ՓԱՐԻԶԻ ԵՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԻ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐԻ ՄԸ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒՄԸ
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննա յայտարարեց, որ իր երկիրը կը շարունակէ ջանքեր գործադրել՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ բանաձեւի մը ընդունման շուրջ։ Միեւնոյն ժամանակ, ան յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայերը ինքնակամ չեն լքած իրենց տուները, սա տեղահանութիւն մըն էր եւ այդ բռնի տեղահանումը միջազգային իրաւունքի կոպտագոյն խախտում կը համարուի։ Քոլոննայի բնորոշմամբ՝ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին դէմ Ատրպէյճանի գործողութիւնները ոճրագործութիւն են։ Ուստի, ան գրաւոր դիմում մը ներկայացուցած է Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելին, որպէսզի Հայաստանէ ներս ԵՄ-ի առաքելութիւնը ընդլայնուի ու լիազօրութիւնը հզօրացուի։
Երէկ, Քաթրին Քոլոննա շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Ան այցելեց Արցախէն տեղահանուած եւ թարմանման տակ գտնուած կարգ մը գաղթականներու, բաց աստի, ընդունուեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի կողմէ։ Քոլոննայի հետ զրուցելու ժամանակ Փաշինեան շեշտեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական տագնապը այժմ փոխադրուած է Հայաստան։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներուն, Փաշինեան եւ Քոլոննա քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը։
Նախարարներու համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Քաթրին Քոլոննա շեշտեց, որ Ռուսաստան չէ յարգած՝ 9 նոյեմբեր 2020 թուականի հրադադարի եռակողմանի համաձայնութեան շրջանակներէն ներս ստանձնած իր պարտաւորութիւնները։ Ան համոզուած է, թէ Մոսկուա պէտք է ապահովէր, որպէսզի հնարաւոր ըլլար հարցերը լուծել քաղաքական ճանապարհով եւ լուծէր երկու երկիրներու միջեւ խնդիրները։ «Սա իր պարտաւորութիւնն էր, որ չէ կատարուած», ըսաւ ան։
Միեւնոյն ժամանակ, Քաթրին Քոլոննա տեղեկացուց, որ Ֆրանսա հաւանութիւն տուած է Հայաստանի հետ ապագային ռազմական պայմանագիր մը կնքելու նիւթին։ Ֆրանսական կողմը այսպէսով ռազմական միջոցներ պիտի տրամադրէ Հայաստանին, որպէսզի սեփական պաշտպանութիւնը ապահովէ։ Քոլոննա թէեւ մանրամասնութիւններու մէջ չխորացաւ, սակայն ըսաւ. «Մենք կը գիտակցինք, թէ Հայաստանի կողքին կայ այնպիսի հարեւան երկիր մը, որ անընդհատ թշնամական գործողութիւններ կ՚իրականացնէ»։ Փարիզի նպատակն է, որ Եւրոմիութիւնն ու անոր անդամները եւս սկսին նոյնպէս յստակ ազդակներ ցոյց տալ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան վերաբերեալ։ «Որեւէ գործողութիւն, որ պիտի սպառնայ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան, շատ յստակ ու կոշտ արձագանգի պիտի արժանանայ։ Կը յուսամ, թէ մեր յոյսը կրնանք դնել նաեւ մեր այլ գործընկերներուն՝ մասնաւորապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն վրայ», ըսաւ ան։
Քաթրին Քոլոննա Երեւանի մէջ ընդգծեց, որ Ֆրանսա շատ զգօն պիտի ըլլայ որեւէ սպառնալիքի պարագային, որու նկրտումները պիտի վերաբերին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան։ Ան յիշեցուց, որ Ֆրանսա միշտ եղած է հայերու կողքին։ Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ֆրանսացի նախարարը տեղեկացուց, որ եղանակի պայմաններուն հետեւանքով չէ յաջողած այցելել Գորիս, սակայն կը փափաքէր երթալ Սիւնիք, որ առաջինը ընդունած է Լեռնային Ղարաբաղէն Հայաստան մուտք գործածները։
Արարատ Միրզոյեանն ալ ֆրանսացի պաշտօնակցին հետ ասուլիսի ժամանակ ըսաւ. «Այսօրուան իրականութիւնը ցոյց տուաւ՝ միջազգային դերակատարներու գործադրած ջանքերը բաւարար չէին կանխելու ոճրագործութիւնները եւ ապահովելու Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան անվտանգ կեանքը իր բնօրրանին մէջ։ Ես կը փափաքիմ այս բանը ընդգծել, որովհետեւ տարածաշրջանային զարգացումներով պայմանաւորուած ուժի կամ ուժի սպառնալիքի ապագայ կիրառման, Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան, ժողովրդավարութեան դէմ նկրտումներու զսպումը շարունակական մարտահրաւէր է»։