ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՄՔ

Վեր­ջին օ­րե­րու ա­հա­բեկ­չա­կան դէպ­քե­րուն տե­ղի տուած ան­նա­խըն­թաց ցա­սու­մը զգա­լի է բո­վան­դակ Թուր­քիոյ մէջ։ Շան­լըուր­ֆա­յի Սու­րուչ գա­ւառա­կին մէջ պա­տա­հած ա­հա­ւոր ա­հա­բեկ­չու­թեան ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը հետզ­հե­տէ կը յստա­կա­նան պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու ջան­քե­րով։ Ե­րէկ պար­զուե­ցաւ այդ յար­ձա­կու­մը ի­րա­գոր­ծած եւ իր մարմ­նին վրայ զե­տե­ղած ռում­բե­րը պայթե­ցու­ցած անձ­նա­ւո­րու­թեան ինք­նու­թիւ­նը։ Ան ե­ղած է Շէյխ Ապ­տուր­րահ­ման Ա­լա­կէօզ, որ իր եղ­բօր՝ Եու­նուս Էմ­րէ Ա­լա­կէօ­զի հետ ան­ցեալ Մա­յի­սի 11-էն ի վեր տեղ գտած էր ոս­տի­կա­նու­թեան ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ու կը փնտռուէր։ Ա­նոնց ինք­նութեան ար­ձա­նագ­րու­թիւ­նը կը գտնուի Ա­տըեա­մա­նի մէջ։ Տե­ղա­կան մա­մու­լը կը հա­ղոր­դէ, որ ա­նոնց յա­ճա­խած թէ­յա­տու­նը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ կը յա­ճա­խէին նաեւ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ահա­բեկ­չու­թեան խմբա­ւոր­ման ան­դամ­նե­րը եւ ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը, եր­կու ան­գամ խու­զար­կում­ներ կա­տա­րած էր այն­տեղ։

Ե­րէկ, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ օրուան տե­ւո­ղու­թեան պար­զուե­ցաւ, որ ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մե­րուն ի­րենց բնա­կա­րա­նին մէջ սպան­նուած եր­կու ոս­տի­կան­նե­րը զոհ դար­ձած են ՓՔՔ­-ի ա­հա­բեկ­չու­թեան։ Շան­լըուր­ֆա­յի Ճէյ­լան­փը­նար գա­ւա­ռա­կին մէջ ոս­տի­կան­ներ՝ Օ­քան Ա­ճառ եւ Ֆէյ­յազ Եումու­շաք մա­հա­ցած վի­ճա­կի մէջ գտնուած էին ե­րէկ ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մե­րուն։ Ըստ ճշդո­ւած ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն, ա­հա­բե­կիչ­նե­րը պատշգա­մէն մուտք գոր­ծած էին եր­կու ոս­տի­կան­նե­րուն բնա­կած յար­կա­բա­ժի­նը։ Ոս­տիկան­նե­րու նա­հա­տակ­ման դէպ­քին կա­պակ­ցու­թեամբ ե­րէկ գրա­ւոր յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը հան­դէս ե­կաւ Հան­րա­պե­տութեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան։ Ան ա­նի­ծեց եր­կու ոս­տի­կան­նե­րու կեան­քը խլած դէպ­քը։ Էր­տո­ղան ա­հաբեկ­չա­կան յար­ձա­կում­նե­րու դի­մաց ա­մօ­թա­լի նկա­տեց լռութիւ­նը այն շրջա­նակ­նե­րուն, ո­րոնք յե­նուած են ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան։ 

Սու­րու­չի եւ Ճէյ­լան­փը­նա­րի ա­րիւ­նա­լի յար­ձա­կում­նե­րը ե­րէկ մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի մէջ ման­րա­մասն քննարկ­ման ա­ռար­կայ դար­ձան նաեւ կա­ռա­վա­րու­թեան նիս­տին ըն­թաց­քին։ Ժո­ղո­վի ա­ւար­տին Փոխ-վար­չա­պետ Պիւ­լենտ Ա­րընչ հան­դէս ե­կաւ վճռա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով։ «Ե­թէ կը փա­փա­քին թէ՛ ա­հա­բեկ­չա­կան ա­րարք­ներ ի­րա­կա­նաց­նել եւ թէ լուծ­ման գոր­ծըն­թա­ցը խօս­քով շա­րու­նա­կել՝ այս­պի­սի բան մը ան­կա­րե­լի է», ը­սաւ Պիւ­լենտ Ա­րընչ։ Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ փոխ-վար­չա­պե­տը մատ­նան­շեց նաեւ ու­րիշ կա­րե­ւոր հան­գա­մանք մը։ Այս­պէս, Սու­րու­չի դէպ­քէն առաջ ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը փա­փա­քած է խու­զար­կում­ներ կա­տա­րել մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ, սա­կայն քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի պաշ­տօ­նեա­նե­րը թոյլ չեն տուած։ «Զո­հերու շար­քին ո՛չ քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն ի­րա­ւա­սու մը եւ ոչ ալ ՀՏՓ­-ի վար­չա­յին մը կայ։ Տար­բեր լրա­քա­ղու­թեան մը նիւթն է, թէ ա­նոնք մնա­ցած են հե­ռու եւ բազ­մու­թեան մէջ չեն մտցուած», ը­սաւ Պիւ­լենտ Ա­րընչ։

Տե­ղա­կան մա­մու­լը այ­սօր ման­րա­մաս­նօ­րէն կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ Չան­քա­յա­յի ա­պա­րան­քին մէջ 7.5 ժամ տե­ւած Նա­խա­րա­րաց խոր­հուր­դի նիս­տին ա­ւար­տին Պիւ­լենտ Ա­րընչ ակն­յայ­տօ­րէն քննա­դա­տած է ՀՏՓ­-ի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը։ Ան կրկնած է նաեւ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի կող­մէ օ­րա­կար­գի վրայ բե­րուած ա­ռա­ջար­կը՝ որ­պէս­զի Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի եր­դի­քին տակ ներ­կա­յա­ցուած չորս կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը հան­դէս գան հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Պիւ­լենտ Ա­րընչ ընդգ­ծեց, թէ ի­րենք ա­նօ­գուտ կը նկա­տեն խորհր­դա­րա­նի ար­տա­հերթ նիս­տի մը գու­մա­րուի­լը, ինչ որ ա­ռա­ջար­կուած էր ՀՏՓ­-ի կող­մէ։

Բաց աս­տի, Փոխ-վարչապետ Պիւ­լենտ Ա­րընչ ընդգ­ծեց, թէ սահ­մա­նի վրայ ֆի­զի­քա­կան անվ­տան­գու­թեան նոր դրու­թիւն մը պի­տի հաս­տա­տուի։ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» խմբա­ւոր­ման տե­ղա­կա­յուած վայ­րե­րուն հա­մա­ձայն անվտան­գու­թեան հա­մա­կար­գը պի­տի ամ­րապնդուի։ Միայն ա­հա­բե­կիչ­նե­րու ելքն ու մուտ­քը, օ­տար մար­տիկ­նե­րու անց­քը պի­տի ար­գե­լա­փա­կուի, իսկ մար­դա­սի­րա­կան նպա­տակ­ներով անց­քե­րը պի­տի դիւ­րա­ցուին։

Հինգշաբթի, Յուլիս 23, 2015