ՏԱՐՀԱՆՈՒՄ
Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն մասին առատ է պատճառահետեւանքային վերլուծաբանութիւնը: Տեղեկատուական ոլորտին մէջ խուճապահարութիւնը օգտակար չէ: Այդ առումով տեղեկատուական ներքին եւ արտաքին պատերազմի իրավիճակին մէջ բացառապէս յենուիլը՝ Արցախի տեղեկատուական շտապի հրապարակումներուն, օգտակար է թէ՛ ճիշդ կողմնորոշուելու եւ թէ յատկապէս՝ ապագայ քայլերը կազմակերպելու առումով:
Արցախի տեղեկատուական շտապի հայթայթած նիւթերէն կարելի է լուսարձակի տակ առնել հետեւեալները.
- Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումներու դուրսբերում մարտական դիրքերէն ու տեղափոխում մշտական տեղակայման վայրեր՝ բանակի կազմալուծման աշխատանքներուն զուգահեռ,
- Որոնողական աշխատանքներ զոհուածներու ու անհետ կորսուածներու յայտնաբերման ուղղութեամբ,
- Ծանր եւ ծայրայեղ ծանր վիրաւորներու ու հիւանդներու տեղափոխում Հայաստանի հիւանդանոցներ՝ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ու ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ,
- Արցախ մարդասիրական բեռներու, բժշկական պարագաներու, առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու եւ վառելիքի ներմուծում Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիով՝ ռուս խաղաղապահ առաքելութեան միջնորդութեամբ,
- (…) Ելեկտրականութեան մատակարարման վերականգնման աշխատանքներու մեկնարկ,
- Արցախի եւ անոր ժողովուրդի ապագային շուրջ քաղաքական խորհրդակցութիւններու կազմակերպում,
- Ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ կ՚իրականացուի Հայաստանի Հանրապետութիւն տեղափոխումը այն ընտանիքներուն, որոնք վերջին ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով անօթեւան մնացած են եւ հանրապետութենէն դուրս գալու ցանկութիւն յայտնած են:
Այս տեղեկութիւններէն պարզ կը դառնայ, որ մարդասիրական բեռներ սկսած են հասնիլ Ստեփանակերտ եւ թէ տարհանման աշխատանքներ ընթացքի մէջ են:
Պարզ է, որ բոլոր քայլերն ու գործողութիւնները կը կատարուին եւ կ՚իրականանան ռուս խաղաղապահներու միջնորդութեամբ:
Թէ՛ մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելու, թէ՛ փրկաորոնողական աշխատանքներ իրականացնելու եւ թէ տարհանման գործողութիւններ կազմակերպելու առումով ռուսական գործօնը աշխուժացած է:
Պարզ է քաղաքական տրամաբանութիւնը: Պէտք է այնպէս ընել, որ որոշ զանգուած մը մնայ Արցախի մէջ: Անով իսկ պայմանաւորուած է ռուս խաղաղապահ առաքելութեան կեցութիւնը այնտեղ:
Անգարայէն ուղղակի ուղերձ կար, որ երկուքուկէս տարիէն կ՚աւարտի ռուս խաղաղապահ առաքելութեան ժամկէտը եւ Թուրքիոյ նախագահը յոյս կը յայտնէր, թէ Մոսկուան կը յարգէ իր խոստումը:
Արցախի պաշտպանութեան բանակի կազմալուծման նպատակով սանձազերծուած պատերազմով, ըստ էութեան, չեղեալ յայտարարուած է եռակողմանի համաձայնութիւնը: Խորքին մէջ, ասիկա հարուած է Մոսկուային, որուն երաշխաւորութեամբ եւ միջնորդաւորութեամբ կայացած էր համաձայնութիւնը:
Հիմա ռուսական նոր միջնորդութիւններ եւ երաշխաւորութիւններ կ՚արձանագրուին՝ մարդասիրական օժանդակութիւններու կամ սահմանափակ տարհանումներու տեսքով:
Արցախ հաղորդած է նաեւ, որ դարձեալ ռուսերու միջնորդութեամբ կողմերը կը բանակցին զօրքերու յետքաշման գործընթացի, ինչպէս նաեւ տարհանուած քաղաքացիները իրենց բնակավայրերը վերադարձնելու կարելիութիւններուն շուրջ:
Ենթադրեալ բեմագրութիւնը այն կրնայ ըլլալ, որ Արցախի մէջ ապրող հայութիւնը շրջապատուած ըլլայ ռուս խաղաղապահներով եւ դէպի Հայաստան ու անկէ դէպի աշխարհ իր ելքը վերահսկուի առնուազն նաեւ ռուս խաղաղապահներով:
Այս մէկը ռուսական հայեցակէտէ առաջադրելի բեմագրութիւն կրնայ ըլլալ, եթէ ռուս խաղաղապահներու Արցախ կեցութիւնը կ՚ընդունինք, որ պայմանաւորուած է Արցախի մէջ հայ ժողովուրդի գոյութեամբ:
Քաղաքականօրէն ընկալելի է, որ ռազմաքաղաքական իրադարձութիւնները մեծ հաշուով կ՚ընթանան Մոսկուա-Անգարա համաձայնութիւններով: Միաժամանակ փաստ է, որ նոյնիսկ Արցախ ներխուժման, բնակավայրերու վրայ յարձակումներ իրականացնելուն ժամանակ Ատրպէյճանի դէմ միջազգային ընտանիքը բաւարարուած է դատապարտանքով, կոչով, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի անբանաձեւ նիստերով:
Կը թուի, թէ այս բոլորով Արցախի պաշտպանութեան բանակի լուծարման դիմաց Ռուսաստանի Դաշնակցութիւնը կը ստանձնէ բացառապէս Արցախի ժողովուրդի պաշտպանութիւնը: Առայժմ զուտ մարդասիրական եւ անվտանգային առումներով:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի