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւո­րու­մը։ Ըստ Թուս­քի, ԵՄ կը շա­րու­նա­կէ ա­ջակ­ցիլ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի գոր­ծադ­րած բա­նակ­ցա­յին ջան­քե­րուն։

Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան աղ­բիւր­նե­րը սահ­մա­նի վրայ վեր­ջին օ­րե­րուն ա­ւել­ցած լա­րուա­ծու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ հայ­կա­կան զօր­քե­րը կը վե­րահս­կեն ի­րադ­րու­թիւ­նը։ Իսկ Ար­ցա­խի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը կոչ ուղ­ղեց, որ­պէս­զի մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը սահ­մա­նա­յին լա­րուա­ծու­թեան մա­սին դիր­քո­րո­շում յայտ­նէ։ Ստե­փա­նա­կեր­տի հա­մոզ­մամբ, Ատր­պէյ­ճան պէտք է հասկ­նայ, որ իր գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ան­պատ­ժե­լի չեն։

Հինգշաբթի, Յուլիս 23, 2015