ՀԱՄԱԽՈՀՈՒԹԵԱՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ
Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, համախոհական կառավարութիւն մը ձեւաւորելու ուղղեալ որոնումներուն շրջագծով այսօր առաջին բանակցութիւնները տեղի կ՚ունենան ԱՔ կուսակցութեան եւ ՃՀՓ-ի պատուիրակութիւններուն միջեւ, գլխաւորութեամբ Էօմէր Չելիքի եւ Հալուք Քոչի։ Երկու կուսակցութիւններուն միջեւ նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութեան հիման վրայ կը սկսին քննարկումները։ Բանակցութիւններուն առաջին փուլը տեղի կ՚ունենայ «Անգարա Փալաս» պետական հիւրատան մէջ։
Մինչ այդ, հանրային կարծիքին մօտ հետզհետէ կ՚ամրապնդուի այն համոզումը, թէ կարելի պիտի չըլլայ յանգիլ վերջնական արդիւնքի մը եւ անխուսափելի պիտի դառնան կանխահաս ընտրութիւնները առկայ քաղաքական հաւասարակշռութիւններով։