Ի՞ՆՉ ԵՆ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏԿԱՆԻՇՆԵՐԸ ԿԱՄ ՉԱՓԱՆԻՇՆԵՐԸ
Ստեղծագործականութեան եւ հոգեկան խանգարումներու միջեւ կապը լաւ հաստատուած է, բայց նաեւ խստօրէն գերագնահատուած է լրատուամիջոցներու, յատկապէս Հոլիւուտի միջոցով: Իրականութեան մէջ, երբ սովորական մարդ մը մտածէ գեղարուեստական եւ գիտական տաղանդի օրինակներու մասին, անոնք ամենայն հաւանականութեամբ կ՚ընտրեն այնպիսիներ, որոնք լիովին չեն ներկայացներ ստեղծագործական եւ հանճարեղ յատկանիշներով մէկը: Անոնք կ՚ընտրեն օրինակներ, որոնք ո՛չ թէ իրենց տաղանդներու, այլ հոգեբանական խանգարումներու պատճառով կը յիշուին ու համակցուած են իրենց տաղանդներու հետ (հոգեբանական բնաւորութեան գիծեր, անձի երկբեւեռ խանգարում, ընկերային հմտութիւններու բացակայութիւն եւ այլն):
Արդիւնքը միանգամայն պարզ է. ստեղծել թիւր պատկերացում կամ պատահական կապ՝ ստեղծագործական կարողութիւններու եւ հոգեբանական խանգարումներու միջեւ։ Այստեղ վաւերականը այն ենթադրութիւնն է, որ Մայլս Տէյվիսը պիտի չդառնար Մայլս Տէյվիս՝ եթէ չըլլար հարբեցող, Փիքասոն այսքան հանրաճանաչ պիտի չդառնար՝ եթէ սիրոյ եւ յարաբերութիւններու նկատմամբ անոր առանձնայատուկ մօտեցումը չըլլար, Սթիվի Ուոնտըր պիտի մնար սովորական երաժիշտ մը՝ եթէ ան տեսողութեան խանգարում չունենար: Թէեւ տեսողութեան խանգարումը հոգեբանական չէ, այստեղ շեշտը կը դրուի այս խանգարման հոգեբանական ազդեցութեան վրայ: Այստեղ կը փորձուի ուղերձ մը հաղորդել մարդոց. «Հանճարեղ ըլլալը այնքան ալ արժէքաւոր յատկանիշ մը չէ, քանի որ բոլոր հանճարեղները խանգարուած մարդիկ են: Այս պատճառով մենք բոլորս պէտք է ընդունինք բնականոնը»:
Սակայն իրականութիւնը տարբեր է։ Տաղանդաւորներու մեծամասնութիւնը ներդաշնակ բնաւորութիւն ունին: Հոգեբանական ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ ստեղծագործականութիւնը կապուած է դրական արդիւնքներու լայն շրջանակի հետ՝ ներառեալ ֆիզիքական եւ հոգեբանական բարեկեցութիւնը: Այստեղ կարելի է ըսել, որ ստեղծագործական գործունէութեան հետ կապուած որեւէ գործողութիւն կը յառաջացնէ ֆիզիքական եւ հոգեբանական դրական ազդեցութիւն: Խմբային մակարդակի վերլուծութեան մը մէջ ստեղծագործական գործունէութիւնը կ՚ամրապնդէ բազմաթիւ ընկերային կապեր՝ ներառեալ երկարաժամկէտ յարաբերութիւնները: Ընկերային եւ ընկերաբանական մակարդակով ստեղծագործականութիւնը մարդկային հասարակութեան յառաջընթացի հիմնարար գործօնն է: Ստեղծագործականութիւնը կը ծնի դրական արդիւնքներ՝ անկախ ծագման կէտէն։
Աւելի բարդ է այն հարցը, թէ առողջ տրամադրութիւնը կամ երջանկութիւնը որքա՞ն ձեռնտու են ստեղծագործութեան: Ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, որ դրական յոյզերը կրնան ստեղծագործական ազդակներ յառաջացնել: Ուրախութեան պահերը յաճախ կապուած են ստեղծագործական վարքի հետ: Բայց սոյն ուսումնասիրութիւնը նաեւ ցոյց կու տայ, որ անհանգստութեան ժամանակաշրջանները (տխրութիւն, վախ եւ այլն) կրնան օգտագործուիլ ստեղծագործական կարողութիւն յառաջացնելու եւ նոյնիսկ հիմք ապահովելու ապագայ ստեղծագործական քայլերու համար: Այս մէկը մարդիկ կ՚անուանեն «ափամերձ ազդեցութիւն» եւ սա կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ ստեղծագործ որոշ յայտնի մարդիկ հակուած են երկբեւեռ ըլլալու:
Եթէ ձեր կեանքի մէջ ամէն ինչ լաւ կ՚ընթանայ կամ ձեր կեանքը հիանալի հաւասարակշռութեան մէջ է, ինչո՞ւ կը փափաքիք փոխել զայն: Ստեղծել կը նշանակէ փոխել կամ փոխակերպել բան մը այլ բանի: Հետեւաբար, յուզումնալից իրադարձութիւնները կրնան խթանել ստեղծագործական նախաձեռնութիւնները, քանի որ անոնք կը դրդեն մեզ փոխել իրերը եւ նոյն պատճառով, երբ մենք հասնինք հաւասարակշռութեան եւ կայունացնենք մեր կեանքը, ապա կրնանք աւելի քիչ ուզել ստեղծագործել։
Յուզական դժուարութիւններու (տառապանքներու) եւ ստեղծագործական գործողութիւններու փոխյարաբերութիւնը կը դրսեւորուի նաեւ մեր գեղեցկագիտական նախասիրութիւններու մէջ։ Ձեր իսկապէս կատարեալ հաւասարակշռուած կեանքը կը նուազեցնէ ո՛չ միայն ձեր ստեղծագործական բնազդները, այլեւ ձեր նախասիրութիւնները որեւէ ստեղծագործութեան պարագային: Անհատականութեան եւ գեղարուեստական նախասիրութիւններու միջեւ կապ հաստատելը դիւրին չէ առանց գեղարուեստական նախասիրութիւնները դասակարգելու՝ ըստ անհատականութեան գործօններու: Այնուամենայնիւ, այն փաստը, որ երջանիկ մարդիկ կը նախընտրեն աւելի նուազ գեղարուեստական ապրանքներ, կարելի է բացատրել միայն ընդունելով կապը ստեղծագործականութեան եւ ձանձրոյթի միջեւ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ