ՀԱՍՆԻԼ ՏԱՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը ջանայ հնարաւորը ընել՝ Արցախէն բռնի տեղահանեալներու օժանդակութիւն փութացնելու համար։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը ներկայիս շարժման անցուցած է իր բոլոր լծակները՝ առկայ ողբերգութեան դիմագրաւման ճանապարհին։ Կը հաղորդուի, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը Արցախէն գաղթած դպրոցականներուն ուսումը կազմակերպել կը պատրաստուի Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանին մէջ, որ կը գործէ իր հովանաւորութեան ներքեւ։ Այսպէս, Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանը յառաջիկայ շրջանին պիտի ընդունի 7-10 տարեկան երկսեռ աշակերտներ, որոնք Հնդկաստանի մէջ պիտի շարունակեն իրենց ուսումը։
Հնդկաստանէ ներս պաշտօնապէս արձանագրուած ու պետականօրէն ճանչցուած հայկական դպրոցը Նիւ Տելհիի՝ Հնդկական տասնամեայ դպրոցական կրթութեան որակաւորման խորհուրդի անդամ է եւ աշակերտները լաւագոյնս կը պատրաստէ 10-րդ դասարանի աւարտական քննութիւններուն։ Ճեմարանի կրթական ծրագիրներն ու չափորոշիչները կը համապատասխանեն հնդկական կրթական համակարգին։ Հայոց մարդասիրական ճեմարանին մէջ ուսումը անվճար է։ Դպրոցը կը հոգայ նաեւ աշակերտներու Հնդկաստան ճամբորդութեան, այնտեղ կեցութեան, սնունդի, հագուստի եւ բժշկական ծառայութիւններու ծախսերը։ Կալկաթայի մարդասիրական ճեմարանի 10-րդ դասարանը «լաւ» կամ «գերազանց» գնահատականով աւարտած հայ պատանիները կրնան իրենց ուսումը եւս երկու տարի շարունակել՝ նոյնպէս Կալկաթայի «Լա Մարթինիէր» անգլիական լիսէին մէջ։ Այս փուլին եւս աշակերտներու բոլոր ծախսերը կը դիմագրաւուին ճեմարանին կողմէ։ Անգլիական այդ լիսէէն «լաւ» կամ «գերազանց» գնահատականով վկայուած հայ պատանիներուն բացառիկ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռուի՝ ըստ իրենց փափաքին եւ ընտրութեան, ինչպէս նաեւ ճեմարանի տեսչութեան համաձայնութեամբ, Հնդկաստանի որեւէ համալսարանին մէջ շարունակելու ուսումնառութիւնը։ Ուսման ամբողջ ընթացքին հայ ուսանողներուն կը տրամադրուի կրթաթոշակ։ Բաց աստի, ուսման, ճեմարանի մէջ կեցութեան, սնունդի, հագուստի եւ բժշկական ծառայութիւններու ծախսերը ամբողջութեամբ կը հոգայ Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանը։ Հարկ է նշել, որ ճեմարանի մէջ ուսումը անգլերէնով է՝ բացառութեամբ «Հայոց լեզու եւ գրականութիւն», «Հայրենագիտութիւն», «Հայոց պատմութիւն» եւ «Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկաներէն։
Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարան յաճախելու թեկնածու սաներուն ծնողները անհրաժեշտ փաստաթուղթերը պէտք է անձամբ ներկայացնեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնը։
Միւս կողմէ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ բազմաթիւ եպիսկոպոսներու ներկայութեամբ խորհրդակցութիւն մը՝ նախագահութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին։ Սա թէեւ պաշտօնական Եպիսկոպոսական ժողով մը չէ, սակայն, բազում սրբազաններ մասնակցեցան՝ նկատի ունենալով, որ այսօր անոնք կը գտնուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Վեհարանի երդիքին տակ ծաւալուեցան քննարկումներ, որոնց օրակարգին վրայ էր Արցախէն տեղահանուած գաղթականներուն հնարաւոր բոլոր ձեւերով օգնութիւն փութացնելու հարցը։ Անպաշտօն հաւաքին ներկայ էր նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ այս օրերուն կը գտնուի Հայաստանի մէջ։
Եկեղեցական
- 01/16/2025
- 01/16/2025