ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մասիս Գույումճուի։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Ինչպէս ծանօթ է, ամիսներ առաջ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ դադրած էին պաշտամունքները եւ նորընտիր թաղային խորհուրդի կողմէ ձեռնարկուած էր բարեզարդման աշխատանքներու։ Եկեղեցւոյ վարիչները յայտնեցին, որ հոկտեմբերի 13-ին կը նախատեսուի եկեղեցւոյ օծման եւ պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւնը։ Թաղային խորհուրդի անդամները Նորին Ամենապատուութեան հովանաւորութիւնն ու նախագահութիւնը խնդրեցին եկեղեցւոյ օծման եւ պաշտամունքի վերաբացման հանդիսութեան։

Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը խոստացաւ ընդառաջել հրաւէրին։ Նորին Ամենապատուութիւնը հայրական յորդորներ յղեց թաղային խորհուրդի անդամներուն, նաեւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց համար։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 6, 2023