ՊԵԼԺԻՈՅ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՊԱԼԱՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԸ
Պելժիոյ Ներկայացուցիչներու ժողովը երէկուան իր լիագումար նիստին ընթացքին միաձայնութեամբ ընդունեց հայկական այն բանաձեւը, որ երկու շաբաթ առաջ հաւանութեան արժանացած էր Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին կողմէ եւ օր մը առաջ ալ անոր մասին քննարկումներ տեղի ունեցած էին լիագումար նիստի ընթացքին։ 124 կողմ, զերօ դէմ եւ 8 ձեռնպահ ձայնով ընդունուեցաւ այս բանաձեւը։ Այսպէսով Պելժիոյ Ներկայացուցիչներու ժողովը երկրի կառավարութեան եւ Ծերակոյտին զուգահեռ որոշում մը ընդունած եղաւ հայկական հարցին շուրջ։
Հայկական աղբիւրները այս բանաձեւի ընդունման իրադարձութեան արձագանգ կը հանդիսանան լայնօրէն։ Նոյնպէս թրքական լրատուամիջոցներն ալ տեղ տուած են այս իրադարձութեան, խորանալով կարգ մը երանգներու մէջ։ Կարգ մը թերթեր կը գրեն, որ այս բանաձեւի ընդունմամբ Պելժիա պաշտօնապէս ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Քուէարկութեան դրուած բանաձեւը աւելի խստացնելու ուղղեալ առաջարկները չեն ընդունուած։ Ցեղասպանութեան ընդունման զուգահեռ՝ շեշտուած է, որ 1915-ին ապրուածները պէտք չէ առընչուին այսօրուան Թուրքիոյ եւ Պելժիոյ մէջ բնակող թուրքերուն հետ։ Թրքական մամուլէ այլ աղբիւրներ կ՚ընդգծեն, որ սկիզբին ընդունուած բանաձեւը կը կրէր «Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին» անունը, իսկ աւելի վերջ կատարուեցաւ անուանափոխութիւն մը եւ որոշումը կոչուեցաւ «Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման մասին»։ Ընդդիմադիր կուսակցութիւնները փափաքած են բանաձեւի բովանդակութեան ներառնել ուղղակի ճանաչման վերաբերեալ արտայայտութիւններ։ Այս մօտեցումը չէ ընդունուած համախոհական կառավարութիւն կազմած կուսակցութիւններուն կողմէ։ Փոխարէնը՝ յղում կատարուած է Պելժիոյ Վարչապետ Շարլ Միշէլի կողմէ Յունիս 18-ին կատարուած յայտարարութեան, որով ան կառավարութեան եւ իր անունով ճանչցած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը։
Նկատի ունենալով, որ բանաձեւին մէջ ժամանակակից Թուրքիան պատմական ու բարոյագիտականօրէն պատասխանատու չէ համարուած՝ այս նրբութիւնը թրքական աղբիւրներուն կողմէ այնպէս կը մեկնաբանուի, թէ Վարչապետ Միշէլ չէ փափաքած Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները խզել վերջնականօրէն։
ԱՆԳԱՐԱՅԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ
Միւս կողմէ, Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս առաւօտ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Պելժիոյ խորհրդարանին կողմէ առնուած այս որոշման կապակցութեամբ։ Գրաւոր յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, թէ Թուրքիա Պելժիոյ կողմէ հերթական անգամ անարդարօրէն մեղադրուած է, պատմական ճշմարտութիւնները աղաւաղուած են, իսկ իրաւունքը համարուած է չեղեալ։
Նախարարութեան բանաձեւումով, Պելժիոյ մէջ տարեսկիզբէն ի վեր արշաւ մը յառաջ կը տարուի թրքական ինքնութիւնն ու պատմութիւնը մրոտելու համար, իսկ երէկուան որոշումը կը համարուի այս շղթային վերջին օղակը։ Այս ծիրին մէջ յիշեցուած է Պելժիոյ վարչապետի Յունիս 18-ի յայտարարութիւնը, տարբեր կարծիքներ արտայայտած քաղաքական գործիչներուն ենթարկուած հակաժողովրդավարական գործադրութիւնները, արտայայտութեան ազատութեան, հիմնարար իրաւունքներու եւ ազատութիւններու անյարիր ընթացքը։ Այս բոլորէն վերջ Ներկայացուցիչներու ժողովին կողմէ երէկ ընդունուած որոշումով ստեղծուած է մտահոգիչ պատկեր մը, ինչ որ Պելժիոյ թրքական հաւաքականութեան կողմէ ընկալուած է ցաւով եւ հասած է երկկողմանի յարաբերութիւններուն վրայ խոր ազդեցութիւն գործելու հանգրուանին։
«Ներառեալ տնտեսական ճգնաժամը, Եւրոպա դէմ յանդիման կը գտնուի լուրջ մարտահրաւէրներու եւ այսպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ Ներկայացուցիչներու ժողովը իր քաղաքացիներուն բարեկեցութիւնը ապահովելու փոխարէն ժամանակը ներդրած է խնդրի մը վրայ, որ օտար է Թուրքիա-Պելժիա յարաբերութիւններու բնոյթին եւ որու վրայ համաձայնութիւն մը գոյութիւն չունի պատմական, իրաւական, ակադեմական կամ քաղաքական առումով», նշուած է նախարարութեան յայտարարութեան մէջ ու շեշ-տըւած է, թէ անհասկնալի է այսպիսի հարցի մը շուրջ Պելժիոյ դրօշակիր դառնալը։
Նոյն յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է նաեւ, թէ այս եւ նման որոշումները որեւէ ձեւով չեն նպաստեր թուրք-հայ համաձայնութեան։ «Սաստկութեամբ կը պախարակենք այս որոշումը, որ անարդարօրէն կ՚ամբաստանէ մեր պատմութիւնը ու չեղեալ կը համարէ պատմական ճշմարտութիւնները եւ թուրք ազգին յիշողութիւնը», նշուած է յայտարարութեան մէջ։
ԵՐԵՒԱՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ
Պելժիոյ խորհրդարանին կողմէ երէկ ընդունուած որոշման կապակցութեամբ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան։ Ան նշեց, թէ Հայաստան կ՚ողջունէ Պելժիոյ իշխանութիւններուն կողմէ ցեղասպանութեան աներկբայ ճանաչումը։ Նալպանտեան յիշեցուցած է, որ տակաւին տասնեօթ տարի առաջ Պելճիոյ ծերակոյտը յատուկ բանաձեւով մը ճանչցած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Պելժիոյ վարչապետը անցեալ Յուլիսի 18-ին վերահաստատած էր կառավարութեան այդ միանշանակ դիրքորոշումը։ Իսկ Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ ընդուն-ւած բանաձեւը կու գայ ամբողջացնել Պելժիոյ կողմէ ճանաչման գործընթացը։