Հինգշաբթի 28, Նոյեմբեր 2024
ՊԵԼԺԻՈՅ ՄԷՋ ԲԱՆԱՁԵՒ
Պելժիոյ Ներկայացուցիչներու պալատը երէկուան իր լիուագումար նիստին ընթացքին քննարկեց հայկական հարցին վերաբերեալ այն բանաձեւը, որ նախապէս արժանացած էր Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի հաւանութեան։ «Ֆլամանտական նոր դաշինք» կուսակցութեան երեսփոխաններէն Փեթէր Տը Ռուվէրի կողմէ հեղինակուած այս բանաձեւի բովանդակութեան մէջ կոչ կ՚ուղղուի, որպէսզի Թուրքիա ճանչնայ ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայոց տեսակէտները։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ տեղի ունեցած քննարկումներէն վերջ, Պելժիոյ խորհրդարանին մէջ այսօր քուէարկութիւն տեղի կ՚ունենայ հայկական հարցին վերաբերեալ սոյն բանաձեւին համար։
Հինգշաբթի, Յուլիս 23, 2015