ԱՌ ՔՐԻՍՏՈՍ ՀԱՒԱՏԸ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցած եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան արձագանգները կը շարունակուին։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ձեռամբ եպիսկոպոսական օծում ստացած եկեղեցականները արդէն աստիճանաբար կը վերադառնան իրենց ծառայութեան վայրերը։ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Իրաքի թեմի առաջնորդ Տ. Օշական Եպսկ. Կիւլկիւլեան, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան տնօրէն ժողովի ատենապետ Տ. Թէոդորոս Եպսկ. Զաքարեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեան, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կալուածոց տեսուչ Տ. Կորիւն Եպսկ. Պաղտասարեան եւ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Տ. Առաքել Եպսկ. Դաւթեան այս օրերուն իրենց ձեռնադրութիւնով հոգեւոր ուրախութեան առիթ հանդիսացան հայ-քրիստոնեայ աշխարհասփիւռ հաւատացեալներուն տեսակէտէ։ Այս մթնոլորտին մէջ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ ձեռնադրութեան արարողութեան ընթացքին փոխանցուած պատգամն ալ ստացաւ բացառիկ նշանակութիւն։ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ.

«Բոլորիս հայցով ու աղօթքով եպիսկոպոսացեալ մեր եկեղեցականները երկնառաք շնորհներ ստացան՝ ըլլալու հոգեւոր տեսուչը հաւատացեալներու, մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ ուղղափառ վարդապետութեան եւ սրբազան աւանդութեան պահպանողն ու փոխանցողը, նախանձախնդիր՝ մեր ժողովուրդի աստուածսիրութեան ու հաւատքի զօրացման։ Իր ծառայութեան մէջ եպիսկոպոսը կոչուած է նմանելու Քրիստոսին եւ իր վրայ վերցնելու Տիրոջ քաղցր լուծը, իր հաւատաւոր կեանքով ու գործերով օրինակ ըլլալու հաւատացեալներուն։ «Նմանեցէ՛ք ինձ, ինչպէս որ ես՝ Քրիստոսին», կը պատուիրէ Սուրբ Պօղոս առաքեալը։ Տիրոջ նմանելու կոչն ու ձգտումը եկեղեցւոյ սպասաւորներու համար ակունք են զօրութեան՝ մշտարթուն քաջ հովիւ ըլլալու, հաւատացեալները Քրիստոսով փրկութեան առաջնորդելու։ Այսպիսի յանձնառութեամբ սպասաւորութիւն կը յորդորէ առաքեալը՝ ըսելով. «Արածեցէ՛ք Աստուծոյ այն հօտը, որ ձեզի յանձնուած է» (Ա ՊԵՏ. 5.2)»։ Վեհափառ Հայրապետը պատգամին մէջ նշեց, որ այս գիտակցութեամբ զօրացեալ պատմութեան ընթացքին եպիսկոպոսներու քաջեռանդ առաջնորդութեամբ հայրենիքի եւ սփիւռքի զանազան համայնքներէն ներս զօրացած է հայոց հոգեւոր կեանքը, զարգացած մշակոյթն ու դպրութիւնը, անխաթար պահպանուած ազգային ինքնութիւնը։ Ան հաստատեց, որ այսօր ալ Հայ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասը, իրեն յանձնուած հօտի նկատմամբ պատասխանատուութեամբ, անյոգնաբեկ ջանքեր կը գործադրէ, որպէսզի հայ ժողովուրդը հաւատարիմ մնայ հայրերու սուրբ հաւատքին եւ իր կեանքը խարսխէ քրիստոնէական արժէքներու վրայ։ Ան շարունակեց.

«Ներկայիս, երբ Արցախի հայաթափման հետեւանքով մեր ազգը կը գտնուի լուրջ հիմնախնդիրներու դէմ յանդիման, մեր Եկեղեցին, մեր սրբազան հայրերը, հոգեւոր սպասաւորները կանգնած են լուրջ պատասխանատուութեան առջեւ՝ նախանձախնդրութեամբ իրենց կարեւոր նպաստը բերելու Արցախէն բռնի տեղահանեալներուն մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու աշխատանքներուն, մխիթարելու ցաւի եւ նեղութիւններու մատնուած մեր քոյրերն ու եղբայրները»։ Այնուհետեւ խօսքը ուղղելով նորաօծ եպիսկոպոսներուն՝ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը մաղթեց, որ անոնք ամրանան Սուրբ Հոգւոյ առատաբուխ շնորհներով, երանելի սուրբ հայրերու նմանութեամբ պատրաստ ըլլան վերցնելու իրենց խաչը եւ հետեւելու մեր Տիրոջ։ Նորին Սրբութիւնը մաղթեց, որ նորաօծ սրբազաններու ծառայութիւնը զարդարուի բարի իրագործումներով՝ ի փառս Աստուծոյ, ի սէր ազգի եւ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ։

Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Մեր յորդորն ու պատգամն է, որ հաստատուն պահէք ձեր ուխտը, ծառայէք եւ գործէք մեր Տիրոջ ու Փրկչի՝ Յիսուս Քրիստոսի օրինակով, որպէսզի ձեր սպասաւորութեամբ Քրիստոսի սէրը զօրանայ հայոց կեանքէն ներս եւ միասիրտ ու միակամ ըլլայ մեր ժողովուրդը։ Մեր նախնեաց պէս արթուն պահապանը եղէք հոգեւոր ու ազգային մեր արժէքներու եւ սրբութիւններու։ Առաջնորդեցէք մեր ժողովուրդը աստուածապատուէր շաւիղներով հայրենիքի լուսաւոր ու ապահով գալիքը կերտելու տեսլականով։ Հայրենեաց համար այս բարդ շրջանին, երբ մեր ժողովուրդն ու պետութիւնը կ՚անցնին ծանր փորձութիւններու մէջէն, շարունակեցէք ձեր բարի ջանքերը՝ մեր ժողովուրդի զաւակները քաջալերելու եւ գօտեպնդելու, ազգի կարողութիւններն ու հնարաւորութիւնները նպատակաուղղելու հայրենիքի հիմնախնդիրներու յաղթահարման, սփոփելու եւ ըստ ամենայնի սատարելու Արցախէն բռնագաղթեալ մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն։ Այսպիսի յանձնառութիւններու եւ ծառայութիւններու մէջ պիտի դրսեւորուին առ Քրիստոս մեր հաւատն ու հայրենասիրութիւնը»։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2023