Ուրբաթ 17, Յունուար 2025
ՓԱՇԱԶԱՏԷԷՆ ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆ
Կովկասի մահմետականներու վարչութեան պետ եւ Ատրպէյճանի շէյխիւլիսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէ վերջին օրերուն հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով, որոնց մէջ անդրադարձաւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ հանդիպման հաւանականութեան։ Հայկական լրահոսին մէջ արձագանգ գտած են APA գործակալութեան հաղորդումները, ըստ որոնց Փաշազատէ նման հանդիպում մը դեռ հնարաւոր չի նկատեր։
«Յայտնի չէ, թէ արդեօք մենք կը հանդիպի՞նք Հայաստանի հոգեւոր առաջնորդին հետ։ Մենք միշտ հանդիպած ենք Քիրիլ Պատրիարքի միջնորդութեամբ։ Սակայն հայ հոգեւոր առաջնորդի ռէօվանշիստական քաղաքականութեան եւ հայերու ուղղեալ առճակատման կոչին պատճառով մեր հանդիպումը դեռ հնարաւոր չէ։ Իր գործողութիւնները թոյլ չեն տար, որ այդպիսի հանդիպում մը տեղի ունենայ», նշած է ան։
Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 29, 2023