ՄԵՐ ԳՐՈՂՆԵՐՆ ՈՒ ՕՏԱՐ ԲԱՌԵՐԸ (ԼԱ.)
Որպէսզի շփոթութիւն չըլլայ, յայտնենք, որ Պաղտասար Դպիրէն առաջ վստահաբար եղած են քերականութեան հետ կապուած աշխատութիւններ. տպագիր ամենէն հին օրինակներէն մէկն է լեզուաբան, մշակութային գործիչ եւ հրատարակիչ Ոսկան Երեւանցի «Քերականութիւն»ը, որ հրատարակուած է 1666 թուականին։ Ոսկան Երեւանցիէն ետք քերականութեան աշխատութիւններ հրատարակած են թարգմանիչ Յովահննէս Յոլով (1674թ.), Աստուաբան եւ փիլիսոփայ Խաչատուր Էրզրումեցի Առաքելեան (1696թ.), նկարիչ, Աստուածաբան ու նկարիչ Յովհաննէս Մրքուզ (1711թ.) եւ մի քանի այլ մատենագիրներ, սակայն անոնց մէջ աշխարհաբարի ոչ մէկ նշոյլ կը տեսնենք. Պաղտասար Դպրիր եւ անկէ ետք քերականական աշխատութիւններ պատրաստողներու մօտ կը տեսնենք աշխարհաբարի ներկայութիւնը:
Աշխարհաբարի քերականութեան կողքին կարեւոր էր նաեւ գրաբարի եւ աշխարհաբարի տարբերութիւնը յստակեցնել, այդ իսկ պատճառով շատ մը մտաւորականներ սկսան հրատարկել գրաբարի եւ աշխարհաբարի քերականութեան դասագիրքեր՝ անոնց տարբերութիւններով. օրինակի համար, 1831 թուակնաին Վենետիկի մէջ կը հրատարակուի «Համառօտութիւն բառարանի որ ՚ի գրաբառէ յաշխարհաբառ» աշխատութիւնը։ Այս բառարանը մեծագոյն օրինակն է տենսելու համար տարբերութիւնը աշխարհաբարի եւ գրաբարի: Ըսենք, որ այս բառարանը մեր ներկայ աշխարհաբարի բառերը չէ՛ որ ունի իր մէջ, այլ թրքախառն հայերէնը որպէս աշխարհաբար կը ներկայացնէ. օրինակ՝ գրաբարէ աշխարհաբար հետեւեալ ձեւով կը թարգմանէ.-
ԲԻԾ - լէքէ
ԲԻՐ - չպուգ
ԳԱԶԱՆ - ճանավար
ԳԱԶԱՐ - Հավուճ
ԷԳ - Տիշի
ԹԱԿԱՐԹ - թուզաք
Վենետիկի հայրերը թրքախառն հայերէնի կը վերածէին գրաբարը, իսկ Յովսէփ Մալէզեան հրատարակուած այս աշխատութեան ամբողջութեամբ հակառակ, թրքախառն բառերը կը փորձէր հայերէնի վերածել. այլ խօսքով՝ հետեւեալ սերունդները կը տեսնենք.-
Ա.- Սերունդը մը, որ գրաբարը թրքախառն հայերէնի կը վերածէ։
Բ.- Սերունդ մը, որ գրաբարը ամբողջութեամբ մոռնալով գրեթէ թրքախօս կը դառնայ։
Գ.- Սերունդ մը, որ այդ թրքախօսութիւնը «աշխարհաբար» անուան տակ դարձեալ վերականգնել կը փորէ:
Դ.- Սերունդ մը, որ գրաբարն ու աշխարհաբարը մէկ կողմ ձգած իր բարբառին վրայ կը հիմնուի:
Այս սերունդները սակայն իրարմէ շատ հեռու ժամանակաշրջաններու չեն որ ապրեցան եւ նոյնիսկ կրնանք ըսել, որ միեւնոյն ժամանակ այս երեք սերունդները միատեղ գոյատեւեցին եւ գուցէ այդ քաոսային վիճակն ու անհրաժեշտութիւնն էր, որ ստեղծեց Զարթօնքի սերունդը, որ անհրաժեշտութիւն էր՝ փրկելու համար թէ՛ լեզուն եւ թէ գրականութիւնը, մանաւանդ նման ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր աշխարհը գիր-գրականութեամբ կը զարգանար ու քաղաքակիրթ կը դառնար:
Թէեւ այդ Զարթօնքի սերունդը ամբողջական լուծումը չէին լեզուական հարցերուն. որովհետեւ ամէն մարդ իրաւունքը ունէր իր հասկցածին ու հաւատացածին պէս գրել եւ կամ քերականութեան գիրք մը հրատարակել. ամէն մէկը ազատ էր իր ըմբռնումները ունենալու։ Այդ խնդիրը մինչեւ օրս կը տեսնենք նաեւ մերօրեայ մամուլին մէջ, ուր մէկը ռուսերէն բառ կը գործածէ, իսկ ուրիշ մը թրքերէն, սակայն երրորդ մը մայրենին մաքուր պահելու յոյսով լոկ հայերէն բառեր կը փորձէ գործածել իր մամուլին մէջ:
Թէ՛ անցեալին եւ թէ ներակայիս լեզուի կոմիտէն պէտք եղածին պէս լիովին չի կատարեր իր պարտաւորութիւնները, որովհետեւ մեր լեզուն այնպէս ինչպէս անցեալին թրքերէով, այսօր ողողուած է ռուսերէն բառերով՝ մանաւանդ որ մինչեւ օրս Հայաստանի մէջ ունինք «սպորտի նախարարութիւն» մը՝ որ լուրջ մտահոգութիւն պէտք է պատճառէ լեզուի կոմիտէին համար:
Անցնիք բառերուն՝ որոնք մեր լեզուն կ՚աղաւաղեն:
ՁԶ.- ՉԱՄԱՇԸՐ/ՉԱՄԱՇԸՐՃԻ
Այսօր գործածուող բառերուն մաս չի կարզմեր չամաշըր կամ չամաշըրճի բառերը, սակայն հին գրողներու մօտ կը հանդիպինք այդ բառերուն։
Օրինակի համար, Երուխան իր «Կեանքին մԷջ» աշխատութեան «Ձկնորսին սէրը» գրութեան մէջ կը յիշէ այդ բառը ըսելով. «Առ, աղջիկս, - ըսաւ ձկնորս Սերգիսը, ծրար մը երկնցնելով աղջկանը, - աման, մօրդ ըսէ չափոուխ վլայ, զերէ չամաշըր չունիմ»:
Նոյն այդ բառը կը գործածէ Եղիա Տէմիրճիպաշեան, իր «Գրական եւ հանրային դէմքեր» աշխատութեան «Խօսուըռտուք աղջկանց դաստիարակութեան վրայ կամ աւելին ճառը» գրութեան մէջ «Էս մութվախ ինջած ունի՞մ, էս չամաշըր վլացած ունիմ, էս աւել զարկած ունի՞մ...»:
Չամաշըրճի բառը կը տեսնենք խմբագիր Շաւարշ Միսաքեանի «Գրական էջեր» աշխատութեան «Խրամատը» գրութեան մէջ. «Անժէ՛լ, անո՛ւշս, գնա մէյ մը վարը նայէ չամաշըրճին ի՞նչ կ՚ընէ»:
Յովսէփ Մալէզեան այդ բառերուն փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել լուացք կամ կտաւեղէն բառերը. թէեւ Մալէզեան չի յիշեր չամաշըրճի բառին իմաստը, սակայն բառարաններէն առնելով կրնանք առաջարկել լուացարարուհի բառը:
ՁԷ.- ՉԱՅ
Այս բառը արդէն իսկ կարելի է հայացած բառ նկատել, որովհետեւ կը գործածուի թէ՛ արեւմտահայերէնի եւ թէ արեւելահայերէնի մէջ. այս բառը կը գործածեն արաբները, պարսիկները եւ շատ մը այլ ազգեր:
Չայ բառը կը տեսնենք Եղիա Կարնեցիի մօտ, որ ապրած է 1689-1750 թուականներուն միջեւ. ան այս բառը կը գործածէ 12 փետրուար 1718 թուականին գրած իր մէկ նամակին մէջ. «Լսեցի թէ ծախու սաչմա շատ է էկել, չորս լիտր առ, ղրկէ, լաւ չայ մին հօխա ուզանկուն ղրկէ»: Տարի մը ետք՝ 1719 թուականին գրած իր մէկ նամակին մէջ եւս կը յիշէ չայ բառը ըսելով. «Խնդրել էյիր չայ»։ Ըստ երեւոյթին տարի մը առաջ խնդրած «չայ»ը տակաւին հասած չէր:
Այս բառը կը գործածէ նաեւ պատմագիր (ինչպէս նաեւ կաթողիկոս) Աբրահամ Գ. Կրետացի իր գրած պատմութեան 22-րդ գլուխին մէջ. «Եւ յորժամ ճաշեցինք եւ գոհացանք, մինչ նա ղալիօն քաշէր եւ ես չայ խմէյի...»:
Յովսէփ Մալէզեան այս բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ թէյ բառը։
ԾԱՆՕԹ.- Չայ բառը բացի թէյէն կը նշանակէ նաեւ գետ. պատմութիւնը ուսումնասիրելով պիտի տեսնենք բազմաթիւ տեղանուններ, որոնք կը վերջանան «չայ»ով. օրինակի համար՝ Տուդխու-չայ, Գուրու-չայ, Արփա-չայ, Զէնկի-չայ, Աք-չայ եւ այլն:
ՁԸ.- ՉԱՅԻՐ
Այս բառը այսօր մեր արեւմտահայերու եւ կամ արեւելահայերու կողմէ գործածուող բառ մը չէ, սակայն գրականութեան մէջ, մանաւանդ պատմագրութեան մէջ կարելի է հանդիպիլ:
Օրինակի համար, Տէր-Կարապետեան Գեղամ (որ ծանօթ է նաեւ Մշոյ Գեղամ անունով) իր «Հողային հարցը» աշխատութեան մէջ կը յիշէ, թէ Ա. Բաղէշի շրջակայ Ախլաթ, Չուգուր, Տատիկ, Կիւզալտէրէ, Խիզան, Սոլակերտ գաւառները ունէին աւելի քան 38 «չայիր»ներ, իսկ Կինճի Գուրի, Խիան, Փէչար, Ճապաղջուր, Մարաշդութ, Չքթէ եւ Կինճի եւ աւելի քան երեսուն հայաբնակ գիւղեր՝ աւելի քան 50 չայիր:
Այս բառը կը գործածէ 17-րդ դարու տաղասաց Դաւիթ Սալաձորեցի (որ ծանօթ է նաեւ Որբուկ անունով). ան իր «Գովասանք ծաղկանց» տաղին մէջ կը գրէ. «Ջուրն ու չայիր -չիման, ծաղկունք կու ցնծան հետ ձնաբերնուն»:
Չայիր բառը կը տեսնենք նաեւ Սայաթ Նովայի երգերուն մէջ։ Յիշենք անոնցմէ երկուքը. Սայաթ Նովայի հայերէն խաղերուն 60-րդ երգին մէջ կը կարդանք. «Կու բխեցնէ կաթնեախպուր, կանանչ չայիր չիմանին»: Իսկ վրացական խաղերուն առաջին երգին մէջ կը կարդանք. «Բլբուլի պէս վարդ պըտրեցի, մէկ էլ չայիր -չիման ընկայ»:
Գարեգին Սրուանձտեանց եւս իր «Համով հոտով» աշխատութեան երրորդ գլուխին՝ «Պստիկ Միրզան եւ դեւ Գորգոչան» գրութեան մէջ կը յիշէ չայիր բառը. «Գիշեր ես կը պահեմ, չեմ քներ։ Ձիեր զարկէք ի չայիր»:
Յովսէփ Մալէզեան չայիր բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ արօտ բառը, թէեւ Գարեգին Յովսէփեան Կաթողիկոս չայիր բառը կը թարգնամանէ որպէս մարգագետին:
•շարունակելի…
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -353-
Մի քանի օրեր առաջ սփիւռքէն հիւր մը ունեցանք. հանդիպումէն հետեւեալ խօսքերը մնացին միտքիս մէջ. եղբօրս տղաքը շատ հայրենասէր են. թէեւ կինը օտար է (եւրոպացիի մը հետ ամուսնացաւ), բայց շատ հայրենասէր է. քսան տարեկան էր Հայաստան այցելեց. մէկ ալ քսանչորս տարեկան էր շաբաթ մը Հայաստան եկաւ:
Այդ վայրկեանին մեզմէ ո՞վ կրնար կասկածիլ երիտասարդի մը հայրենասիրութեան մասին, որ օտարի մը հետ ամուսնացած ըլլալով հանդերձ երկու անգամ այցելած էր հայրենիք. զոհողութեան ինչ մե՜ծ օրինակ: Կեցցե՛ն նմաններ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան