ՀԱՍԿՆԱԼ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Հայաստանի մէջ միասնութեան ճգնաժամը կը շարունակուի։ Աւելի սուր եւ աւելի ցաւոտ երեւելի դարձաւ, որ ինչքա՛ն խոցելի է երկրի ներքին իրականութիւնը։ Խօսքը կը վերաբերի ներքին լարումի, պառակտումի եւ թշնամութեան, որ աւելի վտանգաւոր է՝ քան բոլոր արտաքին թշնամիները՝ նոյնիսկ իրարու հետ գումարած։ Անշուշտ, նոյն այս ենթածիրին մէջ ամենախոցելի պատկերն է, որ քաղաքական վերնախաւ կոչուածին մէջ առաջին իսկ օրէն կը պակսի՝ իրականութիւնները ճիշդ եւ ամբողջական ներկայացնելու քաջամտութիւնը։ Ո՞ր ղեկավարը կամ ո՞ր առաջնորդ ներկայացողը կ՚ուզէ առկայ իրավիճակը ներկայացնել՝ ինչպէս որ է կամ ինչպէս որ կայ… Պատասխանը՝ ոչ ոք։ Ոչ ոք կը խօսի թոյլ կէտերուն, նահանջի պատճառներուն եւ ի վերջոյ 2020 թուականի մեծ պարտութեան իսկական պատճառներուն մասին։ Այդ խօսքը լսելի դարձնել պիտի նշանակէ խոցելի դարձնել նախ եւ առաջ այդ խօսքը բարձրաձայնողը, յետոյ ալ հասարակութեան այն հատուածը, որ կ՚ընդունի անկեղծ եւ տրամաբանական խօսքերը ու կը հասկնայ, թէ ինչ բարդ օրի ինկած է այսօր։
Երբ 2020 թուականի պատերազմը աւարտեցաւ, ուղենիշը ո՛չ թէ իսկական լուծումներու որոնումը եղաւ, այլ խոստումներով հանդէս գալը, թէ այս բոլորը տարի մը վերջ Հադրութի եւ Շուշիի մէջ պիտի նշուէին։ Այդ մարդիկ, ապահովաբար, շատ լաւ գիտէին, թէ այդ խոստումները սուտ էին, բայց, ընդդիմութեան հարթակը բոցավառ պահելու համար այդպէս կը վարուէին… Ծանօթ է, ի վերջոյ, որ հասարակութիւնը կը սիրէ մեծխօսիկութիւն, խոստումներ, նաեւ ամբոխավարական մօտեցումներ ու այդպէս ալ ընթացաւ՝ մինչեւ որ հասաւ Արցախի յանձնումին։
Յստակ էր նաեւ, որ փողոցին մէջ իշխանափոխութեան հասնելու փորձերը պիտի ձախողէին, որովհետեւ Հայաստանի հասարակութեան մեծամասնութիւնը մեծ անկումներէն ետք հաւատք չ՚ընծայեր որեւէ կողմի, նաեւ չ՚ուզեր որ փողոցի լեզուն (որ մեծ հաշուով կը փորձէ կրկնօրինակել 2018 թուականի փողոցի տրամաբանութիւնը) դառնայ տիրական կամ ինչ-որ տեղ ընթացք տայ ներքին խռովութիւններու։ Այս բոլորով հանդերձ, հասարակութիւնը շարունակեց պառկատման մէջ հանգիստ ապրիլ։
Իշխանութիւնները, որոնք կը փորձէին իրենց ունեցած բոլոր միջոցները օգտագործել աւելի մեծ ժողովրդականութեան մը տիրանալու համար, մեծ հաշուով ձախողեցան։ Բնական կը համարուի այդ ձախողումը, որովհետեւ որեւէ իշխանութիւն, որ կը հասնի իր զենիթին, կը սկսի բռնել նահանջի ճամբան ու անոր համակիր զանգուածները կամաց-կամաց կը նօսրանան։ Ընդդիմութիւնը՝ փոխանակ օգտուելու այս առիթէն ու հաշուի նստելու 2021 թուականի արտահերթ ընտրութեանց արդիւնքներուն հետ, շարունակեց յոխորտալ։ Ի դէպ, յոխորտանքը յատկանշուեցաւ քանի մը երեւոյթներով, որոնց ամենակարեւորն է, որ ընդդիմադիր ղեկավարները ժամանակ չունէին լսելու պարզ հասարակութեան մտահոգութիւնները։ Ասոր կողքին նկատուեցաւ, որ երկար ժամանակ Հայաստանի իշխանութիւնը իրենց ձեռքը պահած առաջնորդները չուզեցին հասկնալ, թէ մեծ հաշուով իրենց ժամանակը անցած է։ Այս բոլորին ազդեցութեամբ Նիկոլ Փաշինեանի եւ անոր շուրջ բոլորուած գործիչներու իշխանութիւնը վերարտադրուեցաւ։ Շարքային քաղաքացին իսկապէս կը տագնապէր Հայաստանի հարցերով։ Ամէն անգամ, որ ան մտածեց, թէ պէտք է փոփոխութիւն մը կատարուի երկրին մէջ եւ, ինչ խօսք, ինք եւս մաս պէտք է դառնայ այդ փոփոխութեան՝ քարացաւ… ու լռեց։
Սփիւռքի գրականութեան ասպետներէն Նիկողոս Սարաֆեան այս վիճակին շատ պատկերաւոր ակնարկած է մէջբերելով Սուրբ Գրքի՝ Ղովտի կնոջ օրինակը։ Այդ մէկը բոլորին ծանօթ է. հրկիզուած քաղաքի բնակիչները կ՚ուզէին ետ նայիլ ու կը քարանային, իսկ Ղովտի կինը, որ դարձեալ առիթն ունէր փախչելու, չուզեց լսել իր ամուսնոյն խորհուրդները եւ ինքն ալ ետին նայելով նոյնպէս քարացաւ… Յար եւ նման Հայաստանի հասարակութեան տարրերուն, որոնք ամէն անգամ, որ ուզեցին բան մը փոխել, այս անգամ իրենց դէմը նկատեցին այն դէմքերը, որոնք արդէն կը համարուին անցեալի խորհրդանշաններ, հետեւաբար նաեւ քարացան ու լռեցին… Այս մթնոլորտը այսօր՝ նոյնիսկ Արցախի կորուստէն ետք կը շարունակուի ու տակաւին յստակ ալ չէ, որ մինչեւ ե՛րբ կրնայ երկարիլ։ Մարդիկ փողոց իջած են, իրենց բլթակները լարած են մէկ մարդու ուղղութեամբ ու երբ յիշեն, որ այդ մէկ մարդուն տեղը պիտի նստի մօտաւոր անցեալին տէրութիւն ըրած եւ վատ համբաւով անձը, իրենց գտնուած տեղը կը մնան ու կը քարանան…
Միւս կողմէ, հակառակ ստեղծուած ցաւատանջ վիճակներուն ու փոխանակ լծուելու մէկ հոգսի՝ ընդդիմութիւն-իշխանութիւն խաղը կը շարունակուի։ Այդ հոգը Արցախէն դուրս եկած քոյրերու եւ եղբայրներու օգնութեան փութալն է։ Երեւանի փողոցները դարձեալ կը խցանուին, ոստիկաներ կը ձերբակալեն «տաք գլուխ» ցուցարարները ու հայհոյանքի եւ լուտանքի թիրախ կը դառնան, հարթակներու վրայ նոյն դէմքերը հանդէս կու գան եւ կ՚ուզեն հաւատացնել, թէ լուծումը մէկ անձի հեռացումով պիտի ըլլայ։ Քիչ անց, բողոքի ալիքները կը նուազին ու ատոր փոխարէն մէջտեղ կու գայ (եթէ տակաւին չէ եկած) Արցախէն հասած մեծ ցաւերուն ալիքը, որ լռութեան պիտի մատնէ ամբողջ երկիրը։ Ու այստեղ, անշուշտ, մեծագոյն վրիպումն է, որ յատկապէս այժմու դրութեամբ՝ Հայաստանի մէջ քաղաքական որեւէ փոփոխութիւն կախեալ է արտաքին ազդակներէ։ Թերեւս բոլորը պատասխանատու են ստեղծուածին համար, բայց, միեւնոյնն է՝ գաղտնիք պէտք չէ ըլլայ, որ այսօրուան Հայաստանը Արեւելք-Արեւմուտք մեծ պայքարին մասնիկը դարձած է։
Ճիշդ է, որ կռուողն ու զոհուողը ինքն է, բայց խաղին երկու ծայրերը բռնածներէն մին ինքը չէ։ Կարելի է վստահեցնել, թէ այսօրուան խաղը փոքրիկ Հայաստանէն շատ աւելի մեծ է եւ հայութեան վրիպումը եղած է, որ մինչեւ այս պահը չէ կարողացած ճիշդ ընկալել տարածաշրջանի նոր դերաբաշխումները։
Առերեւոյթ տկարութիւն նկատուած ճշմարտախօսութեան կարիքը կ՚առընչուի առկայ քաղաքական տիլէմայով։ Ի վերջոյ ուրի՞շը պէտք է ըսէ տկարութիւններուն, թերութիւններուն եւ միամտութիւններուն մասին կամ Հայաստանը պէտք է անդրադառնայ։
Տեղ մը Արեւմո՞ւտքը պէտք է ըսէ, որ 2020 թուականէն ետք ստեղծուած նոր պատկերին հիմքով այլեւս անկարելի է, որ Ռուսաստան դառնայ Արցախի անվտանգութեան հովանաւորը կամ պէտք էր զգալ այդ բոլորը ու հաշուի նստիլ այդ բաց իրականութեան հետ։ Ի վերջոյ, Արեւե՞լքը պէտք է ըսէ, որ Արցախի Հանրապետութիւն անունով վարչական միաւոր մը գոյութիւն ունենալու իրաւունք չունի կամ պէտք էր հասկնալ, թէ երեսուն տարի մեծ յոյսերով եւ երազներով պահուած ու պահպանուած Արցախը օր մը չէ օր մը պիտի նայէր՝ միջազգային հանրութիւն կոչուածին աչքերուն մէջ ու հոն ալ պիտի քարանար… Ի վերջոյ, եւրոպացի դեսպաններն ու կոմիսարնե՞րը պէտք էր հասկցնէին, թէ Արցախը խաղալիք դարձած է եւ ռուսական երգի աքորտները վաղուց արդէն սպառած են կամ արդէն պէտք էր հասկնալ, որ Ուքրայնայի դէմ մահ ու կենաց «յատուկ գործողութեան» ձեռնարկած Վլատիմիր Փութին կ՚ապրի իր իշխանութեան ամենադժուար պահերը, հետեւաբար նաեւ պատրաստ է զոհել Արցախը՝ յանուն Թուրքիա-Ռուսաստան ջերմ բարեկամութեան։
Այնքան ատեն, որ հայութիւնը պիտի չուզէ հասկնալ այս ճշմարտութիւնները ու պիտի խուսափի իրականութեան աչքերուն մէջ նայելէ, սա պիտի նշանակէ, թէ պիտի շարունակէ վստահիլ «հայկական բարձրաւանդակ» բարձրանալու անկարողութեան առջեւ սառած բրիտանական նաւերուն կամ ալ պիտի շարունակէ յուսալ, թէ վաղը դարձեալ պիտի երգէ «օրհնուի այն սահաթը, որ ռուսի ոտքը կոխեց մեր երկիրը»՝ ուրանալով, անշուշտ, Մեծն Աբովեանի կորուստին դասերը կամ 27 Հոկտեմբերի մեծ ողբերգութեան ցաւն ու տագնապը։
Հայութիւնը իրաւունք չունի այս հունով շարունակելու եւ, վստահաբար, եթէ այս ոգիով շարունակէ, ապա աւելի մեծ տապալումը շատ աւելի մօտ պիտի ըլլայ՝ քան այն, ինչ կը մտածեն շատերը. անոնք, որոնք ազգի ոգին, անոր քաջութիւնն ու լեռներ շարժելու կամքը շփոթահար կը կշռեն՝ նաւթի, ճանապարհներու եւ խողովակաշարներու մեծ կշիռքին վրայ։
Հայկական կշռաքարերը ժանգ կապած են ու այդ ժանգը մաքրելու կարեւոր գործիքներէն մին՝ կորսուած միասնականութեան վերահաստատումն է։ Ի հարկէ, կան նաեւ ուրիշ զէնքեր, բայց, վաղ է անոնց մասին խօսիլ, քանի միասնութեան հաստատումը նախապայման է։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան