ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ «ՊԱՔՈՒԻ ՋԱՐԴԵՐ. 1905 ԹՈՒԱԿԱՆ» ԳՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ
Երեւանի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ «Պաքուի ջարդեր. 1905 թուական» գրքին շնորհանդէսը։ 20-րդ դարասկիզբին Պաքուի նահանգապետ եղած Ալեքսանտր Նովիքովի անձնական օրագրութեան մէջ արձանագրուած պատմական փաստերու վերահրատարակութիւնն է այս գործը, որ լոյս կը սփռէ այդ ժամանակ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն վրայ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, գիրքի խմբագիրը՝ «Անտիտոպոր» լրատուական-վերլուածական կեդրոնի մեկնաբան Վատիմ Յարութիւնով տեղեկացուց, թէ այս մէկը կը կրէ խորհրդանշական բնոյթ։ Գիրքը լոյս տեսած է 2015-ի խորհրդանշական տարուան մէջ եւ Պաքուի իրադարձութիւններու 110-րդ տարելիցին ընդառաջ։ 1905-1906 թուականներու իրադարձութիւնները թէեւ կը կոչուին հայ-թաթարական ջարդեր, սակայն իրականութեան մէջ Ալեքսանտր Նովիքով իր օրագրութեան մէջ նշած է, թէ իրադարձութիւնները միայն հայոց ջարդերն են։ Ան իր օրագրութեան մէջ նկարագրած է ապրուածները ու խօսած՝ հայոց դիակներուն մասին։ Վատիմ Յարութիւնով նշած է, թէ գիրքը յայտնաբերած է պատահական ձեւով։ «Հին գիրք մըն էր, լոյս տեսած էր հաւանաբար տասն օրինակով, վաճառքի հանուած էր։ Ես այդ մէկը գնեցի եւ երբ կարդացի զայն, որոշեցի վերահրատարակել։ Հասկցայ, որ գտածոյ մըն է, նման բան մը համացանցի վրայ կամ գրախանութներու մօտ չկար», ըսաւ Վատիմ Յարութիւնով եւ աւելցուց, թէ Ռուսաստանի մէջ տակաւին որեւէ շնորհանդէս տեղի չէ ունեցած։ Գործը կարդացած են անոնք, որոնք պատուիրած են։
Ալեքսանտր Նովիքով, ըստ իր նախաբանին գիրքը գրած է 1905 թուականի Ապրիլին։ Հեղինակը դարձած է արիւնալի դէպքերու ականատեսը։ Վկաներու պատմութիւններուն առընթեր, գիրքի բովանդակութեան հիմնական մասը կ՚ընդգրկէ յօդուածներ ու նամակներ։