ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԱՐՑԱԽԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին բարձր նախագահութեամբ, երէկ կատարուեցաւ յատուկ աղօթքի կարգ՝ ի զօրակցութիւն Արցախի եւ արցախահայութեան։ Յետաձգեալ Միւռոնօրհնութեան փոխարէն, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին տնօրինութեամբ, կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի աւարտին, Ս. Տրդատի բաց խորանին առջեւ երէկ կատարուած համազգային աղօթքի ընթացքին հաւատացեալներու երկրպագութեան եւ օրհնութեան համար դուրս բերուեցաւ աստուածամուխ Ս. Գեղարդը։ Վեհափառ Հայրապետը Ս. Գեղարդով օրհնեց Հայաստանն ու Արցախը, նաեւ հաւատացեալ ժողովուրդը։ Աղօթքի աւարտին Նորին Սրբութիւնը համայն հայ ժողովուրդին ուղղեց իր հայրապետական պատգամը, որու ընթացքին ըսաւ հետեւեալը։

*

Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ,

Անսահման ցաւով եւ խոր մտահոգութեամբ համակուած են բոլորիս հոգիները։ Ծանր ու տագնապալի օրեր կ՚ապրի ազգս հայոց։ Այսօր, համախմբուած Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ հայոց եկեղեցիներուն մէջ ի սփիւռս աշխարհի, աղօթք կը բարձրացնենք ի զօրակցութիւն Արցախի մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն, որոնք գաղթի ճանապարհը բռնեցին՝ ենթարկուելով սոսկալի տառապանքներու եւ անմարդկային զրկանքներու։ Արցախ աշխարհը կը հայաթափուի, վերստին կ՚որբանայ սրբազան հողը հայոց։

Ազգային այս ողբերգութեան յանդիման ցաւով կ՚անդրադառնանք, որ Ատրպէյճանի զաւթողական, ցեղասպանական գործողութիւններուն աշխարհի անհամարժէք արձագանգը, Արցախի նկատմամբ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն որդեգրած քաղաքականութիւնը եւ մեր ժողովուրդի երկպառակութիւնը յանգեցուցին Արցախի կորուստին։

Այսօր նոյն սպառնալիքին առջեւ է Հայաստանի Հանրապետութիւնը. անթաքոյց կը խօսուի ինքնիշխանութեան եւ պետականութեան կորուստի վտանգին մասին։ Անվտանգային մարտահրաւէրները, տարածքային կորուստները ակնյայտ հարկադրանքի ներքեւ խաղաղութեան հաստատման գործընթացէն ներս դրսեւորուած շտապողականութիւնը, ինչպէս նաեւ հասարակութեան հետ իշխանութեան շփման կերպերը անվստահութեան մթնոլորտ ձեւաւորած են եւ արդար ընդվզում յառաջ կը բերեն, ինչ որ ստեղծուած բարդ կացութեան մէջ կրնայ ցաւալի իրադարձութիւններու առաջնորդել։

Մեր յորդորն է պետական այրերուն՝ նոր բաժանարար գիծերով, անկշռադատ խօսքերով ու արտայայտութիւններով ատելութիւն չսերմանեն, չմասնատեն եւ չտկարացնեն ժողովուրդը։ Առկայ հիմնախնդիրներուն արժանապատիւ հանգուցալուծում ապահովելու, հայրենիքը վտանգաշատ այս կացութենէն դուրս բերելու համար հարկ է գործել սթափ, ճիշդ գնահատել աշխարհաքաղաքական իրողութիւնները եւ օրէ օր խորացող ճգնաժամի մէջ ի գործ դնել մեր ազգի փորձագիտական ամբողջ ներուժն ու փորձառութիւնը՝ չառաջնորդելու համար մեր երկիրը նոր կորուստներու՝ յատկապէս նկատի ունենալով թշնամիի յաւակնութիւններն ու ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը։ Արցախեան արիւնալի պատկերը կը վկայէ այն իրողութիւնը, թէ անզուսպ են թշնամիի զաւթողական ձգտումները եւ խտրութիւն չի դրուիր միջոցներու ընտրութեան հարցին մէջ։

Մեր յորդորը կ՚ուղղենք նաեւ ազգային, կրօնական հասարակական, քաղաքական կառոյցներուն՝ միաւորուելու մեր ժողովուրդի ներկայ ծանր մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման եւ համախմբուած գործելու՝ յանուն մեր երկրի ապագայի երաշխաւորման։

Սիրելի ժողովուրդ, գոյաբանական սպառնալիքներու առջեւ հրամայական է մեր համազգային միաբանութիւնն ու համախմբուածութիւնը, որովհետեւ միասնականութեան մէջ է մեր զօրութիւնը, միասնականութեան մէջ է գալիք աղէտը կանխելու ուղին։ Արդ, ապրինք ու գործենք սիրով, մեր կորուստներու ցաւը ձեռքբերումներու վերածելու բարձր գիտակցութեամբ, մեր կամքն ու ոգին վերածենք ազգային կեանքի իրական արթնութեան եւ հայրենիքի ու ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան միաբան ուժի, մեր կեանքով վկայենք ճշմարիտ նուիրումը հայրենիքին, ազգին եւ դարերով փայփայուած մեր անկախ պետականութեան։

Սիրելիներ, առկայ դժուարին պայմաններուն ներքեւ մենք՝ որպէս ժողովուրդ, դարձած ենք, առաքեալի խօսքի համաձայն, «ամէն կողմէ ճնշուած, բայց ոչ ընկճուած, կարօտեալ, բայց ոչ յուսահատ, հալածուած, բայց ոչ լքուած, չարչարուած, բայց ոչ մեռած» (Բ Կորնթ. 4.8)։ Արդարեւ, մեր հաւատը, յոյսը, հայրենասիրութիւնը եւ ազգանուիրումը երբեք հնարաւոր չէ սպաննել։ Այդ իսկ պատճառով յանուն Արցախի համազգային աղօթքը մեզի համար անյուսութեան աղօթք չէ, վշտի աղօթք չէ, տրտմութեան աղօթք չէ, այլ յոյսի ու մխիթարութեան, վերյառնումի ու յարութեան աղօթք է։ Համազգային այս աղօթքը թող գօտեպնդէ մեզ, համախմբէ մեզ որպէս Աստուծոյ սեփական ժողովուրդ՝ ազգի ու հայրենեաց հզօրացման մէկ ու նոյն տեսիլքով։ Այս պահը մեզի համար նաեւ առիթ է անդրադարձ կատարելու մեր կեանքի ընթացքին՝ հեռացնելու համար մեզմէ հայրենադաւ երեւոյթները, սրբագրելու սխալներն ու թերացումները, որպէսզի զօրանանք որպէս ազգ, պետութիւն ու եկեղեցի։ Մեր հայրենեաց անգին նշխարը՝ Արցախ աշխարհը, մերն է ու մեր սրտին մէջ է եւ Արցախի հայապատկան ըլլալու գիտակցումը երբեք չի տկարանար սերունդներուն մէջ։

Սիրելի բարեպաշտ զաւակներ մեր, միասնաբար աղօթենք Արցախի մեր ժողովուրդին համար եւ ամէն կարելիութեամբ նեցուկ ու սատար ըլլանք տարագիր մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն՝ մխիթարելով զիրենք ցաւի ու նեղութիւններու մէջ եւ իրենց կեցութեան ու կարիքներուն համար անհրաժեշտ հոգածութիւն ցուցաբերենք։

Արցախցի սիրելի զաւակներ, ձեզի յատուկ քաջարի ոգիով ամուր ու տոկուն եղէք, հաստատուն մնացէք ձեր հաւատի ու յոյսի մէջ, շարունակեցէք ապրիլ ու արարել՝ չընկրկելով դժուարութիւններու առջեւ ու մշտարթուն պահեցէք ձեր սէրը Արցախի եւ հայրենեաց աւանդներուն նկատմամբ։ Համայն մեր ժողովուրդը եւ եկեղեցին ձեզի հետ են եւ այս տառապալի օրերուն պատրաստակամ, յանձնառութիւններով զօրակից ձեզի։

Համազգային աղօթքի այս օրը, ի զօրակցութիւն Արցախի մեր զաւակներու, Հայաստանի շարք մը եկեղեցիներուն մէջ զետեղուած են սրբազան մասունքներ հաւատացեալներու երկրպագութեան եւ ջերմեռանդ աղօթքին համար։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եկած ուխտաւորներուդ համար դուրս բերուած է Քրիստոսամուխ Ս. Գեղարդը՝ որպէս նշան մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի սոսկալի չարչարանքներու եւ յաղթական յարութեան։ Սուրբ Գեղարդի զօրակցութեամբ մեր ժողովուրդը ապրած է արհաւիրքներ, կոտորածներ ու ցեղասպանութիւն, ամուր պահած հաւատքը անյուսութեան մէջ, անհաւատութեան մէջ վերածնած յոյսը եւ բարիի հանդէպ սէրը դարձուցած չարի դէմ պայքար։

Այս վստահութեամբ մեր աղօթքը վերառաքենք առ Աստուած, ըսելով. «Տէր Աստուած, պարգեւէ մեզի քու օրհնութիւնը եւ փրկէ վտանգներէ ու փորձութիւններէ։ Տուր զօրութիւնը չարի յարձակումներուն դիմակայելու, հարուածներէն վեր յառնելու։ Մշտավառ պահէ մեր կեանքին մէջ յարութեան երկնահեղ լոյսը եւ պահպանէ մեզ քու Սուրբ Աջի հովանիին ներքեւ։ Քու խնամքի եւ օրհնութեան մէջ պահէ քեզի միշտ հաւատարիմ, բռնագաղթի տառապանաց եւ նեղութիւններու ճանապարհով անցնող Արցախի մեր քոյրերն ու եղբայրները։ Հանգստութիւն շնորհէ հայրենեաց պաշտպանութեան համար զոհուածներու հոգիներուն, ապաքինում՝ վիրաւորներուն ու նեղեալներուն եւ ազատութիւն՝ գերեվարուած մեր զաւակներուն։ Բարերար եւ ամենազօր Աստուած, աւելցուր մեր մէջ հաւատքը, յոյսն ու սէրը, որպէսզի ապրինք քու կամքին համաձայն եւ մշտահունչ աղօթքով հայցենք խաղաղութիւն համայն աշխարհին ու մեր հայրենիքին, բարօրութիւն ու ապահովութիւն աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդին՝ անդադար փառաբանելով ամենազօր Երրորդութիւնդ»։

Թող Փրկիչ մեր Տիրոջ շնորհը, սէրն ու խաղաղութիւնը ըլլայ մեզի հետ եւ ամէնքին այսօր եւ միշտ եւ յաւիտեանս. ամէն։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2023