ՖԻՏԱՆ-ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ։ Հայկական կողմը շատ սահմանափակ տեղեկութիւններ հաղորդեց զրոյցի բովանդակութեան շուրջ, իսկ թրքական պաշտօնական աղբիւրները որեւէ հաղորդում չըրին։ Այսպէս նախարարները քննարկած են տարածաշրջանային ընթացիկ իրադարձութիւններն ու օրակարգային նիւթեր։ Բաց աստի, երէկ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնին հետ։ Զրուցեցին նաեւ Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները՝ Սերկէյ Լաւրով եւ Ճէյհուն Պայրամով։

Երէկ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որուն մէջ արձանագրուեցաւ, թէ միջազգային հանրութեան կողմէ երեք տարի առաջ քննադատութեան եւ կոշտ արձագանգի բացակայութեան պայմաններուն ներքեւ Ատրպէյճանի հայատեաց գործողութիւնները ո՛չ միայն չդադրեցան, այլեւ հասան նոր դրսեւորման։ 44-օրեայ պատերազմի երրորդ տարելիցին առթիւ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ հետեւեալը. «Այսօր մենք կ՚ընդգծենք տարածաշրջանէն ներս ուժի կիրառման դատապարտման, հերթական զանգուածային ոճրագործութեան կանխման հրամայականը»։

Սերկէյ Լաւրովի բերնով երէկ շարունակուեցաւ նաեւ Երեւան-Մոսկուա բանավէճը։ Ան Հայաստանի ղեկավարութեան կոչ ուղղեց՝ յիշել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու վրայ յոյս դնողներու ոչ-նախանձելի ճակատագիրը։ Լաւրով համոզուած է, թէ աշխարհաքաղաքական առումով կարելի չէ անտեսել Ռուսաստանի շահերը Անդրկովկասէ ներս։

Միւս կողմէ, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր յայտնեց, որ Ուաշինկթընի նպատակն է օգնել Երեւանին եւ Պաքուին, որպէսզի բանակցային սեղանի շուրջ վերադառնան եւ հասնին ամուր, արժանապատիւ խաղաղութեան։ «Ռուսերը վերջին շաբաթներուն լաւ դեր չեն կատարած», աւելցուց ան։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2023