ՃԵՄ ԷՕԶԵՐ ՃԵՄ ՔԱՐԱՃԱՅԻ ԴԵՐՈՎ

Երէկ երեկոյեան, Մեճիտիյէգիւղի «Թրամփ» առեւտուրի կեդրոնի գեղարուեստասրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ «Cem Olmak» երեկոյթը, որ առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։ Բազմաթիւ գեղարուեստասէրներ համախմբած այս ձեռնարկը երաժշտութիւնով եւ պարով տրամա մըն էր։ Ներկայացումը անմոռանալի երգիչ Ճեմ Քարաճայի յիշատակին ձօնուած այս ներկայացումը կը ցոլացնէր անոր կեանքն ու գործունէութիւնը։ Բացի իր երաժշտական կարողութիւններէն, Ճեմ Քարաճա ժամանակին համբաւ ձեռք բերած էր, որպէս ընդդիմադիր դէմք։ Այս երկուքի հատման կէտին վրայ իր դերը խաղաց ուրիշ յայտնի արուեստագէտ մը՝ Ճեմ Էօզեր։ Այս վերջինը՝ իբրեւ անուանակից, ոչ միայն մարմնաւորեց Ճեմ Քարաճայի կերպարը, այլեւ ներկայացման բեմադրիչն էր Մուրատ Կիւրվարտարի հետ, որն ալ, իր կարգին, նաեւ բեմագրութիւնը հեղինակած էր։ Օղուզհան Կիւլէրի կողմէ կեանքի կոչուած արտադրութեան մէջ բեմայարդարումը ստանձնած էր Պուրճու Քոչեիղիթ։

Գեղարուեստասէրները ներկայացման ընթացքին հաղորդ դարձան Ճեմ Քարաճայի կեանքի զանազան երեսակներուն, նաեւ կարողացան պատկերացում մը կազմել անոր գեղարուեստի եւ մարդոց նկատմամբ վերաբերմունքին շուրջ։ Եզրափակիչ փուլին հանդիսատեսները ո՛չ միայն ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին դերակատարները, այլեւ՝ իրենց բջիջային հեռախօսներու լոյսերը վառելով ոգեւորութիւնը հասցուցին գագաթնակէտին։

Երեկոյթի կազմակերպչական աշխատանքներուն իր նպաստը բերած էր նաեւ մեր համայնքէն Սէրլի Նշանեան։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2023